ՀԱՅՏՈՍԹԵԱՆ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ տեսակցեցաւ Պէյրութի Հայկազեան Հայագիտական համալսարանի վերատեսուչ Փոլ Հայտոսթեանի հետ, որ այս օրերուն կ՚այցելէ Երեւան։ Նախագահ Սարգսեան զրոյցի ընթացքին առաջին հերթին Հայկազեան համալսարանի 60-ամեայ յոբելեանին կապակցութեամբ շնորհաւորութիւններ յղեց Հայտոսթեանին։ Միեւնոյն ժամանակ ան գոհունակութիւն յայտնեց, թէ վերջին տարիներուն աշխուժացած է Հայկազեան համալսարանի եւ Երեւանի Պետական համալսարանի միջեւ համագործակցութիւնը։ Սարգսեանի համոզմամբ՝ այս մարզէն ներս պատկառելի ներուժը անհրաժեշտ է օգտագործել լիարժէք։ Կարեւորուեցաւ ուսանողներու փոխանակումներն ու փոխադարձ այցելութիւններու ծրագրերուն իրականացումը։ Զրուցակիցները ջերմութեամբ յիշեցին նաեւ 2012 թուականին Սերժ Սարգսեանի կողմէ Հայկազեան համալսարանին կատարած այցելութիւնը։
Փոլ Հայտոսթեան շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահին՝ ջերմ հիւրընկալութեան, Հայկազեան համալսարանի նկատմամբ հոգատար վերաբերմունքի, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդման ուղղութեամբ հետեւողականօրէն իրականացուող պետական քաղաքականութեան համար։