Ֆրանսահայ բժիշկներՈՒ բարեսիրական ԱՇԽԱՏԱՆՔԸ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ

Ֆրան­սա­հայ բժիշկ­նե­րու միու­թեան (UMAF) ան­դամ­նե­րը ա­ւե­լի քան հինգ հա­րիւր ե­րա­խայ հե­տա­զօ­տած են Հա­յաս­տանի Սիւ­նի­քի մար­զի տար­բեր գիւ­ղե­րու եւ Սի­սիան քա­ղա­քին մէջ, ԱԿ­ԲԱ- «Քրե­տի Ակ­րի­քոլ Պանք»ի ա­ջակ­ցու­թեամբ ի­րա­գոր­ծուող բա­րե­սի­րա­կան ծրագ­րի շրջա­նա­կին մէջ:

UMAF-ի բժիշկ­նե­րը ա­մէն տա­րի եր­կու ան­գամ՝ Մա­յի­սին եւ Օ­գոս­տո­սին, կ՚այցելեն Հա­յաս­տան: Մա­յի­սի այ­ցե­լու­թեան նպա­տա­կը գլխա­ւո­րա­բար փոր­ձա­ռու­թեան փո­խա­նա­կում է:

Ա­նոնք հա­մայնք­նե­րու դպրոց­նե­րու բժիշկ­նե­րուն հետ կը բաժ­նեն ե­րա­խա­նե­րու աչ­քե­րու հե­տա­զօտ­ման ի­րենց մե­թոտ­նե­րու գաղտ­նիք­նե­րը:

Օ­գոս­տո­սի այ­ցե­լու­թեան ժա­մա­նակ ֆրան­սա­հայ բժիշկ­նե­րը ի­րենց հետ Հա­յաս­տան տա­րած են մեծ թի­ւով ոսպ­նեակ­ներ, տար­րա­լու­ծա­կան եւ ակ­նա­բու­ժա­կան սար­քա­ւո­րում­ներ եւ տեղ­ւոյն վրայ ստու­գե­լով ե­րա­խա­նե­րու տե­սո­ղու­թիւ­նը՝ հարկ ե­ղած պա­րա­գա­յին պատ­րաս­տած եւ նուի­րած են ակ­նոց­ներ:

«Մենք ար­դէն տաս­նե­րեք տա­րիէ ի վեր կու գանք Հա­յաս­տան եւ մեր ներդ­րու­մը կ՚ու­նե­նանք մեր ե­րա­խա­նե­րու ա­ռող­ջու­թեան պահ­պա­նու­թեան գոր­ծին մէջ։ Ծրա­գի­րը փա­փա­քե­ցանք ի­րա­գոր­ծել գիւ­ղե­րուն մէջ, քա­նի որ հոն ա­ւե­լի կը զգա­ցուի բժիշկ­նե­րու եւ սար­քա­ւո­րում­նե­րու կա­րի­քը։ Հի­մա թէ՛ բժիշկ­նե­րը ե­կան, թէ՛ սար­քա­ւո­րու­մը բե­րինք՝ օգ­տուե­լով մեր ար­ձա­կուրդ­նե­րէն։ Այս տա­րի ԱԿ­ԲԱ-«Քրե­տի Ակ­րի­քոլ Պանք»ի ա­ջակ­ցու­թեամբ մեր խում­բի ութ բժիշկ­նե­րով ե­կանք Հա­յաս­տան՝ մե­զի հետ հոս բե­րե­լով մեծ քա­նա­կու­թեամբ սար­քա­ւո­րում­ներ», բացատ­րած է Հա­յաս­տան ժա­մա­նած Ֆրան­սա­հայ բժիշկ­նե­րու միու­թեան խում­բի ղե­կա­վար Լե­ւոն Ար­թի­նեան:

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 5, 2016