ԱՊԱԳԱՅԻ ՀԱՄԱՐ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ այցելեց Թեհրան, ուր շատ կարեւոր շփումներ ունեցաւ՝ տարածքաշրջանի վերջին իրադարձութիւններու լոյսին տակ։ Միօրեայ այցելութեան ընթացքին ան հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Սատապատի պալատէն ներս Իրանի Նախագահ Հասան Ռուհանի Էրտողանը դիմաւորեց պաշտօնական արարողութեամբ։ Երկու ղեկավարները ունեցան առանձնազրոյց մը, գլխաւորեցին ընդլայնուած կազմով բանակցութիւնները եւ սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Օրուան տեւողութեան Էրտողան ընդունուեցաւ նաեւ Իրանի կրօնապետ Այէթուլլահ Ալի Խամանէյի կողմէ, Հասան Ռուհանիի ներկայութեամբ։

Հիւսիսային Իրաքի քրդական ինքնավարութեան կողմէ կազմակերպուած անկախութեան հանրաքուէն գրեթէ բնորոշեց Էրտողանի Թեհրանի մէջ ծաւալած քննարկումներուն օրակարգը։ Այէթուլլահ Ալի Խամանէյի խօսքերով՝ այդ հանրաքուէն դաւաճանութիւն մըն է տարածքաշրջանին համար եւ սպառնալիք մը անոր ապագային տեսակէտէ։ «Իրան եւ Թուրքիա պէտք է առնեն բոլոր քայլերը։ Իրաքն ալ պէտք է շարժման անցնի», ըսաւ Խամանէյ եւ աւելցուց, որ վերջին դէպքերը առաջին հերթին կը ծառայեն սիոնիստ վարչախումբի շահերուն եւ աւելի վերջ ալ՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն։ Իրանի կրօնապետին բանաձեւումով՝ օտար ուժերը որոնումներու մէջ են նոր Իսրայէլ մը ստեղծելու նպատակով։

Էրտողանն ալ Թեհրանի մէջ յայտնեց, որ Թուրքիա չի ճանչնար Հիւսիսային Իրաքի մէջ կազմակերպուած հանրաքուէն եւ այդ մէկը կը համարէ ապօրինի։ Ըստ իրեն, Հիւսիսային Իրաք 350 քիլօմեթր երկարութեամբ հիւսիսէն սահմանակից է Թուրքիոյ հետ։ Արեւելքին կը գտնուի Իրան, արեւմուտքին՝  Սուրիան եւ հարաւին՝ Իրաքը, այսինքն Պաղտատի կեդրոնական ղեկավարութիւնը։ Հետեւաբար, Էրտողանի խօսքերով, Հիւսիսային Իրաք ի՞նչ բանի համար հանրաքուէ կ՚ընէ։ Բացի Իսրայէլէն աշխարհի վրայ չկայ այլ երկիր մը, որ ճանչնայ զինքը։ «Մոսատի հետ սեղանի շուրջ նստելով առնուած որոշումները չեն կրնար ըլլալ օրինական, ապօրինի են», ըսաւ Էրտողան։ Այս քայլը մեկուսացման պիտի դատապարտէ Հիւսիսային Իրաքի տեղական ղեկավարութիւնը։ Իրանի եւ Թուրքիոյ այս նիւթին վերաբերեալ վճռակամութիւնը ակնյայտ է։ Երկու երկիրները իրենց երկխօս կը ճանչնան Պաղտատի կեդրոնական իշխանութիւնները։ 

Էրտողան յիշեցուց, որ արդէն կարգ մը քայլեր առնուած են Հիւսիսային Իրաքի քրդական ինքնավարութեան դէմ՝ Թուրքիոյ, Իրանի եւ Իրաքի կեդրոնական ղեկավարութեան կողմէ։ Յառաջիկայ շրջանին կը նախատեսուին նաեւ աստիճանաբար աւելի ծանր քայլեր։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ Էրտողան անդրադարձաւ նաեւ Սուրիոյ խնդրին։ Այս պարագային ալ կը բանի եռակողմանի դրութիւն մը։ Իրան, Թուրքիա եւ Սուրիա յառաջ կը տանին Աստանայի գործընթացը։ «Սուրիոյ պարագային մեծապէս կը կարեւորենք բախումներէ զերծ գօտիները։ Շնորհիւ այս եռակողմանի դրութեան, ահաբեկչական խմբաւորումներու դէմ պայքարը թափ պիտի ստանայ եւ անմեղ մարդիկ պիտի փրկուին տուժելէ», ըսաւ նախագահ Էրտողան։

Իր կարգին, Հասան Ռուհանին ալ յայտնեց, որ երէկուան բանակցութիւններու արդիւնքին առնուած են շատ կարեւոր որոշումներ։ Ան տեղեկացուց, որ երկու երկիրները յետայսու առեւտուր պիտի կատարեն իրենց ազգային արժոյթներով։ Ճամբորդութիւնները պիտի դիւրացուին եւ առեւտուրը խրախուսելու համար աշխատանքներ պիտի կատարուին։ Երկու երկիրներու միջեւ գոյութիւն ունեցող երեք սահմանները, անցակէտերը պիտի սկսին գործել շուրջօրեայ։

Թեհրանի մէջ երէկ յայտնի դարձաւ, որ թրքական կողմը պատրաստակամ է Իրանէն աւելի շատ բնական կազ ներածելու։ Այս ուղղութեամբ քննարկումներ պիտի սկսին երկու երկիրներու պատկան նախարարութիւններուն միջեւ։

Էրտողան շեշտեց, որ երկու երկիրներու դրամատուները յառաջիկայ շրջանին փոխադարձ պիտի հաստատեն նոր մասնաճիւղեր։

Թեհրանի շփումներուն ընթացքին Էրտողանին ընկերացան Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Հուլուսի Աքար, Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու, Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլու, Ազգային պաշտպանութեան նախարար Նուրետտին Ճանիքլի, Տնտեսութեան նախարար Նիհատ Զէյպեքճի, Ուժանիւթի նախարար Պերաթ Ալպայրաք, Առեւտուրի նախարար Պիւլենտ Թիւֆենքճի, Մշակոյթի նախարար Նուման Քուրթուլմուշ, այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, ինչպէս նաեւ ԱՔ կուսակցութեան փոխ-կուսակցապետ Մեհտի Էքէր։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 5, 2017