ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ ԲԱՆԱԳՆԱՑ ՄԱՅՔԸԼ ՌԱԹՆԻ ՄՈՍԿՈՒԱՅԷ ԵՒ ՌԻԱՏԷ ԵՏՔ ԿՐՆԱՅ ԹԵՀՐԱՆ ԱՅՑԵԼԵԼ

Ի­րան-Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ կո­րի­զա­յին հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը ան­խա­փան կեր­պով պի­տի ար­ժա­նա­նայ գոնկ­րէ­սի հա­մա­ձայ­նու­թեան: Ա­մե­րի­կա­ցի ծե­րա­կու­տա­կան­նե­րու մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը կողմ­նա­կից է, որ Ի­րա­նի հետ կնքուած հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը վա­ւե­րացուի: Ի­րա­վի­ճա­կը հե­զա­սահ նոր ըն­թացք մը պի­տի ստեղ­ծէ եւ ԱՄՆ-ի Նա­խա­գահ Պա­րաք Օ­պա­մա կա­րիք պի­տի չու­նե­նայ գոնկ­րէ­սին մէջ ծե­րա­կու­տա­կան­նե­րուն դէմ վե­թո­յի ի­րա­ւունք օգ­տա­գոր­ծե­լու: Այս հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը նաեւ դուռ պի­տի բա­նայ, որ Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ ա­ւե­լի մօ­տէն հե­տե­ւի Սու­րիա­կան տագ­նա­պի զար­գա­ցում­նե­րուն: Վեր­ջին ա­միս­նե­րուն բա­ցա­յայտ կեր­պով Սու­րիոյ մա­սին ըն­թա­ցող բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը «կեդ­րո­ն» Ո­ւա­շինկ­թը­նէն տա­րուած էին «ծայ­րա­գա­ւա­ռ» Իս­թան­պուլ ու Ռիատ:

Ռիա­տի գոր­ծադ­րած ճի­գե­րը բա­խե­ցան Մոս­կուա­յի մեր­ժում­նե­րուն ու Սու­րիոյ Նա­խա­գահ Պե­շար Է­սա­տի իշ­խա­նու­թե­նէն հե­ռա­նա­լու Սէու­տա­կան Ա­րա­բիոյ հա­մար ա­ռաջ­նա­հերթ ա­ռա­ջար­կը տեղ չու­նե­ցաւ Քրեմ­լի­նի պա­տե­րու ե­տին: Մէկ կող­մէն Ռիատ եւ Ան­գա­րա, իսկ միւս կող­մէն Մոս­կուա եւ Թեհ­րան մնա­ցին ան­զի­ջող ի­րենց դիր­քե­րուն մէջ: Սու­րիա­կան խնդի­րը յատ­կա­պէս Ռիա­տի եւ Ան­գա­րա­յի հա­մար փո­խադ­րուե­ցաւ երկ­րորդ փլան՝ տրուած ըլ­լա­լով, որ ա­նոնք ու­նին կողմ­նա­կի հար­ցեր, ո­րոնց վճռու­մը շատ ա­ւե­լի ա­ռաջ­նա­կարգ դիրք կը գրա­ւէ քան Սու­րիոյ տագ­նա­պին շուրջ ըն­թա­ցող բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը: Մինչ Եէ­մէ­նի մէջ Ռիատ ա­մէն գնով կը փոր­ձէ շիի հու­սի­նե­րը հա­րուա­ծե­լով միա­ւոր­ներ շա­հիլ, ան­դին Ան­գա­րա կը փոր­ձէ կար­գա­ւո­րել իր ներ­քին հար­ցե­րը եւ պատ­րաս­տուիլ ար­տա­հերթ ընտ­րու­թիւն­նե­րու:

Սու­րիա­կան զի­նուո­րա­կան գետ­նի վրայ ար­տա­կարգ նո­րու­թիւն­ներ չկան: Հեր­թա­կան դար­ձած ճա­կա­տում­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին եւ Սու­րիոյ ազ­գա­յին բա­նա­կին ու «Հիզ­պուլ­լահ»ի կող­մէ գրա­ւուած շրջան­նե­րուն դի­մաց ընդ­դի­մու­թեան տար­բեր հա­տուած­ներ կը փոր­ձեն օ­ղա­կը սեղ­մել Հա­լէ­պի ծայ­րա­մա­սա­յին հա­տուած­նե­րուն մէջ գտնուող շիի բնակ­չու­թիւն ու­նե­ցող շրջան­նե­րուն դէմ: Անց­նող օ­րե­րուն միակ նոր զար­գա­ցու­մը կա­րե­լի է հա­մա­րել Սու­րիոյ Նա­խա­գահ Պե­շար Է­սա­տի ծննդա­վայ­րին մօտ ե­ղող Լա­թա­քիոյ քա­ղա­քին մէջ գրան­ցուած ա­կա­նուած ինք­նա­շար­ժի մը պայ­թու­մը, ո­րուն հե­տե­ւան­քով տա­սը ան­ձեր զո­հուե­ցան: Ընդ­դի­մա­դիր տար­բեր ջո­կատ­ներ այս­պի­սի ա­րարք­նե­րով կը փոր­ձեն իշ­խա­նու­թիւ­նը «հա­մո­զե­լ», որ ի­րենք յա­ջո­ղած են «թա­փան­ցե­լ» իշ­խա­նու­թեան «ա­պա­հո­վ» հա­մա­րուած կէ­տե­րէն ներս: Բայց այս ա­րար­քը մեծ նշա­նա­կու­թիւն մը չու­նի, ո­րով­հե­տեւ եր­կու կող­մե­րէն ալ հնչող ծանր սպառ­նա­լիք­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն մնալ խօս­քի սահ­ման­նե­րուն ներ­քեւ:

Սու­րիոյ մէջ այ­սօր առ­կայ են խա­ղի կա­նոն­ներ եւ նոյ­նիսկ «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» (ISIS) այդ խա­ղի կա­նոն­նե­րուն կ՚են­թար­կուի: Այս մօ­տե­ցու­մը ա­ւե­լիով ամ­րագ­րուե­ցաւ յատ­կա­պէս վեր­ջին մէկ տա­րուան ըն­թաց­քին ու ե­րե­ւե­լի է, որ ո՛չ միայն ընդ­դի­մա­դիր ու­ժեր, այլ նաեւ Սու­րիոյ ազ­գա­յին բա­նա­կը ամ­բող­ջա­կան կա­նաչ լոյս չու­նին ցնցիչ եւ նոր ի­րա­վի­ճակ ստեղ­ծող նուա­ճում­ներ ի­րա­գոր­ծե­լու:

Վե­րա­դառ­նա­լով քա­ղա­քա­կան գոր­ծըն­թաց­նե­րուն, լսե­լի կը դառ­նար բա­ւա­կան եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր լռու­թեան մատ­նուած Սու­րիոյ հար­ցե­րով ՄԱԿ-ի յա­տուկ պա­տուի­րակ Սթե­ֆան Տե­միս­թու­րա­յի ձայ­նը: Ան Ի­րան­ի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու Հիւ­սէ­յին Ա­միր Ապ­տըլ Լա­հեա­նի հետ հան­դի­պե­լով բնա­կա­նա­բար պի­տի ներ­կա­յաց­նէր Սու­րիոյ տագ­նա­պի հան­գու­ցա­լուծ­ման իր նոր ա­ռա­ջար­կը: Սու­րիոյ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ո­րոշ վրդով­մունք ար­տա­յայ­տած էին ՄԱԿ-ի աշ­խա­տա­կ­­ցի ընդ­հա­նուր գոր­ծե­լաո­ճին ա­ռըն­թեր, ը­սե­լով, որ ա­նոր մօ­տե­ցում­նե­րը ար­դա­րա­ցի չեն ու կողմ­նա­կա­լա­կան են: Եւ այդ պատ­ճա­ռով, է որ Տե­միս­թու­րա կը նա­խընտ­րէր Դա­մաս­կոս ժա­մա­նե­լէ ա­ռաջ Պէյ­րու­թի մէջ հան­դի­պում ու­նե­նալ ի­րան­ցի գոր­ծի­չին հետ: Ա­րա­բա­կան տար­բեր աղ­բիւր­ներ գրած են Տե­միս­թու­րա­յի սու­րիա­կան տագ­նա­պի լուծ­ման հա­մար պատ­րաս­տուած նոր ծրագ­րին մա­սին: Ա­նոնք կը նշեն, որ այդ ծրա­գի­րը պի­տի քննար­կուի Ժը­նե­ւի մէջ տե­ղի ու­նե­նա­լիք հա­մա­ժո­ղո­վի մը ըն­թաց­քին, որ պի­տի կրէ «Ժը­նեւ 3» խո­րա­գի­րը: Ըստ այդ աղ­բիւր­նե­րուն, Տե­միս­թու­րա ա­ռա­ջա­ր­կած է Սու­րիոյ նա­խա­գա­հը պա­հել իր պաշ­տօ­նին վրայ, սա­կայն նուա­զեց­նել ա­նոր իշ­խա­նա­զօ­րու­թիւն­նե­րը: Բա­ցի ան­կէ կազ­մել Սու­րիոյ ընդ­դի­մա­դիր (ոչ-ծայ­րա­յե­ղա­կան) եւ իշ­խա­նա­կան շրջա­նակ­նե­րէ կազ­մուած հա­րիւր քսան հո­գի­նոց մար­մին մը, պայ­մա­նաւ, որ այդ մարմ­նին ան­դամ­նե­րը ի­րենց գոր­ծու­նէու­թեան ըն­թաց­քին ոչ մէկ պաշ­տօն ստանձ­նեն եւ ա­նոնց հիմ­նա­կան պար­տա­կա­նու­թիւ­նը ըլ­լայ ՄԱԿ-ի հո­վա­նին վա­յե­լող նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րու կա­զմա­կեր­պու­մը:

Այս կէ­տե­րուն մա­սին պաշ­տօ­նա­կան Դա­մաս­կո­սի պա­տաս­խա­նը դեռ պարզ չէ: Դի­ւա­նա­գի­տա­կան շրջա­նակ­ներ կը խօ­սին նաեւ, որ Ի­րան եւս Սու­րիոյ հար­ցով նա­խա­ձեռ­նու­թիւն մը պի­տի ներ­կա­յաց­նէ:

Այս մթնո­լոր­տին մէջ ա­մե­նէն հիմ­նա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւ­նը Սու­րիոյ հար­ցե­րով նո­րան­շա­նակ ա­մե­րի­կա­ցի պա­տաս­խա­նա­տուին նախ Մոս­կուա ու ա­պա Ռիատ կա­տա­րած այ­ցե­լու­թիւն­ներն են: Ա­մե­րի­կա­ցի յա­տուկ բա­նագ­նաց Մայ­քըլ Ռաթ­նի Մոս­կուա­յի մէջ Սէր­կէյ Լաւ­րո­վի ու ա­պա Ռիա­տի մէջ Ա­տէլ Ալ Ժու­պայ­րի հետ հան­դի­պե­լէ ետք բնա­կա­նա­բար կը սպա­սէ ի­րան­ցի­նե­րու Տե­միս­թու­րա­յի հետ ու­նե­ցած շփում­նե­րու ար­դիւնք­նե­րուն: Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու կող­մէ ցու­ցա­բե­րուած այս աշ­խու­ժու­թիւ­նը վեր­ջին ա­միս­նե­րուն կա­րե­ւոր նո­րու­թիւն մըն է: Այդ կը նշա­նա­կէ, որ ա­մե­րի­կա­ցիք Ի­րա­նի հետ «լե­զու գտնե­լէ» ետք Սու­րիոյ հար­ցով հե­տա­մուտ են առ­նուազն լու­ծում­նե­րու մա­սին բարձ­րա­ձայն խօ­սիլ: Ա­նոնք նաեւ լա­ւա­պէս յա­ռաջ կը մղեն Քրեմ­լի­նի ամ­պիո­նը եւ ի­րենց փա­փաք­նե­րը լսե­լի կը դարձ­նեն ռուս պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րու բեր­նով:

Ա­մե­րի­կա­ցիք հա­մա­ձայն են, որ Սու­րիոյ նա­խա­գա­հը իր պաշ­տօ­նին վրայ շա­րու­նա­կէ մնալ այն­քան ա­տեն, երբ միւս բո­լոր կող­մե­րուն մէջ վստա­հե­լի եւ ներշն­չող ու­ժեր չկան: Իսկ այս կե­ցուած­քը ե­թէ ա­մեր­իկա­ցի­նե­րու բեր­նէն հնչէ, ա­պա կրնայ ամ­բող­ջո­վին կա­թուա­ծա­հար ը­նել ա­ռանց ա­նոր ալ ոչ շատ ա­ռողջ Ռիատ-Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը:

Սու­րիոյ խնդրին վե­րա­բե­րեալ ըն­թա­ցող բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը կրնան նոր հանգ­րուան մը բա­նալ, սա­կայն այդ մա­սին տա­կա­ւին կա­նուխ է խօ­սիլ:

Մէկ բան յստակ է, որ Ո­ւա­շինկ­թըն-Մոս­կուա «թէժ գի­ծ­»ը սկսած է բա­նիլ եւ այդ շրծա­գ­­ծին մէջ պէտք է տե­ղա­ւո­րել Մայ­քըլ Ռաթ­նիի ե­րե­ւու­մը ու ա­նոր ցարդ կա­տա­րած ա­րագ շփում­նե­րը:

Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ մբռ­­նած է, որ Սու­րիոյ խնդրով իր «սառ­նու­թիւ­ն­»ը անհ­նար է եր­կա­րաձ­գել, տրուած ըլ­լա­լով, որ տա­րած­քաշր­ջա­նին մէջ սու­րիա­կան «հի­ւան­դու­թեա­ն» տա­րա­ծու­մը սա­րե­րու ե­տին չէ:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ե­րե­ւան

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 5, 2015