ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԵՐՈՎ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլուի գլխաւորութեամբ երէկ Չանքայայի ապարանքին մէջ տեղի ունեցաւ բարձր մակարդակի խորհրդակցութիւն մը՝ անվտանգութեան նիւթերու շուրջ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Ահմէտ Տավուտօղլու այս առթիւ հրահանգած է, որ յառաջիկայ ձմրան եւս ահաբեկչութեան դէմ գործողութիւնները շարունակուին անընդհատ։ Մինչ անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութեան դէմ Թուրք զինեալ ուժերուն կողմէ լայնածաւալ գործողութիւնները կը շարունակուին, երէկուան խորհրդակցութեան ընթացքին օրակարգի վրայ եկած են նաեւ Սուրիոյ իրադարձութիւնները, երկրի սահմաններէն դուրս «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման դէմ գործողութիւնները եւ միջազգային համախոհութեան հետ ձեռք առնուած միջոցները։
Միւս կողմէ, Հաքքեարիի Եիւքսէքօվա գաւառակին մէջ եւս ՓՔՔ-ի դէմ ազդու հարուածները կը շարունակուին զինեալ ուժերուն կողմէ։ Անգարայի աղբիւրները տեղեկացուցին, թէ Տաղլըճայի շրջանէն ներս 31 ահաբեկիչ մահացած է։ Գործողութիւններուն ընթացքին դժբախտաբար երկու զինուոր ալ նահատակուած է։