ՆԱԹՕ-Ի ԱՆԴԱՄ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐԸ ԺՈՂՈՎ ՄԸ ԳՈՒՄԱՐԵՑԻՆ ՊՐԻՒՔՍԵԼԻ ՄԷՋ

ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու պաշտպանութեան նախարարները վերջին օրերուն ժողով մը գումարեցին Պրիւքսելի մէջ։ Երկօրեայ հաւաքին մասնակցեցաւ նաեւ Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար։ Պրիւքսելի մէջ Հուլուսի Աքար ժողովներուն մասնակցելու առընթեր հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Պաշտպանութեան նախարար Ճէյմս Մաթիսի հետ։ Երկու նախարարները առաջնահերթօրէն անդրադարձան Սուրիոյ տագնապին եւ Մենպիչի պարագային որդեգրուած ճանապարհային քարտէսին։ Ինչպէս ծանօթ է, Անգարայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ միջոց մը առաջ համաձայնութիւն գոյացած էր՝ Մենպիչի վերաբերեալ խնդիրներու լուծման համար։ Յստակ ժամկէտներ կը նախատեսէր այդ ճանապարհային քարտէսը, սակայն ներկայիս կան յապաղումներ եւ թրքական կողմը անհանգիստ է, որ ամերիկեան կողմը ձգձգումներու պատճառ կը դառնայ այս առումով։

Տեղական մամուլի հաղորդումներով, Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցած Հուլուսի Աքար-Ճէյմս Մաթիս հանդիպման ընթացքին ալ օրակարգի վրայ եկաւ այս խնդիրը։ Աքար ընդգծեց, որ իննսուն օրուան ժամանակացոյցէն բաւական ետ մնացած է գործընթացը։ Թուրքիա բոլոր հարթութիւններու վրայ ամերիկեան կողմին կը փոխանցէ այն պատգամը, թէ այս գործընթացը պէտք է արագանայ եւ անոր ներկայ կացութենէն դժգոհ է։ Ամերիկացի պաշտօնակցին հետ տեսակցելէ վերջ Հուլուսի Աքար յայտնեց, որ իրենց նպատակն է Մենպիչի մէջ վերջ տալ ՓԵՏ-ԵՓԿ-ՓՔՔ-ի գոյութեան։

Միւս կողմէ, Պրիւքսելի ժողովներուն ընթացքին օրակարգի վրայ եկան այլ բազմաթիւ հրատապ նիւթեր։ Տեղի ունեցաւ նաեւ ՆԱԹՕ-Վրաստան յանձնաժողովի նիստը։ Երկօրեայ ժողովներու աւարտին Պրիւքսելի մէջ մամլոյ ասուլիս մը սարքեց ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկ, որ յայտնեց, թէ Վրաստան դաշինքի ամենամօտիկ գործընկերներէն մին է եւ ՆԱԹՕ-ի դռները միշտ բաց են իրեն համար։ Վրաստանի ինքնիշխանութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնն ու անվտանգութիւնը լիարժէք ձեւով կը պաշտպանուի ՆԱԹՕ-ի կողմէ։

Ընդհանուր քարտուղար Սթոլթենպերկ երէկ յայտնեց նաեւ, որ Ռուսաստան Սեւ ծովու մէջ զինուորական կուտակումներ կը կատարէ եւ ՆԱԹՕ մտահոգ է այս ուղղութեամբ։ Ըստ իրեն, Դաշինքը մեծ կարեւորութիւն կ՚ընծայէ Սեւ ծովու անվտանգութեան նկատմամբ։

Նախարարներու ժողովին յաջորդած մամլոյ ասուլիսին ժամանակ Սթոլթենպերկ շեշտեց նաեւ, որ ՆԱԹՕ անհրաժեշտ կը համարէ պաշտպանութեան ոլորտէ ներս ներդրումներու հրատապ ձեւով աւելցուիլը։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 5, 2018