Հայ Գրքարուեստի Աւանդոյթները Պիտի Ներկայացուին ԱՄՆ-Ի Գոնկրէսի Գրադարանի Փառատօնին Ընթացքին

Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու գոնկ­րէ­սի գրա­դա­րա­նի հայ­կա­կան բաժ­նի ղե­կա­վար Լե­ւոն Աւ­տո­յեան կը ներ­կա­յաց­նէ հայ գրքա­րուես­տի ա­ւան­դոյթ­նե­րը գրա­դա­րա­նի փա­ռա­տօ­նի ըն­թաց­քին: «Ար­մէնփ­րէս» կը տե­ղե­կանց­նէ վկա­յա­կո­չե­լով Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու գոնկ­րէ­սի գրա­դա­րա­նի պաշ­տօ­նա­կան կայ­քէ­ջը, Աւ­տո­յեան «Ճա­նա­չել զի­մաս­տու­թիւն եւ զխրատ» խո­րա­գրով դա­սա­խօ­սու­թիւ­ն մը պի­տի ներ­կա­յաց­նէ: Գոնկ­րէ­սի գրա­դա­րա­նը հայ գի­րե­րու գիւ­տի 500-ա­մեա­կը 2012 թուա­կա­նին նշած է «Ճա­նա­չել զի­մաս­տու­թիւն եւ զխրատ. Հայ գրքա­րուես­տի ա­ւան­դոյթ­նե­րը Գոնկ­րէ­սի գրա­դա­րա­նին մէջ» խո­րա­գի­րը կրող ցու­ցա­հան­դէ­սով: Ա­նի­կա ար­դէն հա­սա­նե­լի է կայ­քի թուա­յին գրա­խա­նու­թին մէջ:

1800-ին հիմ­նուած Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու գոնկ­րէ­սի գրա­դա­րա­նի Ափ­րի­կէի եւ Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի բաժ­նին մէջ կ՚ու­սում­նա­սի­րուին եօ­թա­նա­սու­նութ եր­կիր­ներ՝ սկսեալ Հա­րա­ւա­յին Ափ­րի­կէէն մին­չեւ Մաղ­րէպ, Կով­կա­սէն մին­չեւ Կենդ­րո­նա­կան Ա­սիա: Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի բաժ­նի հիմ­նա­կան մա­սը կը կազ­մեն հա­յա­լե­զու նիւ­թե­րը:

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 5, 2015