ՊԱՐԶԱԲԱՆՄԱՆ ՀԱՄԱՐ ՀԱՐՑԱՔՆՆՈՒԹԻՒՆ

Չեխիոյ Ծերակոյտի նախագահ Միլան Շթեխ երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ, ուր հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արա Պապլոյեանի կողմէ։ Օրուան տեւողութեան բարձրաստիճան հիւրը տեսակցեցաւ նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ։ Արա Պապլոյեան եւ Միլան Շթեխ սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին անդրադարձան երկու երկիրներու միջեւ խորհրդարանական համագործակցութեան զարգացման վերաբերեալ նիւթերու։

Միլան Շթեխի շփումներուն ընթացքին կարծիքներ փոխանակուեցան նաեւ տարածքաշրջանային եւ միջազգային արդի խնդիրներու շուրջ։ Անդրադարձ կատարուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։ Շթեխ յայտնեց, որ Չեխիա կ՚աջակցի հիմնախնդրի բացառապէս խաղաղ կարգաւորման եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու այս ուղղութեամբ գործադրած ջանքերուն։

Երեւանի հանդիպումներուն ընթացքին օրակարգի վրայ եկաւ նաեւ գայթակղեցուցիչ իրադարձութիւն մը, որ վերջին շրջանին հանրային կարծիքի ուշադրութեան առարկայ դարձած է։ Այսպէս, Ատրպէյճան Չեխիայէն աղմկայարոյց գործարքով մը ապահոված է զէնքեր։ Միլան Շթեխ Երեւանի մէջ բացատրեց, որ այդ վաճառքը իրականացնող չեն ունեցած Չեխիոյ իշխանութիւններու թոյլտուութիւնը ու ներկայիս ձեռնարկուած է հարցաքննութեան՝ պարզելու համար, թէ ինչպէս կատարուած է այդ գործարքը։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 5, 2017