ԳՆԱՃԻ ԴԷՄ ՀԱՄԲԵՐԱՏԱՐ ՊԱՅՔԱՐ

Պետական գանձի ու ելմտական նախարար Մեհմէտ Շիմշէք յայտարարեց, որ գնաճի դէմ պայքարը թէեւ որոշ ժամանակի կը կարօտի, սակայն ի վերջոյ համբերութիւնը պիտի արդարանայ։ «Անցումային շրջանի մը մէջ ենք։ Գնաճը նուազեցնելու համար ամէն ինչ պիտի ընենք», ըսաւ ան։

Ըստ վերջին հրապարակուած վիճակագրական արդիւնքներուն, Թուրքիոյ մէջ գնաճի օգոստոսի համեմատութիւնը եղած է 9.09 տոկոս, ինչ որ կանխատեսումները գերազանցած է։ Այս տուեալին զուգահեռ՝ գնաճի տարեկան միջին հաշուարկն ալ բարձրացած է 58.94 տոկոսի։ Նոյնպէս օգոստոսին արտածումը 1.6 առ հարիւր բարձրանալով հասած է 21.6 միլիառ տոլարի մակարդակին։ Նոյն ժամանակահատուածին ներածումն ալ նուազած է 6.3 տոկոսով՝ իջնելով մինչեւ 30.5 միլիառ տոլարի մակարդակին։

Նախարար Մեհմէտ Շիմշէք այս համայնապատկերին վրայ դիտել տուաւ, որ գնաճը նախ հաւասարակշռելու, յետոյ ալ նուազեցնելու համար օրակարգի վրայ են հաւանական բոլոր քայլերը. օրինակ՝ վարկերու քաղաքականութիւն, մուտքերու քաղաքականութիւն եւ այլն։

Նախարարութեան աղբիւրներն ալ վերջին վիճակագրութիւններու լոյսին տակ ներկայացուցին արժեւորում մը։ Այսպէս, Մեծն քսանեակի (G20) երկիրներու շարքին Թուրքիա հանդիսացած է այն երեք երկիրներէն մին, որ տարուան երկրորդ քառորդին յաջողած է արտածումը բարձրացնել։ Այդ ցուցակին վրայ Թուրքիան կը զբաղեցնէ երկրորդ հորիզոնականը՝ յաջորդելով Ֆրանսային։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 5, 2023