ԶԳԱՅԱՑՈՒՆՑ ԶԵԿՈՅՑ

ՄԱԿ-ի Բնակ­չու­թեան հիմ­նար­կի կան­խա­տե­սում­նե­րով, 2100 թուա­կա­նին Հա­յաս­տա­նի բնակ­չու­թեան թի­ւը պի­տի նուա­զի այ­սօ­րուան բնակ­չու­թեան կէ­սին չափ։ «Ա­զա­տու­թիւն» ռա­տիօ­կա­յա­նի հա­ղոր­դում­նե­րով, այս ե­րե­ւոյ­թի հիմ­նա­կան պատ­ճառ­նե­րու շար­քին ա­ռանձ­նա­ց-ւած են ցած կեն­սա­մա­կար­դա­կով պայ­մա­նա­ւո­րուած ծնե­լիու­թեան ան­կումն ու ար­տա­գաղ­թը։

ՄԱԿ-ի Բնակ­չու­թեան հիմ­նար­կի Հա­յաս­տա­նի գրա­սե­նեա­կի գոր­ծա­դիր ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Գա­րիկ Հայ­րա­պե­տեա­նի կող­մէ մատ­նան­շուած տուեալ­նե­րով, 2100 թուա­կա­նին Հա­յաս­տա­նի մէջ պի­տի ապ­րի շուրջ 1.8 մի­լիոն հո­գի։ ՄԱԿ-ի հա­մա­պա­տաս­խան զե­կոյ­ցին մէջ մատ­նանշուած է, որ ուղ­ղա­կի պէտք է հասկ­նալ ի­րա­վի­ճա­կի լրջու­թիւ­նը ու փոր­ձել հնա­րա­ւո­րինս ար­դիւ­նա­ւէտ ու ժա­մա­նա­կին լու­ծում­ներ գտնել, որ­պէս­զի փորձ կա­տա­րուի փո­խել առ­կայ թա­փը։

Ներ­կա­յիս Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան մօտ կը քննար­կուի ժո­ղովր­դագ­րա­կան նոր գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու ե­ռա­մեայ ծրա­գիր մը։ Բայց եւ այն­պէս, մաս­նա­գէտ­նե­րը ո­րոշ վե­րա­պա­հու­թեամբ, նոյ­նիսկ յո­ռե­տե­սու­թեամբ կը մօ­տե­նան նման նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րու հան­դէպ։ Ար­դա­րեւ, այդ­պի­սի պաշ­տօ­նա­կան փաս­տա­թուղ­թե­րը ի­րա­կա­նու­թիւն կը դառ­նան շատ դան­դաղ եւ այն­տեղ յա­ռաջ քշուած նպա­տակ­ներն ալ միշտ չէ որ կ՚ըլ­լան դի­պուկ։

Նոյն աղ­բիւր­նե­րը կը մէջ­բե­րեն ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րու ար­դիւն­քով պար­զուած տուեալ­ներ, ըստ ո­րոնց, ծնե­լիու­թիւ­նը խթա­նե­լու հա­մար բա­ւա­րար չէ միայն ելմ­տա­կան ա­ջակ­ցու­թիւն տրա­մադ­րել ըն­տա­նիք­նե­րուն։ Անհրա­ժեշտ է նաեւ լու­ծել ման­կա­պար­տէզ­նե­րու եւ գոր­ծա-զըրկու­թեան հար­ցը։ «Ո­րով­հե­տեւ մենք այ­սօր կ՚ապ­րինք աշ­խար­հի մը մէջ, ուր ըն­տա­նի­քի մէկ աշ­խա­տո­ղը չի կրնար բա­րե­կե­ցիկ կեանք մը ա­պա­հո­վել իր ըն­տա­նի­քին հա­մար, պէտք է ըլ­լայ երկ­րոր­դը, իսկ որ­պէս­զի եր­րոր­դը ըլ­լայ, ե­րա­խան պէտք չէ խո­չըն­դոտ հան­դի­սա­նայ այդ ըն­տա­նի­քի բա­րե­կե­ցու­թեան ա­պա­հով­ման հա­մար», ընդգ­ծեց Հայ­րա­պե­տեան։ Ժո­ղովր­դագ­րա­գէտ Ռու­բէն Ե­գա­նեան վստահ է՝ քա­ղա­քա­կան եւ ըն­կե­րատն­տե­սա­կան հա­մա­կար­գե­րու ա­ռող­ջա­ցումն է, որ պի­տի փրկէ ի­րա­վի­ճա­կը եւ պի­տի մեղ­մաց­նէ յո­ռե­տես կան­խա­տե­սում­նե­րը։ Ըստ մաս­նա­գէ­տին, քա­ղա­քա­ցին պէտք է յոյս ու­նե­նայ երկ­րի ա­պա­գա­յէն, նաեւ ար­դա­րու­թեան զգա­ցում։ «Այ­սօ­րուան հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րը ցոյց կու տան, որ հայ մար­դը ցան­կու­թիւն­նե­րու, պատ­կե­րա­ցում­նե­րու մա­կար­դա­կին վրայ կը ձգտի եր­կու-ե­րեք ե­րա­խայ ու­նե­նալ, բայց ի­րա­կա­նաց­ման մա­կար­դա­կին ինք ար­դէն ստի­պուած կ՚ըլ­լայ ի­ջեց­նել այդ թի­ւը», նշեց Ե­գա­նեան։

Բա­ցի ծնե­լիու­թեան ցած մա­կար­դա­կէն, ըստ Ե­գա­նեա­նի, Հա­յաս­տա­նի մէջ ար­տա­գաղ­թը կը շա­րու­նա­կէ մնալ լրջա­գոյն խնդիր։ Ան վստահ է՝ հիմ­նա­կան պատ­ճա­ռը ոչ թէ աշ­խա­տա­տե­ղի­նե­րու բա­ցա­կա­յու­թիւնն է, այլ նուազ աշ­խա­տա­վար­ձը։ Ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րը ցոյց կու տան, որ Հա­յաս­տա­նէն հե­ռա­ցած ձեռ­նե­րէց­նե­րը ար­տա­սահ­մա­նի մէջ, որ­պէս կա­նոն, կը կա­րո­ղա­նան յա­ջո­ղու­թեան հաս­նիլ, մինչ­դեռ սե­փա­կան հայ­րե­նի­քին մէջ գոր­ծա­րա­րու­թիւն զար­գաց­նե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւն կ՚ու­նե­նան սա­կա­ւա­թիւ­ներ։ «Այ­սօ­րուան դրու­թեամբ ստեղ­ծուած մե­նաշ­նոր­հա­յին տնտե­սու­թեան պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ փոքր ու մի­ջին գոր­ծա­րա­րու­թեան բա­րե­կե­ցիկ կեան­քի հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներ չկան։ Այդ աշ­խոյժ մար­դիկ Հա­յաս­տա­նի մէջ կը մնա­յին, ե­թէ այդ­պի­սի հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներ գո­յու­թիւն ու­նե­նա­յին։ Ա­նոնք բան մը պի­տի ստեղ­ծէին թէ՛ ինք­զինք­նին ա­պա­հո­վե­լով եւ թէ մէկ-եր­կու հո­գիի հա­մար աշ­խա­տա­տե­ղի ստեղ­ծե­լով։ Այ­սօր այս աշ­խոյժ զան­գուա­ծը շա­րու­նա­կա­բար կ՚ար­տա­գաղ­թէ։ Ե­թէ տնտե­սա­կան հա­մա­կար­գէն ներս չըլ­լան էա­կան փո­փո­խու­թիւն­ներ, ա­պա դժուար է ո­րե­ւէ ակն­կա­լու­թիւն ու­նե­նալ», հա­մո­զուած է ժո­ղովր­դագ­րա­գէտ Ռու­բէն Ե­գա­նեան։

Ըստ ՄԱԿ-ի վե­րո­յի­շեալ զե­կոյ­ցի կան­խա­տե­սում­նե­րուն, յա­ռա­ջի­կայ տա­րի­նե­րուն բնակ­չու­թեան թի­ւը պի­տի նուա­զի ամ­բողջ աշ­խար­հի մէջ։ Այժ­մու կան­խա­տե­սում­նե­րով՝ 2100 թուա­կա­նին Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ պի­տի ապ­րի մօ­տա­ւո­րա­պէս 9.5 մի­լիոն մարդ, Ի­րա­նի բնակ­չու­թիւ­նը պի­տի կազ­մէ շուրջ 64 մի­լիոն հո­գի, Թուր­քիա­յի­նը՝ 87 մի­լիոն։ Վրաս­տա­նի բնակ­չու­թեան թի­ւը կ՚են­թադ­րուի որ­պէս 3.5 մի­լիոն հո­գի։ Իր տա­րած­քաշր­ջա­նէն ներս այս ա­ռու­մով ա­մե­նամ­ռայլ պատ­կե­րը կը պար­զէ Հա­յաս­տան, ուր ներ­կայ դա­րու վեր­ջա­ւո­րու­թեան բնակ­չու­թիւ­նը 2 մի­լիո­նէ ա­ւե­լի պա­կաս պի­տի ըլ­լայ։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 5, 2015