ԱՐՑԱԽԻ ՔԱՐԻՆ ՏԱԿ ԳԻՒՂԸ

Քարին տակ գիւղէն ոչ հեռու, դիմահայեաց լանջին, հերթական տարին է, որ կ՚աշխատին խումբ մը հնագէտներ: Անոնք արդէն հասցուցած են, առնուազն հնագիտական շրջանակներու մէջ, շրջանառութեան մէջ դնել նոր անուն՝ Քարին տակի քարանձաւը:  «Ընտրած ենք ա՛յս անունը, քանի որ արդէն կայ յաջող փորձը: Ազոխի քարանձաւը մեծ դեր կը խաղայ, որ Ազոխ գիւղը եւս հանրաճանաչ դառնայ: Այս պարագային ալ՝ որոշեցինք Քարին տակի անունը յաւերժացնել: Թէ՛ յարմար է, թէ՛ մեզի համար հոգեհարազատ», մանրամասներ կը պատմէ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Մոլեքիւլային կենսաբանութեան ուսումնարանի ցեղածննդական տարրալուծարանի վարիչ, կենսաբանական գիտութիւններու տոքթոր, Քարին տակի հնագիտական արշաւախումբի ղեկավար Լեւոն Եպիսկոպոսեան:

Քարանձաւը յայտնաբերուած է 2011-ին: 2014-15 թուականներուն այնտեղ իրականացուած են հետախուզական աշխատանքներ՝ Ազոխի արշաւախումբի անդամներու եւ հրաւիրուած արտասահմանցի մասնագէտներու մասնակցութեամբ: «Բայց ատոր հետ մէկտեղ պէտք է ըսել, որ թէ՛ 2014, թէ՛ 2015 թուականներուն մենք ունեցանք հետաքրքրական գտածոներ, որոնք յետագային ներկայացուած են բաւական լուրջ աշխատանքներու մէջ», կը վստահեցնէ Լեւոն Եպիսկոպոսեան:

Քարանձաւին մէջ մշակութային շերտը ունի 100 հազար տարուան պատմութիւն: 2015-ին այստեղ գտնուած գործիքը՝ ժամանակակից ճարտարագիտական միջոցներու կիրառումով՝ ուսումնասիրուած ու թուագրուած է, ունի 35 հազար տարուան հնութիւն: Ասիկա հիմք կու տայ արշաւախումբի ղեկավարին ակնկալիքներուն՝ այս քարանձաւին մէջ գտնելու վերին փալէոլիթին պատկանող ոսկրանիւթ. անիկա դեռ չէ գտնուած Հայաստանի տարածքին վրայ: Ասիկա նոր պեղավայրի առաջին գրաւիչ կողմն է: Քարանձաւի երկրորդ գրաւչութիւնը՝ անոր կայուն բնակլիմայական պայմաններն են: «Ձմրան ընթացքին այս քարանձաւին մէջ շուրջ 7-8 աստիճան տաքութիւն կայ, ամրան ընթացքին՝ 11-12: Ինչպէս կը տեսնէք՝ միջակայքը բաւական փոքր է: Իսկ երբ ջերմաստիճանի եւ խոնաւութեան տատանումներու միջակայքը փոքր է, հաւանականութիւնը մեծ է, որ ՏՆԹ-ն պահպանուած ըլլայ», լաւատեսութիւնը կը հիմնաւորէ Լեւոն Եպիսկոպոսեան: Ատով արդէն իսկ համոզուած են: 2015 թուականի պեղումներուն ընթացքին այստեղ ակռայ գտնուեցաւ: ՏՆԹ-ն պահպանուած էր: Ուսումնասիրած են քանի մը մակարդակով, արդիւնքները համեմատած: «Մենք կը պնդենք ու կը հաստատենք, հայ ժողովուրդի ծինի պատմութիւնը ունի առնւազն 8-10 հազար տարուան տեւողութիւն: Այդ ակռայէն գտնուած ՏՆԹ-ն ամբողջովին կը համընկնի հայու այսօրուան ՏՆԹ-ին», կը նշէ Քարին տակի հնագիտական արշաւախումբի ղեկավար Լեւոն Եպիսկոպոսեան:

«Աւելի պարզ բացատրութեամբ՝ եթէ Ազոխի քարանձաւը ապացոյցն էր, որ Ափրիկէէն դէպի հիւսիս մեծ տեղաշարժը նաեւ ներառած է Արցախի տարածքը, ուստի Քարին տակի քարանձաւի պեղումներէն արդէն եղած հետեւութիւնները կ՚ապացուցեն, որ հայերու նախնիները այս տարածքին վրայ հաստատուած են առնուազն 7-8 հազար տարի առաջ: Եւ ատիկա՝ միայն հայ գիտնականներու պնդումը չէ: Ատիկա միայն մենք չենք ըսեր: Թէ՛ պեղումները, թէ՛ գտնուած նիւթի յետագայ ուսումնասիրութիւնը կատարած ենք հան-րածանօթ միջազգային գիտական կեդրոններու ներկայացուցիչներու մասակցութեամբ՝ Դանիայէն, Ռուսաստանէն: Հայկական կողմէն ալ մասնակցած է մեր տարրալուծարանը», կ՚ընդգծէ Լեւոն Եպիսկոպոսեան:

2017 թուականի պեղումներու արդիւնքներուն մասին Լեւոն Եպիսկոպոսեան դեռ չի խօսիր: Գտնուած նիւթը ուսումնասիրելու եւ հանրութեան ներկայացնելու համար՝ պիտի օգտագործեն յառաջիկայ մէկ տարին:

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 5, 2017