ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ ԽՕՍՔԸ

Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ողջոյնի խօսք մը փոխանցեց Վարդանանց երգչախումբի Երեւանի համերգին առթիւ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք այդ պատգամը, զոր ներկայացուց փոխ-նախարար Սերժ Սրապիոնեան։

*

Յարգարժան հանդիսատես,

Պատահական չէ, որ Պոլսէն ժամանած երգչախումբի մը ելոյթով կը նշուի մեր ժամանակներու կենդանի առասպել, Հայաստանի Ազգային ակադեմական երգչախումբի մեծանուն խմբավար, Պոլիս ծնած Յովհաննէս Չեքիճեանի 90-ամեայ յոբելեանը: 1961 թուականէն ի վեր անփոփոխ ղեկավարելով Հայաստանի Ազգային ակադեմական երգչախումբը՝ մաէսթրօ Չեքիճեանը բազմաթիւ համերգներ տուած է Հայաստանէն դուրս եւ իր կախարդական ճպոտով ղեկավարած է աշխարհի 67 սիմֆոնիք նուագախումբ:

Սիրելի Մաէսթրօ, իմ լաւ բարեկամ, Դուք խոստացած էք, որ այստեղ հաւաքուածներս միասին պիտի տօնենք Ձեր հարիւրամեակը:

Արդէն աւանդոյթ դարձած է պոլսահայութեան օրերու կազմակերպումը հայրենիքի մէջ: Պոլսահայ համայնքը մշակութային հզօր ներուժ ունի: Գրականութիւն թէ երաժշտութիւն, պար թէ թատերական ներկայացում. ամէն անգամ, իսկապէս, անսահման յուզմունք կ՚ապրինք՝ ականատեսը դառնալով մեր հայրենակիցներու բարձր արուեստի ամենէն տարբեր դրսեւորումներուն:

Վարդանանց երգչախումբի սիրելի անդամներ, վստահաբար կրնամ ըսել, որ Վարդանանց երգչախումբը իր գործունէութիւնը նուիրած է հայկական մշակոյթի պահպանմանը՝ խորապէս գիտակցելով, թէ այդ մէկը հայ ինքնութեան զարգացման ամենակարեւոր երաշխիքներէն մին է: Իմ երախտիքի խօսքը կ՚ուղղեմ երգչախումբի բոլոր նուիրեալներուն, ամբողջ ստեղծագործական խումբին՝ ղեկավարութեամբ մեր հոգեւորականներու եւ ի հարկէ բարերարներու, որոնց ներդաշնակ գործունէութեամբ կը ծաւալուի հայանպաստ եւ ազգանուէր աշխատանք հայ մշակոյթի պահպանման եւ տարածման առումով: Շնորհակալ ենք ձեր գործունէութեան համար, շնորհակալ ենք, որ այստեղ էք ու թէ՛ յուզմունքի եւ թէ հիացմունքի, հպարտութեան ու ոգեւորութեան պահեր պարգեւեցիք բոլոր ներկաներուն: Ձեզի նորանոր բեմեր եւ ստեղծագործական բեղուն ուղի կը մաղթենք։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 5, 2017