ԵԱՀԿ-Ի ՄԻՆՍՔԵԱՆ ԽՄԲԱԿԻ ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀԸ ԵՐԷԿ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱՐՑԱԽ

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ամերիկացի նորանշանակ համանախագահ Էնտրու Շեֆըր երէկ այցելեց Ստեփանակերտ, ուր Արցախի ղեկավարութեան կողմէ հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Էնտրու Շեֆըր մօտաւոր ապագային կոչուած է իր պաշտօնին եւ վաղուընէ սկսեալ առաջին անգամ պիտի մասնակցի ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու տարածքաշրջանային հերթական այցելութեան՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման առաջադրութեամբ գործադրուած ջանքերու ծիրէն ներս։ Միւս համանախագահներուն հետ Երեւան եւ Պաքու այցելելէ առաջ, Էնտրու Շեֆըր երէկ շփումներ ունեցաւ Ստեփանակերտի մէջ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Արցախի Նախագահ Բակօ Սահակեան հանդիպում մը ունեցաւ ամերիկացի դիւանագէտին հետ, որ ճանաչողական այցելութեամբ մեկնած էր Ստեփանակերտ։ Բակօ Սահակեան շնորհաւորեց նորանշանակ համանախագահը եւ մաղթեց արդիւնաւէտ աշխատանք։ Քննարկուեցան ղարաբաղեան հակամարտութեան, սահմաններու առկայ իրավիճակին եւ տարածքաշրջանային գործընթացներուն վերաբերեալ հարցեր։ Երկուստեք կարեւորուեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի շրջանակներէն ներս հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման եւ այս ուղղութեամբ հետեւողական աշխատանքներու իրականացման անհրաժեշտութիւնը։

Էնտրու Շեֆըր Ստեփանակերտի մէջ ընդունուեցաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեանի կողմէ։ Այս վերջինը եւս ամերիկացի դիւանագէտը շնորհաւորեց նոր պաշտօնին կապակցութեամբ եւ յաջողութիւններ մաղթեց՝ առաքելութեան իրականացման ուղղութեամբ։ Լեւոն Մնացականեան զրոյցի ընթացքին անդրադարձաւ Արցախի եւ Ատրպէյճանի հակամարտ զօրքերու շփման գծի առկայ իրադրութեան եւ այդ իրադրութենէն բխած զարգացումներուն։

Էնտրու Շեֆըր լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին յայտնեց, որ Բակօ Սահակեանի հետ իր զրոյցը եղած է շատ արդիւնաւէտ։ Քննարկուած են հակամարտութեան վերաբերեալ բազմաթիւ հարցեր։ «Տեղեակ եմ հակամարտութենէն։ Սա իսկապէս բարդ է։ Խաղաղ կարգաւորման համար պիտի շարունակենք պարբերաբար այցելել տարածքաշրջան ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի միւս համանախագահներուն հետ», ըսաւ ամերիկացի դիւանագէտը։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 5, 2017