ԱՐՑԱԽԻ ՕԴԱՅԻՆ ՃԱՆԱՊԱՐՀԸ ՊԻՏԻ ԲԱՑՈՒԻ՞

Արցախի մարդասիրական աղէտը օրէ օր կը սաստկանայ։ Չի բաւեր Բերձորի միջանցքի խափանումը, Ատրպէյճան աւելի ու աւելի կը լկտիանայ՝ անարգելով նաեւ միջազգային իրաւական ու բարոյական օրէնքները։ Վերջին արարքը՝ Արցախէն երեք երիտասարդներու անօրէն, տմարդի առեւանգումն էր։ Անոնք պաշտպանեալներն էին ռուս խաղաղապահներուն, որոնք նախապէս համաձայնած էին Ատրպէյճանի սահմանապահներուն հետ՝ Հակարիի կամուրջի «սահմանակէտը» անարգել անցնելու շուրջ։ Ռուսաստանի վարկը այս աստիճան չէր նուաստացած ըլլա՛յ Հայաստանի, ըլլա՛յ Արցախի մէջ։ Մա՛նաւանդ Արցախի, երբ պատերազմէն ետք տասնեակ հազարաւոր արցախցիներ՝ հաւատալով ռուս խաղաղապահ զօրքերու պաշպանութեան, վերադարձան իրենց բնօրրանը՝ խաղաղօրէն ապրելու համար թէկուզ իբրեւ ռուսահպատակ։

Ատրպէյճանի լկտիացումին մէկ այլ դրսեւորումը եղաւ իբրեւ մարդասիրական արարք՝ երկու բեռնակառք ալիւր առաքելու քայլը իր Կարմիր մահիկին միջոցաւ, Ակնայ-Ստեփանակերտ ուղիով։ (…) Արցախցիները [ամիսներէ ի վեր] օրական հացէ զրկելէ ետք, երկու բեռնակառք ալիւրը կրնար դեռ մի քանի ամիս ալ սպասել… Անդին, Բերձորի միջանցքի բերնին Հայաստանի կառավարութեան ուղարկած 19 բեռնակառքերը արդէն յուլիսի 26-էն ի վեր անշարժացած կը սպասեն Ատրպէյճանի սահմանապահներու արտօնութեան՝ օգնութիւնը հասցնելու համար աղէտեալ ժողովուրդին։ Դեռ չխօսինք հրազէնային այն բոլոր յարձակումներուն մասին, որոնց ենթակայ կ՚ըլլան արցախցի գիւղացիները՝ իրենց դաշտերը մշակելու ընթացքին…

Ֆրանսա Արցախի մարդասիրական աղէտին դիմաց թէ՛ մարդասիրական, թէ՛ դիւանագիտական եւ թէ քաղաքական նախաձեռնութիւններու կը դիմէ՝ սկսեալ նախագահ Մաքրոնէն, որ Ֆրանսայի դեսպաններու համագումարին յայտարարեց, որ Ֆրանսա պիտի պահանջէ Լաչինի միջանցքի անցքին նկատմամբ բացարձակ յարգանք եւ այս ուղղութեամբ դիւանագիտական նախաձեռնութեան պիտի դիմէ միջազգային ճնշումը հզօրացնելու համար։ Արդէն, «Լը Ֆիկառօ» եւ «Լը Փուան» թերթերուն մէջ լուրեր կը շրջէին, թէ Ֆրանսայի նախագահը հանդէս պիտի գայ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին առջեւ նոր բանաձեւով մը Բերձորի միջանցքի վերաբացման վերաբերեալ…

CCAF՝ Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգման խորհուրդը (…) [անդրադարձաւ] Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկոյի Հայաստան այցելութեան՝ ուղեկցելու համար Երեւանէն դէպի Բերձորի միջանցք բեռնատարներու շարասիւնին։ Ֆրանսայէն մարդասիրական օգնութիւն առաքած են Փարիզի քաղաքապետարանը, Իլ-տը-Ֆրանս, Օվերնէյ-Ռոն-Ալփ, Օ-տը-Ֆրանս, Օքսիթանիա, Փէի-տը-լա-Լուառ շրջանները։ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլլոնա «անօրինական ու անբարոյական» որակեց Արցախի հայերը արտագաղթի ստիպելու Ատրպէյճանի քաղաքականութիւնը։

Արցախի (արդէն հրաժարեալ) նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան օգոստոսի 28-ին, կառավարութեան նիստէն ետք, հանրութեան հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարեց. «Անկախ ամէն ինչէ՝ ճանապարհի հարցը պէտք է լուծուի։ Մինչեւ այսօր սպասեցինք, հաւատացինք՝ Փութինին ալ հաւատացինք, Պայտընին ալ հաւատացինք, Մաքրոնին ու Հայաստանի իշխանութեան ալ հաւատացինք… Բայց մեզ թողեցին պատանդի կարգավիճակի մէջ»։

Ցարդ, մարդասիրական օգնութիւնը հանգուցալուծուելու շատ մեծ նշոյլներ չկան։ Միակ նախաձեռնութիւնը, որ կրնայ յոյս ներշնչել՝ Լիխթենշթայնի իշխան Միքայէլի յայտարարութիւնն է, թէ ինք ու մարդասիրական գործունէութիւն ծաւալող քանի մը առաջնորդներ պատրաստակամութիւն յայտնած են օդանաւով մարդասիրական օգնութիւն փոխադրելու դէպի Արցախ։ Պէտք է խօսքէն անցնիլ գործի, որպէսզի արցախցիներուն մէջ հաւատքը վերահաստատուի։ Երկինքի ճամբան պիտի բացուի՞ երկրային խնդիրները լուծելու համար։

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Խմբագրական՝ Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթի

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 5, 2023