ՊԱՏՈՒԱԲԵՐ ՊԱՐԳԵՒ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ Նիւ Եորքի մէջ պարգեւատրուեցաւ Արեւելք-Արեւմուտք կաճառին կողմէ։ Կալա-երեկոյթի մը ձեւաչափին մէջ կազմակերպուեցաւ մրցանակաբաշխման երեկոյթը, որուն ներկայ գտնուեցան անուանի պետական, հասարակական ու քաղաքական գործիչներ, դիւանագէտներ, գործարարներ եւ ամերիկահայ համայնքէն յայտնի դէմքեր։ Արեւելք-Արեւմուտք կաճառի տարեկան մրցանակը այս տարի շնորհուեցաւ 25-րդ անգամ։ Այդ մրցանակը հաստատուած է կաճառի համահիմնադիր, ամերիկացի դիւանագէտ Ճոն Էտուին Մրոզի անունով։ «Համաշխարհային պետական գործիչ» կը կոչուի այս մրցանակը, որուն նախապէս տիրացած են Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու 41-րդ նախագահ Ճորճ Պուշ, նախկին արտաքին գործոց նախարարներէն Հենրի Քիսինճըր, Անգլիոյ նախկին վարչապետներէն Թոնի Պլէյր, Գերմանիոյ նախկին վարչապետներէն Հելմութ Քոհլ, Չեխիոյ նախկին նախագահներէն Վացլաւ Հաւէլ, Ֆինլանտիոյ նախկին նախագահ, 2008 թուականի Նոպէլեան խաղաղութեան մրցանակակիր Մարթի Աղտիսաարի եւ այլք։ Միջազգային այս հեղինակաւոր մրցանակը աւանդաբար կը շնորհուի այնպիսի անձերու, որոնք ուշադրութիւն գրաւած են որպէս փայլուն առաջնորդ, նորարարութեան հեղինակ եւ կամ փոփոխութեան առաջամարտիկ։

«Համաշխարհային պետական գործիչ»ի մրցանակը այս տարի շնորհուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանին։ Երէկուան հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին, մրցանակը յանձնելու ժամանակ Արեւելք-Արեւմուտք կաճառի տնօրէններու խորհուրդի նախագահ Ռոս Փերոտ հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը։ Ներկաներուն խօսք ուղղեցին նաեւ «Դաւիթեան» հիմնադրամի նախագահ, ամերիկահայ բարերար Ասօ Դաւիթեան եւ Նիւ Եորքի «Քարնեկի» հիմնադրամի նախագահ Վարդան Գրիգորեան, որ ներկայացուց Հայաստանի ապագայի վերաբերեալ իր տեսլականը։

Նախագահ Արմէն Սարգսեանն ալ հաւաքոյթի ընթացքին հանդէս եկաւ շնորհակալութեան խօսքով մը։ Ան յայտնեց, որ իրեն համար շատ կարեւոր է այս մրցանակը։ «Ինծի համար մեծ պատիւ է այստեղ ներկայացնել իմ ազգը եւ պետութիւնը։ Ես իսկապէս ունիմ ապագայի մասին երազանք կամ տեսլական, որ կը ներառնէ նաեւ այն փաստը կամ իրողութիւնը, որուն մենք կ՚առերեսուինք։ Այդ մէկն է՝ դէպի ո՛ւր կ՚ընթանայ աշխարհ։ Եթէ 20-րդ դարը բնական պաշարներու եւ անոնց հիման վրայ քաղաքական եւ այլ ուժերու դարն էր, ապա 21-րդ դարը ուրիշ պիտի ըլլայ։ 21-րդ դարը հետազօտութիւններու զարգացման, նոր փորձագիտութիւններու դարն է։ 21-րդ դարը այն ժամանակաշրջանն է, երբ ամէն բան պիտի կատարուի եւ պիտի ղեկավարուի նոր գաղափարներու, նոր հետազօտութիւններու միջոցաւ։ Սա պիտի ըլլայ 21-րդ դարը, քաղաքականութիւնը այլ ձեւով պիտի իրականացուի», ըսաւ Արմէն Սարգսեան եւ աւելցուց իր համոզումը, թէ 21-րդ դարը Հայաստանի դարը պիտի ըլլայ։ «Կը կարծեմ, թէ մենք յաղթանակած պիտի ըլլանք։ Ուրախ եմ հայ ազգի մասը ըլլալով։ Մենք փոքր երկիր ենք, բայց համաշխարհային ազգ, 21-րդ դարու ազգ։ Շատ չեն այսպիսի ազգերը, սակայն ես համոզուած եմ, որ փոքր պետութիւն ունեցող, բայց համաշխարհային ազգերը, որոնք ունին համաշխարհային փոխադարձ կապեր, կրնան համախմբուիլ ու կառուցել իրենց երկիրը։ Սա է ապագան», մատնանշեց Արմէն Սարգսեան։

Պարգեւատրման արարողութեան ներկայ էին Ուաշինկթընի մօտ Հայաստանի դեսպան Գրիգոր Յովհաննիսեան, ԱՄՆ-է ներս գործող այլ հայ դիւանագէտներ, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեան եւ այլք։

Միւս կողմէ, պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Արմէն Սարգսեան Նիւ Եորքի մէջ աշխատանքային նախաճաշ մը ունեցաւ ամերիկացի յայտնի պետական գործիչ ու դիւանագէտ Հենրի Քիսինճըրի հետ։ Սարգսեան Հայաստան այցելել հրաւիրեց Քիսինճըրը։

Նիւ Եորքի մէջ Արմէն Սարգսեան հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Միւնիխի անվտանգութեան միջազգային համաժողովի նախագահ դեսպան Վոլֆկանկ Իշինկէրի հետ։ Այս վերջինը Արմէն Սարգսեանը հրաւիրեց՝ ելոյթ ունենալու Միւնիխի անվտանգութեան միջազգային համաժողովին։ Ինչպէս ծանօթ է, Միւնիխի անվտանգութեան միջազգային համաժողովը հեղինակաւոր հարթակ մըն է, որ ամէն տարի կը համախմբէ աշխարհի աւելի քան եօթանասուն երկիրներէ պետական, քաղաքական, հասարակական գործիչներ եւ դիւանագէտներ։

Արմէն Սարգսեան Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում մըն ալ ունեցաւ ամերիկացի յայտնի դիւանագէտ Ռիչըրտ Հաասի հետ, որ 2003 թուականէն ի վեր կը գլխաւորէ ԱՄՆ-ի Արտաքին յարաբերութիւններու խորհուրդը։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 5, 2018