Հալէպի Հայկական Վարժարանները Սեպտեմբերի 15-ին Պիտի Սկսին 2015-2016 Ուսումնական Տարեշրջանին

Բե­րիոյ Հա­յոց Թե­մի Ազ­գա­յին վար­չու­թիւ­նը կը յայ­տա­րա­րէ, որ Բե­րիոյ Հա­յոց Թե­մի ազ­գա­յին վար­ժա­րան­նե­րը, հա­մա­ձայն կրթու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան հա­մա­պա­տաս­խան ո­րո­շում­նե­րուն, 2015-2016 ու­սում­նա­կան տա­րեշր­ջա­նին պի­տի սկսին Սեպ­տեմ­բե­րի 15-ին:

Հա­լէ­պի ազ­գա­յին վար­ժա­րան­նե­րը պի­տի գոր­ծեն հե­տե­ւեալ ձե­ւա­չա­փով. մէկ ազ­գա­յին ման­կա­պար­տէզ, եր­կու նա­խակր­թա­րան՝Ազ­գա­յին Հայ­կա­զեան-Կ­­իւլ­պէն­կեան եւ Ազ­գա­յին Սա­հա­կեան-Զ­­ա­ւա­րեան, մէկ միջ­նա­կարգ վար­ժա­րան՝ Ազ­գա­յին Քա­րէն Եփ­փէ ճե­մա­րան:

Հա­լէ­պի մէջ ստեղ­ծուած ի­րա­վի­ճա­կի պատ­ճա­ռով վար­ժա­րան­նե­րը պի­տի գոր­ծեն ազ­գա­յին Կիւլ­պէն­կեան շէն­քին մէջ:

Միւս կող­մէ, ար­դէն մէկ շա­բա­թէ ի վեր Հա­լէ­պի տա­րած­քին ե­լեկտ­րա­կա­նու­թիւ­նը ան­ջա­տուած է, սա­կայն հա­լէպ­ցի­նե­րը կ՚օգ­տուին ե­լեկտ­րա­ծին սար­քե­րէ: Ջու­րի ըն­կե­րու­թեան կող­մէ ջրա­մա­տա­կա­րա­րու­մը քա­նի մը օ­րէ դադ­րած է, ջրա­մա­տա­կա­րու­մը կը կա­տա­րուի հեր­թա­կա­նու­թեամբ տար­բեր շրջան­նե­րու մէջ: Տագ­նապ­նե­րու շար­քին կը նշուի նաեւ պեն­զի­նի հար­ցը, ո­րուն գի­նե­րը ար­դէն բարձ­րա­ցած են: Զա­նա­զան պեն­զի­նի կա­յան­նե­րու դի­մաց կա­րե­լի է տես­նել ինք­նա­շարժ­նե­րու եր­կար հեր­թեր: Տե­ւա­կան կեն­ցա­ղա­յին ճգնա­ժա­մը կը շա­րու­նա­կուի:

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 5, 2015