ՄԱՔՐՈՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմաննիւէլ Մաքրոն 31 օգոստոսին ընդունեց Փարիզի մօտ Հայաստանի նորանշանակ դեսպան Յասմիկ Տոլմաճեանը, որ յանձնեց իր հաւատարմագիրը։ Էլիզէի պալատին մէջ կայացած տեսակցութեան ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Երեւանի մէջ յաջորդ ամիս տեղի ունենալիք Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան գագաթաժողովի նախապատրաստական աշխատանքներուն։ Այդ գագաթաժողովէն առաջ Մաքրոն պետական այցելութիւն մը պիտի տայ Հայաստան եւ դեսպանի հաւատարմագրի յանձնման արարողութեան յաջորդած զրոյցին ժամանակ քննարկուեցան նաեւ համապատասխան պատրաստութիւնները։ Նախագահ Մաքրոն եւ դեսպան Տոլմաճեան կանգ առին հայ-ֆրանսական յարաբերութիւններու առաւել ամրապնդման ուղղութեամբ ձեռնարկուելիք համատեղ քայլերուն վրայ։

Հանդիպման ընթացքին կարծիքներ փոխանակուեցան նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման բանակցային գործընթացին շուրջ՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի հովանաւորութեան ներքեւ։

Դեսպան Յասմիկ Տոլմաճեան այս պաշտօնին մէջ կը յաջորդէ փորձառու դիւանագէտի մը՝ Վիգէն Չիտէճեանի, որ երկար ժամանակ պաշտօնավարած էր Փարիզի մէջ։

Միւս կողմէ, երէկ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի տնօրինութեամբ ետ կանչուեցաւ Քիեւի մօտ Հայաստանի դեսպան Անդրանիկ Մանուկեան, որ անցեալի մէջ երկար տարիներ պաշտօնավարած էր՝ որպէս փոխադրութեան ու կապի նախարար։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 5, 2018