ԿՐԱՆԱՏԱՅԻ ԱՅՍՕՐՈՒԱՆ ՀՆԳԱԿՈՂՄԱՆԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ՋՆՋՈՒԱԾ
Հարաւային Կովկասէ ներս կայունութեան հաստատման ուղղեալ որոնումները ներկայիս բաւական հեռու են յոյս ներշնչելէ։ Արցախի ամբողջական հայաթափումէն վերջ Պաքու-Երեւան առանցքին վրայ երկխօսութիւնն ալ կը կաղայ լրջօրէն։ Մինչ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան պահպանման վերաբերեալ մտահոգութիւնները կը խորանան, Ատրպէյճան Հայաստանի հետ բարձր մակարդակի վրայ նախատեսուած շփումներուն համար յառաջ կը քշէ նոր պայմաններ, ինչ որ կը խորացնէ մտահոգութիւնները։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Եւրոպական քաղաքական համայնքի Կրանատայի այսօրուան գագաթաժողովի շրջանակին մէջ նախատեսուած հնգակողմ հանդիպումը երէկ վերջին պահուն յետաձգուեցաւ։ Ինչպէս ծանօթ է, Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ, մասնակցութեամբ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի եւ Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի, այսօր Կրանատայի մէջ պիտի տեսակցէին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ։ Պաքուէն երէկ հաղորդուեցաւ, որ Ալիեւ հրաժարած է այս հնգակողմանի հանդիպումէն ու պիտի չմեկնի Կրանատա։ Որպէս պատճառաբանութիւն՝ հաղորդուեցաւ, որ Ատրպէյճան առաջարկած է, որ հանդիպման մասնակցի նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան, իսկ Գերմանիան ու Ֆրանսան մերժած են այդ առաջարկը։ Ուստի, Ալիեւ հրաժարած է հնգակողմանի հանդիպումէն։ Նոյն ծիրին մէջ Պաքուէն տեղեկացուեցաւ, որ Ատրպէյճան չի փափաքիր տարածաշրջանի հարցերը քննարկել անկէ հեռու երկիրներու հետ՝ քանի առկայ հարցերը կրնան քննարկուիլ ու լուծուիլ տարածաշրջանային մակարդակով։ Ըստ Պաքուի աղբիւրներուն, Ատրպէյճան կրնայ համաձայնիլ Եւրոմիութեան միջնորդութեամբ եռակողմանի ձեւաչափով հանդիպման առաջարկի մը, եթէ այդ ձեւաչափը վերականգնուի։ Ընդգծուած է նաեւ, որ Ատրպէյճան պիտի հրաժարի մասնակցիլ որեւէ ձեւաչափով հանդիպման, որուն պիտի մասնակցի նաեւ Ֆրանսան։ Այս բոլորին զուգահեռ՝ երէկ հաղորդուեցաւ, որ նախագահ Էրտողանն ալ չեղարկած է Կրանատա այցելութիւնը։ Անգարա պաշտօնապէս ողջունած է Պաքուի քայլը։ Ըստ Երեւանի աղբիւրներուն, Փաշինեան յամենայնդէպս կը մեկնի Կրանատա։
Հանդիպման յետաձգումէն վերջ հեռախօսազրոյց մը տեղի ունեցաւ Ալիեւի եւ Շոլցի միջեւ, որոնք արժեւորեցին տարածաշրջանի իրավիճակը։