«ՄԵՐ ԸՐԱԾԸ ԱԶԳԱՅԻՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆ Է, ՈՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ ԿԸ ՍՊԱՍԵՆՔ Ո՛Չ ԹԷ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔԻ, ԱՅԼ՝ ՀԱՍԿԱՑՈՒԹԵԱՆ» - Ա -

-Սրբա­զան Հայր, վեր­ջին օ­րե­րուն շատ կը խօ­սուի Սու­րիոյ մէջ զի­նուո­րա­կան մի­ջամ­տու­թիւն­նե­րու մա­սին, ռու­սա­կան աշ­խու­ժաց­ման մա­սին եւ յատ­կա­պէս եր­կու օ­րէ ի վեր Նոր Գիւ­ղի շրջա­նին վրայ տե­ղի ու­նե­ցած ռմբա­կո­ծում­նե­րը նոր ա­լիք մը ստեղ­ծե­ցին հար­ցադ­րում­նե­րուն: Մեր տե­ղե­կու­թիւն­նե­րը կ՚ը­սեն, որ նաեւ սու­րիա­հայ հա­մայն­քին մօտ ո­րոշ մտա­հո­գիչ կա­ցու­թիւն մը կը տի­րէ: Ինչ­պէ՞ս կը բնու­թագ­րէք այս մէ­կը՝ տրուած ըլ­լա­լով, որ դուք ձեր վեր­ջին տուած հար­ցազ­րոյ­ցին մէջ «Եր­կիր Մե­տիա­»ին ը­սիք, որ Սու­րիոյ պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին ե­թէ հան­դարտ օ­րեր ըլ­լան, այդ չի նշա­նա­կեր, որ պա­տե­րազ­մը ա­ւար­տած է եւ սա շատ տե­ղին դի­տար­կում մըն էր: Ի՞նչ տե­ղե­կու­թիւն­ներ ու­նիք կամ ի՞նչ կը մտա­ծէք գա­լիք զար­գա­ցում­նե­րուն մա­սին:

-Նախ կ­­՚ու­զեմ իմ գնա­հա­տան­քը յայտ­նել այս հար­ցազ­րոյ­ցին հա­մար: Գնա­հա­տան­քի խօսք նաեւ բո­լոր այն լրագ­րող­նե­րուն, ո­րոնք կ­­՚անդ­րա­դառ­նան ընդ­հան­րա­պէս՝ Սու­րիոյ եւ յատ­կա­պէս սու­րիա­հա­յու­թեան կեան­քին եւ կա­րե­լի ե­ղա­ծին չա­փով ճիշդ բնո­րո­շում­նե­րով կը փոր­ձեն ներ­կա­յաց­նել կա­ցու­թիւ­նը, ինչ­պէս նաեւ եր­բեմն կը մատ­նանշեն ել­քեր, որ­պէս­զի հայ հա­մայն­քը ոչ միայն ա­ռան­ձին չզգայ, այլ ու­նե­նայ եր­բեմն դուր­սէն թէ ներ­սէն ո­րոշ պատ­կե­րա­ցում­ներ, ո­րոնք կրնան օգ­տա­կար ըլ­լալ ընդ­հան­րա­պէս սու­րիա­հայ մեր հա­մայն­քին: Բա­ցի այդ, ինչ­պէս ծա­նօթ է, Սու­րիոյ պա­տե­րազ­մա­կան վի­ճա­կը՝ ար­դէն կը գտնուի հին­գե­րորդ տա­րուան մէջ, ո­րուն ռազ­մա­կան եւ քա­ղա­քա­կան վեր­լու­ծում­նե­րը հե­ռու են իմ թէ՛ մաս­նա­գի­տու­թե­նէս եւ թէ տե­ղե­կու­թիւն­նե­րէս, բայց որ­պէս Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ եւ որ­պէս Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ սպա­սա­ւոր բնա­կա­նօ­րէն կ՚ապ­րինք մեր ժո­ղո­վուր­դին հետ այս տագ­նա­պա­լի օ­րե­րուն իր նե­ղու­թեան մէջ եւ ար­դէն իսկ գի­տենք, որ երկ­րի սահ­ման­նե­րէն դուրս կը գտնուի ընդ­հա­նուր 23 մի­լիոն հա­շուող Սու­րիոյ ժո­ղո­վուր­դին կէ­սէն ա­ւե­լին, ո­րու կար­գին նաեւ հայ հա­մայն­քի զա­ւակ­նե­րը: Ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը եր­բեմն կը զար­գա­նան, աճ կ՚ար­ձա­նագ­րեն, կը դառ­նան տե­ղա­տուու­թիւն եւ մա­կըն­թա­ցու­թիւն, եւ այս ա­ռու­մով կա­րե­լի չէ խօ­սիլ յաղ­թա­նակ­նե­րու եւ պար­տու­թիւն­նե­րու մա­սին: Կա­րե­լի չէ խօ­սիլ գա­լիք ժա­մա­նակ­նե­րուն տե­ղի ու­նե­նա­լիք փո­փո­խու­թիւն­նե­րուն կամ գոր­ծըն­թաց­նե­րուն մա­սին, ո­րով­հե­տեւ ե­թէ պար­զա­պէս միայն Հա­լէ­պը նկա­տի ու­նե­նանք եւ ա­նոր ա­ղեր­սուող ՄԱԿ-ի կող­մէ ղրկուած պա­տուի­րա­կու­թեան ե­րեք յա­ջոր­դա­կան ան­ձե­րու փո­փո­խու­թիւ­նը, այս մէ­կը ցու­ցա­նիշ է բար­դու­թեա­ն՝ այն կա­ցու­թեան, ո­րուն մէջ կ՚ապ­րի Սու­րիան այս տագ­նա­պա­լի եւ պա­տե­րազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թեանց մէջ:

Վեր­ջին շրջա­նին տե­ղի ու­նե­ցող մի­ջազ­գա­յին փո­փո­խու­թիւն­նե­րը հա­ւա­նա­բար տեղ մը կը յու­սադ­րեն, որ մօ­տիկ ա­պա­գա­յին (բնա­կա­նա­բար ժա­մա­նա­կի ի­մաս­տով չէ այս մէ­կը) հա­ւա­նա­բար լու­ծում­ներ ա­ռա­ջար­կուին, կամ գու­ցէ լու­ծում­ներ ար­դէն իսկ ձե­ւա­կեր­պուած են եւ այդ լու­ծում­նե­րը գոր­ծա­դրման ըն­թաց­քի մը մէջ կը գտնուին, բայց այն­քան ա­տեն որ ու­ժի կու­տա­կում տե­ղի կ՚ու­նե­նայ, այդ ու­ժը նաեւ տեղ մը կըր-նայ ար­տա­յայ­տուիլ: Գու­ցէ Սու­րիան կրնայ ա­ւե­լի ա­հա­ւոր վի­ճակ­նե­րու մատ­նուիլ եւ կամ նախ­քան խա­ղա­ղու­թիւ­նը բարձր կամ զօ­րեղ ա­լիք մը ըլ­լայ կամ ցնցիչ պա­հեր ու­նե­նայ եր­կի­րը: Սու­րիա­հա­յու­թիւ­նը այս տագ­նա­պին մէջ ա­մէն ի­մաս­տով վնաս­ներ կրեց եւ կը շա­րու­նա­կէ կրել, մեր տե­ղե­կու­թիւն­նե­րը Հա­լէ­պի պա­րա­գա­յին այն տե­ղե­կու­թիւն­ներն են, ո­րոնք յա­ճախ հե­ռա­խօ­սի ճամ­բով կը փո­խան­ցուին, տրուած ըլ­լա­լով, որ հա­մա­ցանց գո­յու­թիւն չու­նի Հա­լէ­պի մէջ, ան­կախ բո­լոր կա­րե­լիու­թիւն­նե­րէն հա­ղոր­դակ­ցա­կան գրե­թէ բո­լոր կա­պե­րը ան­դա­մա­լու­ծուած են (գրե­թէ խզուած են), շատ դժուար է ճշգրիտ տե­ղե­կու­թիւն հա­ւա­քե­լը, դժբախ­տա­բար վեր­ջին զար­գա­ցում­նե­րուն հետ նաեւ Հա­լէ­պը կրկին ան­գամ փո­թոր­կե­ցաւ, ինչ­պէս որ «Եր­կիր Մե­տիա­»ի հան­դիպ­ման մէջ ը­սած էի, տա­րօ­րի­նակ վե­րի­վայ­րում­ներ կ՚ար­ձա­նագ­րեն զի­նուո­րա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը, ո­րոնց զոհ կ­՚եր­թայ ան­մեղ ժո­ղո­վուր­դը: Սու­րիոյ տագ­նա­պին մէջ վնաս կրող ա­ռա­ջին եւ վեր­ջին կող­մը ժո­ղո­վուրդն է:

Ժո­ղո­վուր­դը իր բո­լոր խա­ւե­րով, իր բո­լոր ցե­ղա­յին, կրօ­նա­կան, մշա­կու­թա­յին պատ­կա­նե­լիու­թիւն­նե­րով վնաս կը կրէ եւ այս մէ­կը ա­ռանց կրօ­նա­կան խտրու­թեան, քրիս­տո­նեայ կամ մահ­մե­տա­կան, հայ կամ մահ­մե­տա­կան սու­րիա­ցի քա­ղա­քա­ցի­նե­րը վնաս­ներ կը կրեն, վեր­ջին օ­րե­րու պատ­կե­րա­ցու­մը այն էր, որ Նոր Գիւ­ղի շրջանն էր թի­րա­խը, բայց ան­կէ քա­նի մը օր ա­ռաջ ա­րեւմ­տեան Հա­լէ­պի մէջ ի­րա­վի­ճա­կը ա­հա­ւոր էր: Տաս­նեակ զո­հեր, հա­րիւ­րա­ւոր վի­րա­ւոր­ներ, մեծ քան­դում, ես յա­ճախ կը կրկնեմ՝ Հա­մաշ­խար­հա­յին երկ­րորդ պա­տե­րազ­մէն յե­տոյ ա­մե­նէն շատ քան­դու­մի ա­կա­նա­տես ե­ղած քա­ղա­քը Հա­լէպն է, Սու­րիոյ մէջ քան­դու­մը հա­մա­տա­րած է, բայց մաս­նա­ւո­րա­պէս Հա­լէ­պի մէջ։ Պէտք է ը­սել, որ Հա­լէ­պի մէջ կան փոքր գիւ­ղեր, ո­րոնք հիմ­նա­յա­տակ քան­դուած են, չմոռ­նա­նք, որ Հա­լէ­պը՝ մայ­րա­քա­ղաք Դա­մաս­կո­սէն ալ մեծ է տա­րած­քա­յին ա­ռու­մով:

Այ­սօր ըստ ե­րե­ւոյ­թին Սու­րիոյ հիւ­սի­սա­յին շրջա­նին մէջ մա­զա­չափ թե­լի վրայ բռնուող կա­ցու­թիւն մը կայ: Հա­լէ­պի նա­հան­գին, յատ­կա­պէս Հա­լէպ քա­ղա­քին մէջ տրուած ըլ­լա­լով, որ բազ­մա­կողմ ճա­կա­տում­ներ գո­յու­թիւն ու­նին: Պա­տե­րազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը աջ եւ ձա­խի մի­ջեւ չեն, այլ կան ներ­քին այն­պի­սի շեր­տա­ւո­րում­ներ եւ խմբա­ւո­րում­ներ, ո­րոնց մա­սին այ­սօր կա­րե­լի չէ յստակ կեր­պով ար­տա­յայտուիլ, բայց դժբախ­տա­բար գե­րու­ժե­րուն ձեռ­քե­րուն մէջ գտնուող խա­ղերն են, որ կը շա­րու­նա­կուին ու կրկին ան­գամ կ՚ը­սեմ, որ հիմ­նա­կան վնա­սուո­ղը այս պա­տե­րազ­մէն ժո­ղո­վուրդն է եւ այս պա­րա­գա­յին մեր ժո­ղո­վուր­դը, որ ա­հա­ւոր վի­ճա­կի մէջ կը գտնուի: Անց­նող տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին ո­մանք կա­նու­խէն շար­ժե­ցան եւ գո­նէ պա­տե­րազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն ծի­րէն եւ գի­ծէն հե­ռա­ցան, ու­րիշ­ներ ա­ւե­լի հե­ռու­ներ գա­ցին եւ ծո­վէն ան­դին մեկ­նե­ցան: Լի­բա­նան եւ Հա­յաս­տան հա­լէ­պա­հա­յու­թեան կամ սու­րիա­հա­յու­թեան կեդ­րոն­նե­րը դար­ձան: Բան մը, որ ցոյց կու տայ հա­մայն­քի ժո­ղովր­դագ­րա­կան (տե­մոկ­րա­ֆիք) քայ­քայ­ման մէկ վի­ճա­կը, ո­րով­հե­տեւ կա­ռոյց­նե­րը հոն են եւ կա­ռոյց­նե­րուն մէջ մար­դիկ կան եւ տա­կա­ւին կը շա­րու­նա­կեն ապ­րիլ, եր­բեմն նոյ­նիսկ մե­ղադ­րանք­նե­րու ա­ռար­կայ դառ­նա­լով: Բայց թոյլ թող տրուի ը­սել, որ այն­քան ա­տեն, երբ Սու­րիոյ մէջ սու­րիա­հա­յեր կան, պա­տաս­խա­նա­տու­ներ, ե­կե­ղե­ցա­կան թէ ազ­գա­յին պա­տաս­խա­նա­տու­ներ պար­տա­կա­նու­թիւ­նը ու­նին ա­նոնց հո­գա­տա­րու­թիւն ը­նել եւ նա­ւա­վա­րի դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ստանձ­նել եւ ոչ թէ ա­ռա­ջին փախ­չո­ղի դե­րին մէջ ըլ­լալ: Պէտք է նաեւ գնա­հա­տել հոն ապ­րող­նե­րը եւ մա­նա­ւանդ այդ­տեղ գոր­ծող պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը եւ ղե­կա­վար­նե­րը, ո­րոնք ի­րենց հաս­կա­ցո­ղու­թեամբ եւ կա­րո­ղու­թեամբ եր­բեմն գետ­նի վրայ շատ ա­ւե­լի ի­րա­զեկ են ի­րա­վի­ճա­կէն եւ գի­տեն նաեւ հա­մա­պա­տաս­խան տնօ­րի­նում­ներ ը­նել: Մենք գեր­մարդ չենք, որ ա­մէն ինչ գիտ­նանք եւ ա­մէն ինչ ճիշդ ը­նենք, բայց ընդ­հա­րա­պէս մեր կա­տա­րած աշ­խա­տանք­նե­րը եւ ու­նե­ցած վնաս­նե­րու հա­մե­մա­տու­թիւ­նը ես ան­ձամբ կը կար­ծեմ, որ խո­հե­մու­թեամբ եւ ի­մաս­տու­թեամբ ծրագ­րուած եւ փոր­ձար­կուած ազ­գա­յին ծա­ռա­յու­թիւն է, ո­րուն հա­մար գնա­հա­տան­քի չէ, որ կը սպա­սենք, այլ կը սպա­սենք հա­սակ­ցու­թեան: Այս ա­ռու­մով թոյլ տուէք ը­սեմ, որ մենք Սփիւռ­քի եւ հայ­րե­նի մեր ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րէն կ­­՚ակն­կա­լենք զօ­րակ­ցու­թիւ­նը շա­րու­նա­կել գործ­նա­պէս: Մենք, որ­պէս հա­մայնք նաեւ գո­հու­նա­կու­թեան զգա­ցու­մը ու­նինք, որ սու­րիա­հա­յու­թիւ­նը ա­ռան­ձին չէ եւ ցոյց տրուած նիւ­թա­բա­րո­յա­կան օ­ժան­դա­կու­թիւն­նե­րուն շնոր­հիւ կրցանք շա­րու­նա­կել, պահ­պա­նել մեր գո­յու­թիւ­նը այս դժուա­րին օ­րե­րուն:

-Շատ մը դէ­տեր կը խօ­սին Սու­րիոյ մաս­նատ­ման մա­սին: Յատ­կա­պէս նոր հա­մա­կարգ մը ստեղ­ծե­լու մա­սին, ո­րուն մէջ Դա­մաս­կո­սը, Թար­թու­սը, Լա­թա­քիան կը գրա­ւեն հիմ­նա­կան տեղ: Իսկ Հա­լէ­պը ըստ ե­րե­ւոյ­թին կը մնայ սա­կար­կու­թե­նէն դուրս: Ար­դեօք պե­տա­կան մար­մին­նե­րուն հետ քննար­կա՞ծ էք այս խնդի­րը: Կամ կա՞յ Հա­լէ­պի ա­պա­հո­վա­կան օ­ղա­կը լայն­ցե­լու ծրա­գիր մը, տրուած ըլ­լա­լով, որ շատ յա­ճախ կը խօ­սուի զի­նուո­րա­կան մեծ գոր­ծո­ղու­թեան մը մա­սին: Ի՞նչ կրնաք ը­սել այս ա­ռու­մով:

- Քա­ղա­քա­կան եւ ռազ­մա­գի­տա­կան աշ­խար­հէն հե­ռու ըլ­լա­լով հան­դերձ պէտք է նշեմ, որ Սու­րիան ի­րո­ղա­պէս տա­րան­ջա­տուած վի­ճակ մը ու­նի: Տրուած ըլ­լա­լով, որ կան հսկա­յա­կան տա­րածք­ներ, ո­րոնք կը գտնուին «Իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» կո­չուող խմբա­ւոր­ման տի­րա­պե­տու­թեան տակ կամ միւս շրջան­նե­րը, ո­րոնց­մէ իւ­րա­քան­չիւր տա­րածք կը գտնուի տար­բեր խմբա­ւո­րում­նե­րու տի­րա­պե­տու­թեան տակ եւ ո­րոնց ին­չո՞ւ, ինչ­պէ՞ս ըլ­լա­լը իմ մաս­նա­գի­տու­թեան վեր­լուծ­ման ա­ռար­կան չեն: Մենք գործ­նա­պէս սու­րիա­հա­յե­րու ան­կիւ­նէն կը դի­տենք խնդի­րը: Օ­րի­նակ՝ կայ Ճէ­զի­րէ­յի շրջա­նը՝ Հա­սա­քէ, Ռաս Ուլ Այն, Տե­րիք եւ հա­յա­հոծ Գա­միշ­լի շրջա­նը, ուր միայն օ­դա­նա­ւով կա­րե­լի է հաս­նիլ: Հա­ւա­նա­բար այլ ճամ­բա­ներ ալ կան, բայց ե­թէ ես որ­պէս Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ, Ազ­գա­յին իշ­խա­նու­թեան հետ այ­սօր ու­զեմ եր­թալ եւ շրջա­նը այ­ցե­լել, պէտք է եր­թամ Լա­թա­քիա կամ Դա­մաս­կոս, ուր­կէ օ­դա­նա­ւով հաս­նիլ Գա­միշ­լի: Ռա­քքա­յի, Տէր Զօ­րի, Թէլ Ա­պիա­տի շրջան­նե­րը բո­լո­րո­վին տա­րան­ջա­տուած են: Հա­կա­ռակ ա­նոր, որ ո­րոշ տե­ղեր հա­յեր կան, բայց շատ փոք­րա­թիւ ներ­կա­յու­թիւն են: Օ­րի­նակ՝ Տէր Զօ­րը, որ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100-ա­մեա­կին առ­թիւ պէտք էր մեծ ու­շադ­րու­թեան ա­ռար­կայ դառ­նար եւ ուր ծրագ­րուած էր միւ­ռո­նօրհ­նէք կա­տա­րել եւ ի մի խմբել հա­յու­թիւ­նը, այ­սօր քան­դուած վի­ճակ մը կը պար­զէ: Ու­րեմն երկ­րորդ շեր­տը կերդ­րո­նա­կան շերտն է, ո­րուն վեր­ջին կոր­սուստ­նե­րը նշա­նա­ւոր Փալ­մի­րա­յի շրջանն է: Գա­լով Հա­լէ­պին՝ ինչ­պէս կ­­՚ակ­նար­կէի, հիւ­սի­սա­յին շրջա­նին մէջ գրե­թէ կղզիա­ցած վի­ճակ մը կը ներ­կա­յաց­նէ, բայց մա­նա­ւանդ Հա­լէպ քա­ղա­քը, ուր ինչ­պէս ձե­զի ծա­նօթ է աշ­խա­րա­հագ­րա­կա­նօ­րէն, շատ բա­րակ ե­րակ մը կայ, նշա­նա­ւոր Խա­նա­սէր-Սա­լա­միէյ-Հոմս ճա­նա­պար­հը այ­լա­պէս կղզիա­ցած վի­ճակ մը կը ներ­կա­յաց­նէ: Ծո­վա­փի շրջա­նին մէջ նշա­նա­ւոր է մեր Քե­սա­պը, զոր մէկ ան­գամ կորսնց­նե­լէ եւ վե­րա­տի­րա­նա­լէ յե­տոյ, ներ­կա­յիս հոն կ՚ապ­րին եւ վերսկ­սած են ի­րենց կեան­քը բո­լոր ի­մաստ­նե­րով: Ցնցու­մը մեծ էր, պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին ե­ղած ցնցում­նե­րը մեզ ան­հանգս­տա­ցու­ցին: Տե­ղին է նաեւ յի­շա­տա­կել, որ մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քին մօտ հի­նէն ի վեր խօ­սուած է ո՛չ միայն Սու­րիոյ, այլ մի­ջին-ա­րե­ւե­լեան եր­կիր­նե­րու բա­ժան­ման տե­սու­թեան մը մա­սին եւ կան մար­դիկ, որ այդ ուղ­ղու­թեամբ կան­խամ­տա­ծուած կեր­պով կը գոր­ծեն: Ա­նոնք կ՚ա­ռա­ջար­կեն հե­ռա­հաս նպա­տակ­նե­րով ծրա­գիր­ներ: Հիմ­նա­կան խնդի­րը այն է, թէ ո­վքե՛ր կը հա­ւա­տան մաս­նա­տուե­լու կամ ան­ջա­տուե­լու կամ ա­ռան­ձին միա­ւո­րում ստեղ­ծե­լու գա­ղա­փա­րին: Հոս է, որ մեր մտքե­րուն մէջ կը ծա­գի գլխա­ւոր եւ հիմ­նա­կան հար­ցու­մը այն մա­սին, թէ ըլ­լա­լիք հա­մա­ձայ­նու­թիւ­ննե­րը ո՞ւր կը տա­նին Սու­րիան: Մե­զի հա­մար Սու­րիոյ ամ­բող­ջա­կա­նու­թիւ­նը եւ սու­րիա­ցի ժո­ղո­վուր­դին իր հո­ղին վրայ ի­րա­ւուն­քը անբռ­նա­բա­րե­լի ի­րա­ւունք է: Այլ հարց է, որ ար­դեօք եր­կի­րը տա­րան­ջա­տու­մի կամ մաս­նա­տու­մի պի­տի եր­թա՞յ, թէ պի­տի պա­հէ իր նախ­կին միաս­նու­թիւ­նը: Այս բո­լոր դրուածք­նե­րուն մէջ կ՚օգ­տա­գոր­ծուին նաեւ կրօ­նա­կան, յա­րա­նուա­նա­կան եւ մշա­կու­թա­յին, ցե­ղա­յին շեր­տա­ւո­րում­ներ: Ես ան­ձամբ կը կար­ծեմ, որ ե­թէ մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քը գայ այն հա­սա­կա­ցո­ղու­թեան, թէ 21-րդ դա­րը ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քա­րի դար է, ա­պա պէտք է չէ­զո­քաց­նէ այն խմբա­ւո­րում­նե­րը, ո­րոնք ամ­բողջ ժո­ղո­վուրդ մը կ­­՚ա­հա­բե­կեն եւ քաո­սա­յին ի­րա­վի­ճակ կը ստեղ­ծեն: Դժբխա­տա­բար այ­սօր Սու­րիան քաո­սա­յին վի­ճակ մը կ՚ապ­րի եւ ինչ­պէս ես, այն­պէս ալ շա­տեր խա­ղա­ղու­թեան ջա­տա­գովն են: Բնա­կա­կա­նա­բար կը մաղ­թեմ, որ խա­ղա­ղու­թիւն եւ հա­մա­կե­ցու­թիւն ըլ­լայ, այ­լա­պէս ժո­ղո­վուրդ­նե­րու հա­կա­մար­տու­թիւ­նը երկ­րա­գուն­դը քան­դե­լու մի­տող հա­կա­մար­տու­թիւն մըն է:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 5, 2015