ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԳՐԵԹԷ ԿԱԶՄՈՒԱԾ

Հայաստանի մէջ օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութիւններու նոր վերնախաւի ձեւաւորման գործընթացը գրեթէ հասած է իր աւարտին։ Երէկ, Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ ընտրուեցաւ Յակոբ Արշակեան, որ նախորդ շրջանի կառավարութեան նախարարներէն մին էր։ Օր մը առաջ Ռուբէն Ռուբինեան ընտրուած էր Ազգային ժողովի առաջին փոխ-նախագահ, իսկ երէկ իշխանութեան կողմէ առաջադրուած Յակոբ Արշակեան ընտրուեցաւ փոխ-նախագահ։ Այսօր նորընտիր խորհրդարանի դիւանի ձեւաւորումը վերջնականօրէն կը հասնի իր աւարտին։ Այսպէս, կ՚ընտրուի խորհրդարանի վերջին փոխ-նախագահը՝ որ ընդդիմութեան կողմէ առաջադրուած պէտք է ըլլայ։ Այդ պաշտօնին կը կոչուի Հայ յեղափոխական դաշնակցութենէն Իշխան Սաղաթելեան։ Խորհրդարանի երկու ընդդիմադիր խմբակցութիւններուն առընթեր, իշխանական մեծամասնութիւնն ալ պատրաստակամութիւն յայտնած է սատար կանգնելու անոր թեկնածութեան։

Երէկուան դրութեամբ Հայաստանի նոր կառավարութեան բոլոր անդամներն ալ արդէն յայտնի դարձան, բացի արտաքին գործոց նախարարէն։ Այսպէս, երէկ Վահագն Խաչատրեան նշանակուեցաւ Բարձր փորձագիտութիւններու եւ արդիւնաբերութեան նախարար։ Նորանշանակ նախարարը Երեւանի քաղաքապետի պաշտօնը վարած էր անցեալի մէջ, առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի պաշտօնավարութեան տարիներուն։ Յաջորդող տարիներուն Վահագն Խաչատրեան եղած էր նաեւ երեսփոխան։

Մինչ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնը թափուր կը մնայ, երէկ հաղորդուեցաւ, որ Վահան Հունանեան նշանակուած է նախարարութեան մամուլի քարտուղար։

Հայաստանի նոր կառավարութիւնը կը բաղկանայ 12 նախարարներէ, որոնց 11-ը արդէն յայտնի է։ Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնը ներկայիս ժամանակաւոր պաշտօնակատարի կարգավիճակով յառաջ կը տարուի Արմէն Գրիգորեանի կողմէ, որ մինչեւ մօտաւոր անցեալը Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարն էր։ Ընտրութիւններէն վերջ լրատուամիջոցները շատ հաւանական կը համարէին անոր նշանակումը, սակայն առայժմ շօշափելի նորութիւն մը այս ուղղութեամբ չկայ։

Մինչ այդ, նորանշանակ նախարարները ծանօթացնելու ժամանակ Նիկոլ Փաշինեան երէկ կարեւոր պատգամներ տուաւ նոր կառավարութեան գործունէութեան ուղղութիւններուն եւ առաջնահերթութիւններուն շուրջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ըստ իրեն, նոր շրջանի կարեւոր ուղղութիւններէն մէկն է պետական պարտքի կառավարման հարցը։ «Մեր ճանապարհը մարդկային, ելմտական պաշարներու բարձրացումն է», ըսաւ վարչապետը, ըստ որու արդարադատութեան ոլորտէ ներս գործադիր իշխանութեան պատկերացումները պէտք է համապատասխանեն այն տեսլականին, զոր ունին երկրի քաղաքացիները։

Միւս կողմէ, Երեւանի աղբիւրները երէկ հաղորդեցին նաեւ, որ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն Ստեփան Մելքոնեան ազատուած է իր պաշտօնէն։ Նոր տնօրէնի նշանակման շուրջ առայժմ հաղորդումներ չկան։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 5, 2021