Էջմիածնէն Լմբատաւանք բերուած է Սուրբ Ստեփանոսի մասունքը

Ի նշան Լմբա­տա­ւան­քի «Սուրբ Ստե­փա­նոս նա­խավ­կա­յի» ե­կե­ղե­ցիի վե­րա­զար­թօն­քի, ար­դէն երկ­րորդ տա­րին է՝ Հոկ­տեմ­բե­րի ա­ռա­ջին շա­բա­թը կը նշուի Լմբա­տա­ւան­քի ուխ­տի օ­րը: Այդ օ­րը Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նէն Լմբա­տա­ւանք կը բե­րուի Սուրբ Ստե­փա­նո­սի մա­սուն­քը եւ կը մա­տու­ցուի Սուրբ Պա­տա­րագ։ Յա­ւարտ Սուրբ Պա­տա­րա­գի սուրբ մա­սուն­քով կը կա­տա­րուի Ան­դաս­տա­նի կարգ եւ մա­տա­ղի օրհ­նու­թիւն։ Ե­կե­ղե­ցա­կան ա­րա­րո­ղու­թեան ա­ւար­տը կը վե­րա­ծուի ժո­ղովրդա­կան ու­րա­խու­թեան:
«Ար­մէնփ­րէս» գործակալութեան հա­ղորդ­մամբ, Լմբա­տա­ւան­քի վա­նա­հայր, Ար­թիկ քա­ղա­քի հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Լե­ւոն քա­հա­նայ Յով­հան­նի­սեան ը­սաւ. «Ար­թի­կի բնա­կիչ­նե­րու հա­մար Լմբա­տա­ւան­քը շատ կա­րե­ւոր է՝ որ­քան Կար­մի վան­քը: Ան իւ­րա­յա­տուկ ճար­տա­րա­պե­տա­կան տեսք ու­նե­ցող ե­կե­ղե­ցի մըն է՝ ե­զա­կին իր կա­ռու­ցուած­քով»:

«Այ­սօր ոչ միայն կայ տա­րած­քի նո­րոգ­ման, այ­լեւ  տա­րած­քի պե­ղում­նե­րու խնդիր, քա­նի որ, ըստ պատ­մա­կան աղ­բիւր­նե­րու, Լմբա­տը ե­ղած է վա­նա­կան հա­մա­լիր, սա­կայն, այ­սօր պահ­պա­նուած է միայն ե­կե­ղե­ցին», նշեց Տ. Լե­ւոն Քա­հա­նայ Յով­հան­նի­սեան:

Այս ան­գամ ալ Հոկ­տեմ­բե­րի 1-ին Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նէն Լմբա­տա­ւանք բե­րուած է Սուրբ Ստե­փա­նո­սի մա­սուն­քը եւ մա­տու­ցուած է Սուրբ Պա­տա­րագ՝ Ար­թի­կի Թե­մի Ա­ռաջ­նոր­դա­կան Տե­ղա­պահ Տ. Նա­րեկ Վար­դա­պետ Ա­ւա­գեա­նի ձե­ռամբ։ Սուրբ Ստե­փա­նո­սի տօ­նը թէեւ կը նշուի Դեկ­տեմ­բե­րի ա­ռա­ջին շա­բա­թը, սա­կայն ան­բա­րեն­պաստ ե­ղա­նա­կի պատ­ճա­ռով, երբ սուրբ մա­սունք­նե­րը կը բե­րուէր Լմբատ, քի­չեր միայն հա­ղոր­դա­կից կը դառ­նա­յին։ Իբր այդ, ար­դէն երկ­րորդ տա­րին է, որ Ար­թի­կի Թե­մի ո­րոշ­մամբ՝ Սուրբ Ստե­փա­նո­սի մա­սունք­նե­րը կը տե­ղա­փոխուին Հոկ­տեմ­բե­րին՝ հնա­րա­ւո­րու­թիւն տա­լով բազ­մա­թիւ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու մաս­նակ­ցե­լու այս ա­րա­րո­ղու­թեան: Մի­ջո­ցա­ռում­նե­րուն մաս­նակ­ցե­լու նպա­տա­կով Լմբատ ե­կած էին ոչ միայն հա­ւա­տա­ցեալ­ներ Շի­րա­կի ու Ար­թի­կի թե­մե­րէն, այլ նաեւ ուխ­տա­ւոր­ներ՝ Հա­յաս­տա­նի տար­բեր տա­րածք­նե­րէն:

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 5, 2016