ՍԵԼՄԱՆ ԹԱԳԱՒՈՐԸ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ՄՈՍԿՈՒԱ

Սէուտական Արաբիոյ Սելման թագաւորը այսօր շփումներ կ՚ունենայ Մոսկուայի մէջ, ուր կը հիւրընկալուի Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէ։ Ան երէկ երեկոյեան ժամերուն հասաւ Մոսկուա, ուր դիմաւորուեցաւ պաշտօնական արարողութեամբ։ Պատմութեան մէջ առաջին անգամ Սէուտական Արաբիայէն թագաւոր մը կ՚այցելէ Ռուսաստան։ Միջազգային աղբիւրներու հաղորդումներով, Սելման թագաւորը մեծ պատիւներով կը հիւրընկալուի Ռուսաստանի ղեկավարութեան կողմէ։

Ըստ քաղաքական մեկնաբաններուն, Սելման թագաւորի այցելութիւնը պայմանաւորուած է զանազան հանգամանքներով։ Այսպէս, Ռուսաստան Մերձաւոր Արեւելքի կարեւորագոյն դերակատարներէն մին է։ Սուրիոյ մէջ վերջին շրջանին դէպքերուն ընդհանուր ընթացքը երկրի ղեկավար Պեշար Էսատի տեսակէտէ նպաստաւոր հունէ մը ներս մտած է։ Ի լրումն այս բոլորին, տարածքաշրջանէ ներս աւելցած է նաեւ Իրանի ազդեցութիւնը։ Սելման թագաւորի Մոսկուա այցը կը մեկնաբանուի այս հիմնական առանցքներուն շուրջ։

Բանակցութիւններու ընթացքին օրակարգի վրայ կու գան շարք մը նուրբ խնդիրներ. ինչպէս՝ քարիւղն ու բնական կազը, Սուրիոյ ճգնաժամը եւ Իրանը։ Փութին եւ Սելման թագաւորը այս հարցերուն շուրջ կը ծաւալեն դռնփակ քննարկումներ։ Կարգ մը ռուսական լրատուամիջոցներ այս այցելութիւնը կ՚որակեն՝ թագաւորին կողմէ տրուած այցելութիւն մը Մերձաւոր Արեւելքի նոր իշխանին։ Բնականաբար, ռուս ղեկավարն ու Սելման թագաւորը քարիւղի վերաբերեալ նիւթերու վրայ պիտի ծանրանան առաջնահերթօրէն։ Ռիատի ղեկավարութիւնը այս շրջանին անհանգստացած է Սուրիոյ իրադարձութիւններուն բերումով տարածքաշրջանէ ներս Իրանի գործօնի ամրա-պընդման։ Մեկնաբաններ հաւանական կը նկատեն, որ Սելման թագաւորը Մոսկուայի մէջ բացայայտօրէն փոխանցէ կարգ մը պատգամներ։ Արդարեւ, Ռիատի ղեկավարութիւնը պատրաստակամ է խրախուսելու Սուրիոյ ներքին պատերազմի կարգաւորման այն վարկածները, որոնցմէ դուրս կրնայ թողուիլ Իրանը։

ՔԱՐԻՒՂԻ ԳԻՆԵՐԸ

Միւս կողմէ, Վլատիմիր Փութին անդրադարձաւ Հիւսիսային Իրաքի մէջ կազմակերպուած անկախութեան հանրաքուէին յաջորդած իրադարձութիւններուն։ Մեկնաբանելով Հիւսիսային Իրաքի քրդական ինքնավարութեան դէմ նախատեսուած շրջափակումներու հաւանականութիւնը՝ Վլատիմիր Փութին շեշտեց, որ այդպիսի քայլ մը պիտի բարձրացնէ քարիւղի գիները։ «Չեմ կարծեր, թէ ոեւէ մէկը փափաքի նման իրադարձութիւն մը։ Բնականաբար, պիտի ապրինք ու պիտի տեսնենք, որ իսկական կեանքի մէջ ի՛նչեր պիտի ապրուին», ըսաւ Փութին։

Հիւսիսային Իրաքէ ներս կազմակերպուած հանրաքուէին վերաբերեալ հարցումի մը պատասխանելով՝ ռուս ղեկավարը յայտնեց՝ «Մենք Իրաքէ ներս բնակող քիւրտ ժողովուրդին հետ  վաղուց ունինք լաւ յարաբերութիւններ։ Մենք միջամուխ չենք դառնար խնդրոյ առարկայ դէպքերուն ու ոեւէ մէկը չենք գրգռեր ոեւէ մէկուն դէմ։ Քրդական ինքնավարութեան շուրջ վէճերը հրահրելու փոխարէն՝ պէտք է կացութիւնը հանդարտեցնել։ Պէտք է նպաստել, որ շահագրգիռ կողմերը բանակցութիւններու միջոցաւ լուծում մը գտնեն։ Մենք այս նիւթին շուրջ կ՚արտայայտուինք ծայր աստիճան վերապահութեամբ»։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 5, 2017