ԿԼԵՆՏԷՅԼԻ ԴՊՐՈՑՆԵՐԷՆ ՄԷԿՈՒՆ ՄԷՋ ԿՌԻՒ ԾԱԳԵՑԱՒ ՀԱՅ ԵՒ ՄԵՔՍԻԿԱՑԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ ՄԻՋԵՒ

Կլենտէյլի դպրոցներէն մէկուն մէջ ծեծկռտուք տեղի ունեցաւ հայ եւ մեքսիկացի աշակերտներուն միջեւ։ Ամերիայի Միացեալ Նահանգներու Գալիֆորնիոյ նահանգէն ներս, հայաշատ Լոս Անճելըսի Կլենտէյլ քաղաքի դպրոցներէն մէկուն մէջ ծագած այս դէպքը ստեղծած է լայն արձագանգ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ծեծկռտուքը սկսած է երկու աշակերտի միջեւ, աւելի վերջ ներգրաւուած է տասնեակէ աւելի աշակերտ։ Դպրոցի տնօրէնութիւնը հրաւիրած է ոստիկանութիւնը։

Կլենտէյլի ոստիկանութեան բանբեր Տեն Սետլըս նշեց, որ դէպքին պատճառաւ ոեւէ մէկը չէ տուժած, զէնք չէ օգտագործուած եւ դէպքը արագօրէն հարթուած է։ Ոստիկանութիւնը տակաւին չէ ստուգած ծեծկռտուքի պատճառը, սակայն մասնաւոր զրոյցներու մէջ աշակերտները նշած են, որ երկու խումբ տղոց միջեւ ծագած է այդ ծեծկռտուքը։ Տուեալ դպրոցէն ներս դէպքին հետեւանքով դասերը ընդհատուած են, փակուած են նաեւ յարակից տարրական եւ միջնակարգ դպրոցները՝ որպէս անվտանգութեան յաւելեալ միջոց։

Կլենտէյլի դպրոցներու միացեալ մարմնի ղեկավար Ուինֆըրտ Ռապըրթսըն յայտնեց, որ իրենք արագօրէն կապ հաստատած են իրենց գործընկերներուն հետ։ Այս դէպքը ոստիկանութեան գործողութիւններուն շնորհիւ արագօրէն հարթուած է։ Իր խօսքով՝ արտակարգ իրավիճակներու մէջ պէտք է ճկուն ըլլալ։ Ան աւելցուց, որ աշակերտներու միջեւ հակասութեան վերջ տալու եւ խնդիրը հասկնալու համար այդ դպրոցը յառաջիկային պիտի դառնայ իրենց մարմնի անմիջական ուշադրութեան առարկայ։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 5, 2018