ՄԱՔՐԱԳՈՐԾՄԱՆ ՍՊԱՍՈՒՄ
Արտաքին գործոց նախարար Ֆերիտուն Սինիրլիօղլու երէկ Էրպիլի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Հիւսիսային Իրաքի Քրդական ինքնավարութեան ղեկավար Մեսուտ Պարզանիի հետ։ Մերձաւոր Արեւելքի հետազօտութիւններու կեդրոնին կողմէ կազմակերպուած MERI հարթակի 2015 թուականի ժողովին մասնակցելու համար Էրպիլ մեկնած էր Սինիրլիօղլու, որ Մեսուտ Պարզանիի առընթեր տեսակցեցաւ նաեւ Քրդական ինքնավարութեան վարչապետ Նեչիրվան Պարզանիի եւ այնտեղ իշխանութեան գլուխ գտնուող «Քիւրտիստանի հայրենասէրներու միութիւն» կուսակցութեան փոխ-ընդհանուր քարտուղար Պեհրամ Սալիհի հետ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, դռնփակ տեսակցութեան ընթացքին զրուցակիցները քննարկեցին տարածքաշրջանային զարգացումները, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ եւ Հիւսիսային Իրաքի Քրդական ինքնավարութեան յարաբերութիւնները։ Ըստ տեղական մամուլին մօտ լոյս տեսած մանրամասնութիւններուն, Ֆերիտուն Սինիրլիօղլու մատնանշած է, թէ Թուրքիոյ եւ Հիւսիսային Իրաքի Քրդական ինքնավարութեան միջեւ համագործակցութիւնը պէտք է զարգանայ բոլոր ուղղութիւններով եւ այս շրջագծին մէջ մասնաւորաբար կարեւորութիւն կը ներկայացնէ համագործակցութիւնը՝ տարածքաշրջանէ ներս ահաբեկչութեան բոլորովին վերջ տալու առաջադրութեամբ։ Սինիրլիօղլու շեշտած է, թէ Հիւսիսային Իրաքը պէտք է լրիւ մաքրագործուի ՓՔՔ-էն։ «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման դէմ պայքարին գծով ալ Անգարա պիտի շարունակէ համագործակցիլ Էրպիլի հետ։ Նկատի ունենալով, որ Անգարա չի նախընտրեր Սուրիոյ Հիւսիսային հատուածին ՓԵՏ-ի հակակշռին տակ գտնուիլը՝ թրքական կողմը փափաք յայտնած է, թէ այս ուղղութեամբ Մեսուտ Պարզանիի ղեկավարութիւնը հանդէս գայ աւելի մեծ աշխուժութեամբ։
Ֆերիտուն Սինիրլիօղլուի եւ Մեսուտ Պարզանիի զրոյցին ընթացքին շօշափուած է նաեւ քարիւղի փոխադրութեան նպատակով նոր մէկ ուղղութեան եւս հաստատման նիւթը։