ԳԱՂԱՓԱՐՆԵՐՈՒ ՏԱՐԱՓ
«Սապանճը» եւ Միչիկընի համալսարաններու համատեղ նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած «Հայոց ցեղասպանութեան նկատմամբ քննադատական մօտեցումներ. պատմութիւն, քաղաքագիտութիւն եւ գեղագիտութիւն» խորագրեալ ծաւալուն գիտաժողովը շաբաթավերջին եզրափակեց իր աշխատանքը։ Հարաւային Գալիֆորնիոյ համալսարանի Հայկական հետազօտութիւններու ամպիոնին համագործակցութեամբ տեղի ունեցաւ այս քառօրեայ գիտաժողովը, որ արժանացաւ պատկան շրջանակներու անմիջական ուշադրութեան։ Շաբաթավերջի խտացեալ աշխատանքներուն շրջագծով ապրուեցաւ գաղափարներու տարափ մը եւ աւարտին հեղինակաւոր ակադեմականներու կողմէ կատարուեցաւ գիտաժողովի ամփոփումը։ Հարկ է նշել, որ այս ձեռնարկը ձօնուած էր նորոգ հանգուցեալ յոյն մտաւորական Վանկելիս Քեխ-րիոթիսի յիշատակին, իսկ երէկ ան ոգեկոչուեցաւ նաեւ իր մահուան քառասնից լրման առթիւ։ Գիտաժողովի շաբաթավերջի նիստերն ալ տեղի ունեցան Գարագիւղի պատմական «Միներվա» խանին մէջ, որ կը հանդիսանայ «Սապանճը» համալսարանի մասնաշէնքերէն մին։
Ըստ մշակուած ծրագրին, գիտաժողովի Շաբաթ օրուան բաժինը ըստ էութեան յատկացուած էր գեղագիտութեան առանցքին։ Օրուան առաջին նիստը գեղարուեստի եւ ժապաւէններու առանցքին շուրջ ընթացաւ, Սիպէլ Ըրզըքի գլխաւորութեամբ։ Ատենախօսներն էին սփիւռքահայ յայտնի դերասանուհի Արսինէ Խանճեան եւ Օնուր Եազըճըկիլ։ Վիճարկողն էր Տէյվիտ Գազանճեան։ Գրականութեան ուղղեալ յաջորդ նիստը վարեց Հիւլիա Ատաք։ Մուրատ Ճանքարա, Տէյվիտ Գարազանճեան եւ Արարատ Շէքէրեան հանդէս եկան զեկուցումներով։ Վիճարկողներն էին Մուրատ Պելկէ եւ Սիպէլ Ըրզըք։ Ֆաթմա Միւկէ Կէօչէքի ղեկավարութեամբ կայացած յաջորդ ժողովն ալ նոյնպէս ընթացաւ գրականութեան առանցքով։ Նկատի ունենալով, որ զեկուցողը կը բացակայէր՝ նիստավարը ընթերցեց Նանօր Քեպրանեանի զեկուցումը։ Աւելի վերջ արտայայտուեցան Մելինա Թումանի, Պալինթ Քովաքս եւ Տիանա Քաջոյեան-Շանց։ Վիճարկողն էր Հիւլիա Ատաք։ Օրուան վերջին նիստը յատկացուած էր ցեղասպանութեան ժամանակակից քաղաքականութիւններուն։ Նիստավարն էր Այշէ Էօնճիւ։ Այշէ Փարլա ներկայացուց զեկուցում մը՝ իր եւ Ճերէն Էօզկիւլի համատեղ հեղինակութեամբ պատրաստուած նիւթի մը վրայ։ Յաջորդեց Անոյշ Սիւնիի զեկուցումը, որմէ վերջ ներկաները հետեւեցան Այշէ Կիւլ Ալթընայի եւ Առլէն Աւագեանի կողմէ պատրաստուած համատեղ նիւթին։ Մինչ Ալթընայ ներկայացուց իր բաժինը, Աւագեալի խօսքը փոխանցեց Անոյշ Սիւնի։ Վերջին ատենախօսը եղաւ Այշէնուր Քորքմազ։ Վիճարկողն էր Լէյլա Նէյզի։
Երէկուան նիստերը արդէն ունէին աւելի բաց բնոյթ մը։ Այս հանգամանքին հիմնական պատճառը այն էր, որ գիտաժողովի առաջին երեք օրերուն անգլերէնով յառաջ տարուած աշխատանքներէն վերջ երէկ լեզուն արդէն փոխուեցաւ թրքերէնի։ Ցեղասպանութեան եւ անոր ուսուցման վերաբերեալ նոր հեռանկարներուն յատկացուած նիստը վարեց Պիւլենտ Պիլմէզ։ Զեկուցողներն էին Հիւլիա Ատաք, Ֆաթմա Միւկէ Կէօչէք, Քերէմ Էօքթէմ եւ Ուղուր Իւմիտ Իւնկէօր։ Յետմիջօրէի նիստին Ֆաթմա Միւկէ Կէօչէք եւ Հիւլիա Ատաք անդրադարձան այս գիտաժողովին եւ անոր ծնունդ տուած աշխատանոցին վերաբերեալ գործընթացներուն՝ 2015 թուականին կտրուածքով։ Հուսկ եզրափակիչ նշումներով եւ ամփոփիչ խորհրդածութիւններով հանդէս եկան «Սապանճը» համալսարանէն երեք անուններ՝ Այշէ Քատըօղլու (Գեղարուեստից եւ ընկերային գիտութիւններու ֆաքիւլթէի տեսուչ), Թոսուն Թերզիօղլու (նախկին նախագահ ու դասախօս) եւ Հալիլ Պերքթայ (պատմութեան դասախօս)։
Թոսուն Թերզիօղլու եւ Հալիլ Պերքթայ անդրադարձան 2005 թուականին կազմակերպուած նշանաւոր գիտաժողովին, որու իրականացումը անկիւնադարձ մը եղած էր Թուրքիոյ մէջ հայկական հարցի քննարկման եւ պաշտօնական տեսակէտներուն այլընտրանքներու ընդգծման տեսանկիւնէն։ Թերզիօղլու այդ շրջանին եղած էր «Սապանճը» համալսարանի վերատեսուչը։ «Կայսրութեան վերջին շրջանին օսմանեան հայերը» խորագրեալ այդ գիտաժողովը կազմակերպուած էր՝ «Սապանճը», «Պողազիչի» եա «Պիլկի» համալսարաններուն համատեղ նախաձեռնութեամբ՝ այս վերջնոյն հիւրընկալմամբ։ Թոսուն Թերզիօղլու եւ Հալիլ Պերքթայ փոխանցեցին զանազան մանրամասնութիւններ եւ յիշատակներ՝ ծանրանալով ներքին խոհանոցային շարք մը իրադարձութիւններուն եւ կազմակերպիչներու դիմագրաւած հակազդեցութիւններուն վրայ։ Անոնք մասնաւորապէս ընդգծեցին այդ շրջանի վարչապետ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի (այժմու նախագահ) եւ արտաքին գործոց նախարար Ապտուլլահ Կիւլի (նախկին նախագահ) կողմէ ցուցաբերուած աջակցութիւնը։
Փակման նշումներուն ժամանակ հետաքրքրական տեսակէտներ արտայայտեց նաեւ Այշէ Քատըօղլու։ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին շարժառիթով կը կազմակերպուին բազմաթիւ ձեռնարկներ եւ այս մթնոլորտին մէջ միշտ կը խօսուի ուրացման խնդրին մասին։ Ի դէպ, ըստ Քատըօղլուի, ուրացման հարցն ալ, իր հերթին, կ՚ունենայ զանազան դրսեւորումներ եւ բանաձեւումներ։ Այս բոլորը յառաջ կը տարուին ապրուածները տրամաբանութեան սահմաններու մէջ տեղադրելու համար։ Կը խօսուի պատերազմական պայմաններու, փոխադարձ սպանութիւններու մասին, կը նշուի նաեւ, որ ապրուածը չէ պատահած առանց պատճառի։ Այշէ Քատըօղլու այս արդարացման փորձերը համարեց ծայր աստիճան անհանգստացուցիչ, որովհետեւ այնտեղ կը յառաջանան շեշտադրումներ, թէ ապրուածը ծնունդ առած էր անհրաժեշտութենէ մը։ Ուրացման զուգահեռ յառաջ քշուած այս անհրաժեշտութեան բանաձեւումը, ըստ Քատըօղլուի, ուղղուած է դէպքի դերակատարները պատասխանատուութենէ փրկելու։
Իր խօսքին մէջ ան մէջբերեց Մարկարէթ Մաք Միլանի գրքին գաղափարները։ Այսպէս, 1914-ին Ա. Աշխարհամարտի սկսելէն առաջ եւս աշխարհի վրայ գոյութիւն ունէին գործօններ, որոնք կրնային հրահրել պատերազմ մը, սակայն կը պահպանուէր խաղաղութիւնը։ Ի՞նչ պատահած էր 1914 թուականին, որ կարելի չէր եղած յամենայնդէպս պահպանել խաղաղութիւնը ու ծագած էր պատերազմը։ Այշէ Քատըօղլու համոզուած է, որ 1915-ին ալ պէտք է մօտենալ նման հարցադրումներով։ Ան ընդգծեց դերակատարներուն եւ անոնց առած որոշումներուն կարեւորութիւնը։ Իր խօսքերով, քննադատական մտքի, հարցաքննող մտածելակերպի զարգացման տեսանկիւնէն մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ ակադեմական մթնոլորտը։ Ըստ իրեն, այսօր Հայոց ցեղասպանութեան մասին խօսիլը միեւնոյն ժամանակ կը նշանակէ նաեւ խօսիլ՝ անոր ուսուցման եղանակներուն մասին։ Իր համոզմամբ, ակադեմիան պէտք է ասպարէզ կարդայ այդ անհրաժեշտութեան, անխուսափելիութեան բանաձեւումներուն դէմ եւ քօղարկեալ յիշողութիւնը պէտք է մերկացուի՝ յանուն գիտական անկախացման, ազատութեան։
Այշէ Քատըօղլու խօսքի եզրափակիչ հանգրուանին ընդգծեց յիշողութեան կարեւորութիւնը ու մէջբերեց գրող Ժորժ Սանթայանայի մօտեցումները, թէ զարգացումը, յառաջընթացը փոփոխութենէ աւելի աղերս ունին յիշելու հետ։