ԼԵՀԱՍՏԱՆԷՆ ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆ ՀԱՍԱՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

Լեհաստանի կողմէ մարդասիրական օժանդակութիւն ուղարկուեցաւ Հայաստան՝ Արցախէն բռնի տեղահանուած հայոց կարիքներու դիմագրաւման նպատակով։ Երէկ երեկոյեան օժանդակութիւնը փոխադրած օդանաւը հասաւ Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանը։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, 10 թոն օժանդակութիւնը փոխադրած թռիչքին մասնակցեցաւ նաեւ Լեհաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վոյչէխ Կերվել, որ մտահոգութիւն յայտնեց գաղթականներու կացութեան շուրջ։ «Այս երեւոյթի ծաւալը այնքան մեծ է, որ այլ երկիրներ եւս օգնութեան կը հասնին։ Մենք կը փափաքինք ցոյց տալ այս դժուարին իրավիճակին մէջ Լեհաստանի աջակցութիւնը Հայաստանին», ըսաւ լեհ փոխ-նախարարը։

«Զուարթնոց» օդակայանին մէջ թռիչքն ու հիւր բարձրաստիճան պաշտօնատարը դիմաւորելու փութացած էր Հայաստանի ներքին գործոց նախարարի տեղակալ Արփինէ Սարգսեան, որ լրագրողներուն տեղեկացուց, թէ բռնի տեղահանուածներուն շուրջ 98 տոկոսը արդէն հաշուառուած է, անոնց կարիքներու ցանկը պատրաստուած է եւ կառավարութիւնը յարատեւ աշխատանք կը տանի այս բոլորին շուրջ։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 5, 2023