ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆ

Ֆրանսայի Ներքին գործոց նախարար Ժերար Քոլոն վերջին օրերուն Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնին ներկայացուց իր հրաժարականը։ Սա Ֆրանսայի ներքին քաղաքական կեանքին տեսակէտէ յատկանշական իրադարձութիւն մըն է։

Ժերար Քոլոն նախապէս Լիոնի քաղաքապետի պաշտօնը կը վարէր։ Անոր նախարար նշանակուելէն վերջ Լիոնի քաղաքապետի պաշտօնը ստանձնած էր Ժորժ Քեփենէքեան։

Ըստ «Նոր Յառաջ» թերթի հաղորդումներուն, հիմա որ Ժերար Քոլոն հրաժարած է նախարարի պաշտօնէն՝ Ժորժ Քեփենէքեան կը պատրաստուի թողուլ Լիոնի քաղաքապետի պաշտօնը՝ որպէսզի Ժերար Քոլոն վերստին անցնի այդ պաշտօնին գլուխը։ «Լը Ֆիկարօ» թերթին տուած հարցազրոյցին մէջ Ժորժ Քեփենէքեան բացատրած է, որ իրենց միջեւ կար բարոյական համաձայնութիւն մը։ Ըստ Քեփենէքեանի, յամենայնդէպս նախատեսուած էր Քոլոնի վերադարձը 2020 թուականի քաղաքապետական ընտրութիւններուն համար եւ ինք յանձնառու էր անոր թեկնածութիւնը պաշտպանել։ Քեփենէքեան դրուատած է Ժերար Քոլոնը՝ ըսելով, որ ան կերպարանափոխած է Լիոն քաղաքը, հսկայ աշխատանք տարած է ու մեծ փորձառութիւն ապահոված։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 5, 2018