ՀՌՈՄԻ ՄԷՋ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՀԱՄԵՐԳ ՄԸ

«Քե­զի հետ Հա­յաս­տան» հա­մեր­գա­շա­րի ծրա­գի­րը այ­սօր կը շա­րու­նա­կուի Հռո­մի մէջ։ «Osservatore Romano» թեր­թին հա­ղոր­դում­նե­րով, այս ե­լոյ­թին ըն­թաց­քին հան­դէս կու գան ե­րի­տա­սարդ, բայց ար­դէն աշ­խար­հահռ­չակ ե­րա­ժիշտ­ներ։

Ան­ցեալ Մար­տին Ե­րու­սա­ղէ­մի մէջ սկսած է այս հա­մերգ­նե­րուն շար­քը եւ իս­կոյն լայն ար­ձա­գանգ գտած՝ ե­րաժշտա­կան աշ­խար­հէ ներս։ Այս շրջագ­ծով ցարդ մօտիկ հետաքրքրութեան արժանացած ձեռ­նարկ­ներ ի­րա­կա­նա­ցուած են Նիւ Եոր­քի, Լոն­տո­նի, Սէն Փե­թերս­պուր­կի եւ Պրիւք­սէ­լի մէջ։ Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թիւ­նը՝ «Ե­րե­ւա­նեան հե­ռան­կար­ներ» մի­ջազ­գա­յին ե­րաժշ­տու­թեան փա­ռա­տօ­նին մաս­նակ­ցու­թեամբ կը կազ­մա­կեր­պէ այս հա­մերգ­նե­րու շար­քը, որ յա­ռա­ջի­կայ Նո­յեմ­բե­րին Աւստրիոյ մայրաքաղաքը՝ Վիեն­նա­յի մէջ պի­տի հաս­նի իր ա­ւար­տին։

«Քեզի հետ Հայաստան» հա­մերգ­նե­րու շար­քին նպա­տակն է ան­ցեա­լի հետ հա­մե­րաշ­խու­թեան կա­մուրջ­նե­րու կա­ռու­ցու­մը։ Նա­խագ­ծին միա­ցած են նաեւ շարք մը աշ­խար­հահռ­չակ ե­րա­ժիշտ­ներ, ո­րոնք կը փա­փա­քին ի­րենց արուես­տը ծա­ռա­յեց­նել այն նպատ­ակին, որ ան­ցեա­լի մէջ տե­ղի ու­նե­ցա­ծը չկրկնուի այլ ո­րե­ւէ ժո­ղո­վուր­դի մը պա­րա­գա­յին, երկ­րա­գուն­դի ո­րե­ւէ վայ­րին մէջ։ 

Հարկ է նշել, որ Հռո­մի հա­մեր­գին ըն­թաց­քին Լա Սքա­լա թատ­րո­նի նուա­գա­խում­բը հան­դէս կու գայ հա­մաշ­խար­հա­յին մա­կար­դա­կի կրտսե­րա­գոյն խմբա­վար­նե­րէն մէ­կուն՝ Տա­նիէլ Հար­տին­կի ղե­կա­վա­րու­թեամբ։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 5, 2015