ՄՏԱՀՈԳԻՉ ՎԻՃԱԿ
Կղզիներու վերաբերեալ հարցերը, ամառը արդէն իսկ անցած ըլլալով հանդերձ, միշտ կը շարունակէ զբաղեցնել հանրութեան հետաքրքրութիւնը։ Կղզիներու վերաբերեալ այլ եւ այլ հարցերու լուծում տալու նպատակով ստեղծուած է նոյնիսկ հարթակ մը, որու ներկայացուցիչները՝ ՃՀՓ-ի Իսթանպուլի երեսփոխան Սելինա Տողան, Պաքըրգիւղի քաղաքապետի օգնական Նուրհան Չեթինքայա եւ խախամապետարանի խորհրդական Եաշար Պիլտիրճի այցելեցին կուսակալ Վասիփ Շահինին։ Հանդիպման ներկայ գտնուեցան նաեւ քաղաքիս Ապահովութեան տնօրէն Մուսթաֆա Չալըքշան։
Զրոյցի ընթացքին յանուն հիւր պատուիրակութեան Սելինա Տողան յայտնեց, թէ մանաւանդ շաբաթավերջերուն տասնեակ հազարաւոր քաղաքացիներ կ՚այցելեն կղզիներ եւ անոնք, հակառակ անցեալի կարգադրութեան, բազմաթիւ նաւամատոյցներէ մուտք կը գործեն կզղի։ Այս հանգամանքն ալ կը ստեղծէ ապահովութեան լուրջ թերացում մը։ Տողան նշեց, թէ անշուշտ հնարաւոր չէ սահմանափակել քաղաքացիներուն Իսթանպուլի այս թաղամասը այցելելու ազատութիւնը, սակայն յատկապէս ոստիկաններու թիւին նուազ ըլլալը կը սեղծէ որոշ հարցեր։ Ըստ իրեն, փոխադրամիջոցներու կարելիութեանց սահմանափակ ըլլալուն հետեւանքով ալ բազմաթիւ անձեր կը գիշերեն մզկիթներու բակերը կամ փողոցները։
Տողան ընդգծեց նաեւ դժբախտ երեւոյթ մը։ Ան ըսաւ, թէ երիտասարդներու շրջապատէն ներս թմրեցուցիչներու վաճառքն ու օգտագործումը աւելցած է եւ կղզիներու բնակիչները մտահոգ են այս հարցին կապակցութեամբ։ Ընդգծելով, թէ գողութեան դէպքերն ալ բազմացած են, Սելինա Տողան նշեց. «Այս եւ այլ հարցերու վերաբերեալ կը ստանանք բազմաթիւ բողոքագրեր։ Կղզիները կը դադրին ըլլալէ վայր մը, ուր մարդիկ իրենց զաւակներով ապահովութեան մէջ կ՚անցընէին իրենց ամրան արձակուրդները։ Մարդիկ յատկապէս մտահոգ են իրենց զաւակներուն ապահովութեամբ։ Այս պատճառով տարիներէ ի վեր կղզիներու բնակիչ հանդիսացող քաղաքացիները ալ սկսած են փնտռելու ամառնային այլ վայրեր։ Կղզիներուն հանրային կառուցուածքը լուրջ սպառնալիքի մը դիմաց է։ Կը փափաքինք, որ ժամ առաջ ապահովութեան միջոցներու ձեռնարկուին»։
Կուսակալ Շահին ի պատասխան Տողանի խօսքերուն՝ յատնեց, թէ տեղեակ է կղզիները հետաքրքրող ապահովութեան հարցերուն։ Ան նշեց, թէ ապահովութեան ուժերու թուաքանակին շուրջ իրենք եւս ունին հարցեր։ Շահին խոստացաւ հետաքրքրուիլ այս նիւթով։ Ան ընդգծեց նաեւ, թէ տեղեակ է ելեկտրական հեծիկներու գործածութեան, առողջապահական նեղութիւններուն վերաբերեալ հարցերուն, որոնք սակայն քաղաքապետարանի պատասխանատուութեան տակ կ՚իյնան։