111 ՏԱՐԵԿԱՆԻՆ ՄԱՀԱՑԱՒ

Պելժիոյ մէջ ամենածեր կինը մահացած է 111 տարեկան հասակին։ Այսպէս, 111 տարեկանին մահացած է Պելժիոյ ամենածեր քաղաքացի Մարիէթ Պուվեռն:

Ան իր աչքերը կեանքին փակած է Կենթենի տարեցներու տան մէջ։ Այս հաստատութիւնը կը ղեկավարէ l՚ASBL Le Foyer կազմակերպութիւնը, որ այս մասին յայտարարած է Le Soir պարբերականին։ Ամէն տարի դեկտեմբերի 25-ին նշելով իր ծննդեան օրը՝ Մարիէթը կ՚ըսէր, որ այսքան տարի ապրիլն ու այսքան ծերանալը ընծայ մը չէ, պատմած են l՚ASBL Le Foyer կազմակերպութենէն:

Ան ամենատարեց պելժիացին դարձած է 2020 թուականի յունուարին Էլիզապէթ Փրոսթի մահէն յետոյ, որ գրեթէ 112 տարեկան էր: Մարիէթ Պուվեռն ծնած էր 1908 թուականին:

1932 թուականին ան ամուսնացած էր ձեռնարկատիրոջ մը հետ, իսկ ինք աւարտած էր քարտուղարական դասընթացները եւ, տիրապետելով անգլերէնի ու ֆրանսերէնի, երկար տարիներ աշխատած էր նօտարական գրասենեակի մէջ:

Մարիէթ Պուվեռնի ամուսինը մահացած էր 1960 թուականին, անոնք երեխաներ չէին ունեցած: Այժմ Պելժիոյ ամենածեր քաղաքացին կը համարուի Մարիա Եուլիա վան Հոլ, որ ծնած է 1909 թուականի մայիսի 7-ին։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 5, 2020