ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԹԵՀՐԱՆԻ ՄԷՋ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Թեհրան, ուր կը մասնակցի Իրանի նորընտիր նախագահ Իպրահիմ Ռաիսիի երդման արարողութեան։ Սա յուլիսի 20-ի արտահերթ ընտրութենէն վերջ Նիկոլ Փաշինեանի երկրորդ արտասահմանեան ուղեւորութիւնն է։ Մինչ այդ, ան Մոսկուա մեկնած էր՝ հիւրընկալուելով Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէ։

Այս առաւօտ Թեհրան ժամանելէ վերջ Նիկոլ Փաշինեան «Մեհրապատ» օդակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ պաշտօնական արարողութիւնով, նորընտիր նախագահ Ռաիսիի կողմէ։ Հանդիպման ընթացքին Ռաիսի նշեց, որ Իրան կը կարեւորէ բարեկամ Հայաստանի հետ քաղաքական, տնտեսական ոլորտներէ ներս յարաբերութիւններու զարգացումը։ Իր կարգին, Փաշինեանն ալ ընդգծեց հայկական կողմի պատրաստակամութիւնը համատեղ ջանքերով շարունակելու համար երկխօսութիւնը։ Ըստ վարչապետին, Իրանի հետ բազմակողմանի համագործակցութիւնը Հայաստանի համար ունի առաջնային նշանակութիւն։ Այդ գործակցութիւնը խարսխուած է փոխադարձ յարգանքի եւ ըմբռնումի վրայ։ Վարչապետը մատնանշեց երկու ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութիւնը եւ ըսաւ, որ պատմական եւ մշակութային սերտ առընչութիւնները հիմք կը հանդիսանան երկկողմանի համագործակցութիւնը առաւել զարգացնելու համար։ Երեւան պատրաստակամ է երկկողմանի համագործակցութեան օրակարգը առաւել հարստացնելու։ «Այն, որ այսօր ես այստեղ եմ, կը վկայէ Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ ամենաբարձր մակարդակով յարաբերութիւնները խորացնելու, համագործակցութիւնը ամրապնդելու մեր յանձնառութիւնը», յայտնեց վարչապետը։ Երկկողմանի կապերու ամրապնդման ամբողջին մէջ ան առանցքային համարեց իրանահայ համայնքի դերը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Իրանի կառավարութեան՝ անոր ազգային ինքնութեան պահպանման ուղղութեամբ անհրաժեշտ բոլոր հնարաւորութիւնները ապահոված ըլլալուն բերումով։

Փաշինեան եւ Ռաիսի քննարկեցին առեւտրատնտեսական կապերու ամրապնդման վերաբերեալ հարցերու լայն շրջանակ մը։ Նոյն ամբողջին մէջ անոնք համագործակցութիւնը զարգացնելու խթան համարեցին Մեղրիի ազատ տնտեսական գօտիի աշխոյժ գործունէութեան ապահովումն ու Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան հետ Իրանի ազատ առեւտուրի դրութեան կիրառման հնարաւորութիւնը։ Կողմերը առաջնային համարեցին տարածքաշրջանային կապուղիներու զարգացումը եւ նոյն ծիրին մէջ առանցքային նշանակութիւն վերագրեցին Պարսից ծոցէն դէպի Սեւ ծով փոխադրական կապի զարգացումը։

Նիկոլ Փաշինեան ողջունեց Իրանի կողմէ ցուցաբերուած հետաքրքրութիւնը Հիւսիս-Հարաւ մայրուղիի կառուցման ծրագրին նկատմամբ։ Հայաստանի կառավարութիւնը պատրաստակամ է քննարկել Իրանի շինարարական ընկերութիւններու մասնակցութիւնը վերոյիշեալ ծրագրին՝ Սիսիան-Մեղրի հատուածի համար յայտարարուելիք միջազգային մրցոյթին։

Փաշինեան եւ Ռաիսի անդրադարձան նաեւ ուժանիւթի ոլորտէ ներս համագործակցութեան զարգացման հաւանականութիւններուն։ Անոնք քննարկեցին Իրան-Հայաստան 400 քիլօվաթ հզօրութեամբ ելեկտրահաղորդման գծի շինարարութիւնը սկսելու ուղղութեամբ ձեռնարկուած քայլերու ընթացքը։ Կարեւորուեցաւ կազ-ելեկտրականութիւն փոխանակման ծրագրերու ժամկէտներուն երկարաձգումը, երկրորդ բարձրավոլթ գծի շինարարութենէն յետոյ այդ փոխանակման ծաւալներու մեծացումը։ Փաշինեան կարեւորեց տարածքաշրջանէ ներս խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման ուղղութեամբ Թեհրանի կողմէ գործադրուած ջանքերը։

Իր կարգին, Իպրահիմ Ռաիսի նշեց, որ իր երկրին համար առանցքային նշանակութիւն ունի տարածքաշրջանէ ներս խաղաղութեան պահպանումը։ Իրան եւս անհրաժեշտ կը համարէ բոլոր հարցերը երկխօսութեան միջոցաւ կարգաւորելը։

Փաշինեան Ռաիսին հրաւիրեց այցելել Երեւան, ինչ որ սիրով ընդունուեցաւ։

Միւս կողմէ, Փաշինեան կը շարունակէ աշխարհի զանազան երկիրներու ղեկավարներէն շնորհաւորականներ ստանալ՝ վարչապետ վերանշանակուելու կապակցութեամբ։ Այս ամբողջին մէջ ան շնորհաւորականներ ստացած է նաեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի եւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի կողմէ։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 5, 2021