ՄԻՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒՆ ՋԱՆՔԵՐԸ

ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի ե­ռա­նա­խա­գահ­նե­րը կը պատ­րաս­տուին ի­րենց հեր­թա­կան այ­ցե­լու­թիւ­նը տալ դէ­պի Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան տա­րած­քաշր­ջան։ Այս ու­ղե­ւո­րու­թեան սե­մին ա­մե­րի­կա­ցի հա­մա­նա­խա­գահ դես­պան Ճէյմս Ո­ւոր­լիք յոյս յայտ­նեց, թէ Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան եւ Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Ի­լ­համ Ա­լիեւ պի­տի հա­մա­ձայ­նին նոր տե­սակ­ցու­թիւն մը ու­նե­նա­լու հա­մար։ Ա­մե­րի­կա­ցի դի­ւա­նա­գէ­տի խօս­քե­րով, ներ­կա­յիս այդ հա­ւա­նա­կան տե­սակ­ցու­թեան վայրն ու ժամ­կէ­տը յայտ­նի չէ։ Հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը աշ­խա­տանք կը տա­նին, որ­պէս­զի հա­կա­մարտ կող­մե­րուն հետ լու­ծեն այդ հար­ցը։ Ճէյմս Ո­ւոր­լիք յի­շե­ցուց, որ մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լին Նիւ Եոր­քի մէջ, ՄԱԿ-ի ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վի նոր նըս-տաշրջա­նի աշ­խա­տանք­նե­րու սկիզ­բին ժա­մա­նակ, հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը ա­ռան­ձին հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցած են Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Էլ­մար Մա­մէ­տեա­րո­վի հետ։ Այդ հան­դի­պում­նե­րու ըն­թաց­քին քննար­կուած են Վիեն­նա­յի եւ Սեն Փե­թերս­պուր­կի մէջ ձեռք բե­րուած հա­մա­ձայ­նու­թիւն­ներն ու հե­տա­գայ քայ­լե­րը։ «Ամ­սա­վեր­ջին դէ­պի տա­րած­քաշր­ջան մեր այ­ցե­լու­թեան ժա­մա­նակ կը ծրագ­րենք ի­րա­կա­նաց­նել հան­դի­պում­ներ եւ կող­մե­րուն հետ քննար­կել հար­ցե­րը», ը­սաւ Ո­ւոր­լիք։

Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան մամ­լոյ ծա­ռա­յու­թեան ղե­կա­վար Է­լի­զա­պէթ Թրիւ­տովն ալ յայ­տա­րա­րեց, որ իր եր­կի­րը կ՚ա­ջակ­ցի Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման ու կը շա­րու­նա­կէ աշ­խու­ժօ­րէն հա­մա­գոր­ծակ­ցիլ հա­կա­մարտ կող­մե­րուն հետ։ ԱՄՆ-ի պե­տա­կան քար­տու­ղա­րու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը շեշ­տեց, որ խա­ղա­ղու­թեան հա­մար պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը կը վի­ճա­կի եր­կու եր­կիր­նե­րու ա­ռաջ­նորդ­նե­րուն։ «Մենք կը փա­փա­քինք հաս­տա­տել ա­նոնց կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ճա­նա­պար­հով խա­ղա­ղու­թեան հաս­նե­լու ուղ­ղու­թեամբ։ Ըլ­լա­լով ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ եր­կիր՝ մեր դիր­քո­րո­շու­մը այն է, որ ար­դար կար­գա­ւո­րու­մը պէտք է հիմ­նուած ըլ­լայ մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւուն­քի վրայ, ինչ որ կը նե­րառ­նէ Հել­սին­քեան եզ­րա­փա­կիչ աք­թը՝ ու­ժի կամ ու­ժի սպառ­նա­լի­քի չկի­րա­ռում, տա­րած­քա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թիւն եւ ինք­նո­րո­շում», ը­սաւ Է­լի­զա­պէթ Թրիւ­տով։

Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ, Թրիւ­տով շեշ­տեց, թէ այս հա­կա­մար­տու­թեան վե­րա­բե­րեալ Ո­ւա­շինկ­թը­նի եր­կա­րա­ժամ­կէտ դիր­քո­րոշ­ման հա­մա­միտ են նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի միւս հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը։

Միւս կող­մէ, ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի շրջա­նա­յին նա­խա­գահ երկ­րի՝ Գեր­մա­նիոյ Պա­քուի մօտ դես­պա­նը՝ Մի­խա­յէլ Քինտսկ­րապ յայտ­նեց, որ իր եր­կի­րը ջան­քեր կը գոր­ծադ­րէ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րին շուրջ բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցի վե­րա­կանգն­ման նպա­տա­կով։ Պեր­լին կը սա­տա­րէ ղա­րա­բա­ղեան հա­կա­մար­տու­թեան խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման։

Դես­պա­նը յի­շե­ցուց, որ Գեր­մա­նիա կ՚ան­դա­մակ­ցի ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կին ու բո­լոր ջան­քե­րը կը գոր­ծադ­րէ բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցի վե­րա­կանգն­ման նպա­տա­կով։ Ան յի­շե­ցուց, որ Գեր­մա­նիոյ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ֆրանք Վալ­թէր Շթայն­մա­յէր այ­ցե­լու­թիւն­ներ տուած է Ե­րե­ւան եւ Պա­քու՝ որ­պէս ԵԱՀԿ-ի շրջա­նա­յին նա­խա­գահ երկ­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ։

«Այդ ըն­թաց­քին նա­խա­րա­րը յստակ ար­տա­յայ­տեց իր դիր­քո­րո­շու­մը՝ ա­ջակ­ցե­լու հա­մար հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման։ Ներ­կայ կար­գա­վի­ճա­կի պահ­պա­նու­մը ա­նըն­դու­նե­լի է։ Մենք մշտա­պէս կա­պի մէջ ենք հա­կա­մարտ կող­մե­րուն հետ բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցի վե­րա­կանգն­ման հա­մար՝ նպա­տակ ու­նե­նա­լով հաս­նիլ խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման», ը­սաւ գեր­մա­նա­ցի դես­պա­նը եւ ա­ւել­ցուց, թէ աշ­խա­տանք կը տա­նին նաեւ լա­րուա­ծու­թեան թու­լաց­ման ուղ­ղու­թեամբ։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 5, 2016