ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՄԱՐ ԿԸ ԿԱՐԵՒՈՐԷ ՄԱԿ-Ի ՆԵՐԴՐՈՒՄԸ

ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի նոր՝ 76-րդ նստաշրջանի բացման ընդառաջ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը։ Այս առթիւ Մոսկուա մատնանշեց Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս իրավիճակի կարգաւորման կարեւորութիւնը։ Ռուսական դիւանագիտական գերատեսչութիւնը ՄԱԿ-ի նոր նստաշրջանի բացման ընդառաջ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի վերաբերեալ իր դիրքորոշման շուրջ հրապարակած յայտարարութեան մէջ նշեց հետեւեալը.

«Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս իրավիճակի կարգաւորման ջանքերու շրջանակին մէջ առաջնահերթութիւն է 9 նոյեմբեր 2020 թուականի եւ 11 յունուար 2021 թուականի եռակողմանի յայտարարութիւններու իրականացումը։ Օգտակար կը համարենք ՄԱԿ-ի գործակալութիւններու, մասնաւորապէս՝ ՄԱԿ-ի Փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակի ներգրաւումը ռուսական խաղաղապահ գործողութիւններու տեղի ունեցած գօտիէն ներս իրականացուող մարդասիրական աշխատանքներուն։ Անոնց հաւանական աշխատանքին չափորոշիչներու պէտք է համաձայնեցուին Պաքուի եւ Երեւանի հետ ուղիղ համակարգման միջոցաւ»։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 5, 2021