ԿԻՈՐԿԻ ՔՎԻՐԻՔԱՇՎԻԼԻ ԵՐԵՒԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ

Վրաս­տա­նի Վար­չա­պետ Կիոր­կի Քվի­րի­քաշ­վի­լի այ­սօր պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը կու տայ Ե­րե­ւան, ուր կը հիւ­րըն­կա­լուի ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ։ Ան կ՚ըն­դու­նուի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի եւ Հա­յաս­տա­նի Վար­չա­պետ Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեա­նի կող­մէ։ Հիւր վար­չա­պե­տը կ՚այ­ցե­լէ նաեւ Ծի­ծեռ­նա­կա­բերդ։

Քվիր­ի­քաշ­վի­լիի Ե­րե­ւան այ­ցե­լու­թեան ըն­դա­ռաջ հան­դի­պում մը տե­ղի ու­նե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի եւ Վրաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մի­խէ­յիլ Ճա­նե­լի­ծէի մի­ջեւ՝ ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին, երբ ա­նոնք Պրա­թիս­լա­ւա­յի մէջ մաս­նակ­ցե­ցան Եւ­րո­միու­թեան եւ ա­նոր Ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թեան մաս­նա­կից եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րու հան­դիպ­ման։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, եր­կու նա­խա­րար­նե­րը գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հաս­տա­տե­ցին հա­րե­ւան եր­կիր­նե­րու փո­խա­դարձ յանձ­նա­ռու­թիւ­նը՝ ա­ռա­ւել ամ­րապն­դե­լու հա­մար բա­րիդ­րա­ցիա­կան ա­ւան­դա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­ներն ու զա­նոնք խո­րաց­նե­լու հա­մար բազ­մա­կող­մա­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը։ Անդ­րա­դառ­նա­լով երկ­կող­մա­նի օ­րա­կար­գի շարք մը հար­ցե­րուն՝ նա­խա­րար­նե­րը աչ­քէ ան­ցու­ցին նաեւ Քվի­րի­քաշ­վի­լիի այ­սօ­րուան պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեան վեր­ջին նա­խա­պատ­րաս­տու­թիւն­նե­րը։ 

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 5, 2016