ԱՆՓՈՓՈԽ ՇԵՇՏԱԴՐՈՒՄ

ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Թոմաս Կրեմինկէր երէկ այցելեց Երեւան, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ։ Աշխատանքային այցելութեան ընթացքին ընդհանուր քարտուղարը ընդունուեցաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արա Պապլոյեանի, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի կողմէ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Նիկոլ Փաշինեան նշեց, որ Հայաստան կը կարեւորէ ԵԱՀԿ-ի հետ համագործակցութիւնը՝ եւրոպական եւ տարածքաշրջանային անվտանգութեան՝ ինչպէս նաեւ փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ այլ ոլորտներու տեսակէտէ։ Ուստի, հայկական կողմը պատրաստ է շարունակել արդիւնաւէտ գործընկերութիւն։ Երկուստեք արձանագրելով համագործակցութեան բարձր մակարդակը՝ զրուցակիցները քննարկեցին այդ մէկը խորացնելու հեռանկարները։

Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձաւ Հայաստանի վերջին ներքին քաղաքական իրադարձութիւններուն՝ ներկայացնելով ժողովրդավարութեան զարգացման, օրէնքի գերակայութեան հաստատման, կաշառակերութեան դէմ պայքարի, արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու կազմակերպման ուղղութեամբ բարեփոխումներու։ Փաշինեան ընդգծեց, որ Հայաստանի կառավարութեան համար առաջնահերթութիւն է աւելի ազատ, թափանցիկ ու ժողովրդավարական ընտութիւններու կազմակերպումը եւ այս գործընթացին մէջ կառավարութիւնը կը կարեւորէ միջազգային գործընկեր կառոյցներու թեքնիկ ու  փորձագիտական աջակցութիւնը, ներառեալ ԵԱՀԿ-ը։

Իր հերթին, Թոմաս Կրեմինկէր ողջունեց Հայաստանի գործընթացները եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց կառավարութեան օժանդակել բարեփոխումներուն համար։

Փաշինեան եւ Կրեմինկէր անդրադարձան նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացին։ Նիկոլ Փաշինեան կարեւորեց ԵԱՀԿ-ի եւ միջազգային հանրութեան աշխոյժ ջանքերը՝ տարածքաշրջանը աւելի անվտանգ դարձնելու ուղղութեամբ։ Ան ընդգծեց, որ Հայաստան յանձնառու է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան բացառապէս խաղաղ ճանապարհով, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան շրջանակներէ ներս բանակցութիւններու միջոցաւ կարգաւորման։

Զօհրապ Մնացականեանի հետ Թոմաս Կրեմինկէրի զրոյցին ընթացքին եւս օրակարգի վրայ եկաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։ Մնացականեան հիւր ընդհանուր քարտուղարին հետ քննարկեց կարգաւորման գործընթացի վերջին զարգացումները։ Երկուստեք ընդգծուեցաւ հիմնախնդրի բացառապէս խաղաղ կարգաւորման կարեւորութիւնը՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան շրջանակներէն ներս։ Սա միակ ձեւաչափն է, որ միջազգային հանրութեան կողմէ լիազօրուած է։ Մնացականեան այս ամբողջին մէջ շեշտեց, որ հայկական կողմին համար բանակցային գործընթացէն ներս առաջնահերթութիւններն են՝ Արցախի կարգավիճակը եւ անվտանգութիւնը, իսկ գործընթացի յառաջ մղման համար կարեւոր է խաղաղութեան նպաստող մթնոլորտի մը ձեւաւորումը։ Մնացականեան այս ուղղութեամբ առաջնային որակեց նախկին պայմանաւորուածութիւններու անշեղ կատարումը, հրադադարի խախտումներու եւ ռազմատենչ հռետորաբանութեան դադրեցումը։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 5, 2018