ՃԱԿԱՏԸ ՄԻՇՏ ԼԱՐՈՒԱԾ

Ար­ցա­խի ճա­կա­տին վրայ վեր­ջին օ­րե­րուն սաստ­կա­ցած է լա­րուա­ծու­թիւ­նը։ Օ­գոս­տո­սի 31-էն ի վեր Ատր­պէյ­ճա­նի զօր­քե­րը թա­փով կը խախ­տեն հրա­դա­դա­րը։ Հայ­կա­կան պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, որ ե­րեք զոհ ու­նե­ցած են վեր­ջին դէպ­քե­րուն հե­տե­ւան­քով։ Ատր­պէյ­ճա­նի կո­րուստ­նե­րուն թիւն ալ հա­սած է շուրջ եօթ կամ ու­թի։

Հա­յաս­տա­նի սահ­մա­նա­մերձ Տա­ւու­շի մար­զին մէջ ալ վեր­ջին օ­րե­րուն հինգ քա­ղա­քա­յին բնա­կիչ­ներ վի­րա­ւո­րուած էին ա­զէ­րի զօր­քե­րուն կող­մէ բա­ցուած կրա­կին պատ­ճա­ռով։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 5, 2015