«ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ԿԸ ՋԱՆԱՅ ՏԱՊԱԼԵԼ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԸ»

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Մոսկուա, ուր կը տեսակցի Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, բանակցութիւններու ընթացքին կը քննարկուին տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան վերաբերեալ հարցեր։ Կը շօշափուին նաեւ երկկողմանի դաշնակցային յարաբերութիւններու օրակարգին վերաբերեալ նիւթեր։

Այս ուղեւորութեան ընդառաջ, Արարատ Միրզոյեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճան միտուած է տապալել խաղաղութեան գործընթացը։ Արարատ Միրզոյեան այս յայտարարութիւնը ըրաւ՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի Պրիւքսելի վերջին հանդիպման յաջորդած յայտարարութիւններու լոյսին տակ։ Այդ հանդիպումը կազմակերպուած էր Պրիւքսելի մէջ, Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ։ Բանակցութիւններու հերթական փուլէն վերջ Պաքուէն հնչած յայտարարութիւններուն Երեւանի ղեկավարութիւնը արձագանգեց բարձր մակարդակի վրայ։ «Բանակցութիւններու շարունակական կամայական, իրականութեան անհամապատասխան մեկնաբանութիւնները եւ պայմանաւորուածութիւններու կատարումէ խուսափիլը թոյլ կու տան մտածել, որ Ատրպէյճան միտուած է տապալել խաղաղութեան գործընթացը եւ ուժի կիրառման միջոցաւ պիտի շարունակէ էթնիք զտումներու իր քաղաքականութիւնը», յայտնեց Արարատ Միրզոյեան։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ նախարարը ընդգծեց, որ Պաքուի կողմէ առաջարկուած հինգ կէտերուն վերաբերեալ Երեւանի տեսակէտը կը մնայ անփոփոխ։ «Ինչպէս նախօրօք ըսած ենք, 10 մարտ 2022 թուականին Ատրպէյճանի կողմէ փոխանցուած առաջարկներուն մէջ մեզի համար անընդունելի ոչինչ կայ։ Այլ հարց, որ այդ առաջարկները չեն հասցէագրեր Հայաստան-Ատրպէյճան համապարփակ խաղաղութեան օրակարգի բոլոր խնդիրները։ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներուն փոխանցուած մեր պատասխանով մենք օրակարգը լրացուցած ենք եւ հետեւաբար՝ այդ հէնքին վրայ պատրաստ ենք խաղաղութեան բանակցութիւններու շարունակութեան», դիտել տուաւ Արարատ Միրզոյեան եւ աւելցուց, որ այս բոլորը Փաշինեանի կողմէ հերթական անգամ վերահաստատուած են Պրիւքսելի վերջին քննարկումներուն ընթացքին։

«Այս տեսակէտը չլսելը կամ չլսելու փորձերը հայկական կողմին հիմք կու տան կասկածելու Ատրպէյճանի՝ խաղաղութեան հասնելու մտադրութեան անկեղծութեան մէջ։ Աւելին, բանակցութիւններու շարունակական կամայական, իրականութեան անհամապատասխան մեկնաբանութիւններն ու պայմանաւորուածութիւններու կատարումէ խուսափիլը թոյլ կու տան մտածել, թէ Ատրպէյճան միտուած է տապալել խաղաղութեան գործընթացը եւ ուժի կիրառման միջոցաւ շարունակելու էթնիք զտումներու իր քաղաքականութիւնը», դիտել տուաւ Միրզոյեան։

Միւս կողմէ, շաբաթավերջին Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Այս առթիւ անոնք մանրամասն քննարկեցին Հարաւային Կովկասի իրավիճակը։ Նշուեցաւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ կայունութեան եւ անվտանգութեան ապահովման, տարածաշրջանէ ներս տնտեսական ու փոխադրութեան կապերու հաստատման համար համակարգուած ջանքերու կարեւորութիւնը։ Երկու նախագահները այս ամբողջին մէջ հաստատեցին Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ գոյացած եռակողմանի պայմանաւորուածութիւնները հետեւողականօրէն իրականացնելու մտադրութիւնը։ Ալիեւ Փութինին տեղեկութիւններ փոխանցեց Պրիւքսելի մէջ Փաշինեանի եւ Միշելի հետ ունեցած վերջին հանդիպման շուրջ։

Պաքուն ալ շաբաթավերջին հերթական անգամ Երեւանը մեղադրեց՝ խաղաղութեան հաստատման ջանքերուն մէջ անկեղծ չըլլալով։ Այսպէս, Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի Արցախ կատարած այցելութիւնը պատճառ դարձաւ Ատրպէյճանի հակազդեցութեան։ Պաքու այս այցելութիւնը համարած է՝ Հայաստանի կողմէ հերթական սադրանք։ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ շեշտուած է, որ այս քայլը առնուած է Փաշինեան-Ալիեւ Պրիւքսելի հանդիպումէն անմիջապէս յետոյ եւ ստուեր կ՚ածէ այդ հանդիպման ընթացքին գոյացած համաձայնութիւններուն վրայ, նաեւ ակնյայտօրէն ցոյց կու տայ, որ Հայաստան անկեղծ չէ կարգաւորման գործընթացին մէջ։ «Հայաստանի յայտարարութիւնները Ատրպէյճանէն տարածքային պահանջներ չունենալու վերաբերեալ՝ հեռու են անկեղծ ըլլալէ։ Երեւան պաշտօնապէս չի յարգեր նաեւ միջազգային միջնորդներու ջանքերը», նշուած է յայտարարութեան մէջ։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 5, 2022