ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան այսօր երկօրեայ աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Փարիզ՝ մասնակցելու համար ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ընդհանուր համաժողովի 38-րդ նստաշրջանին, որուն շրջագծով նախատեսուած է նաեւ իր ելոյթը։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Փարիզ մեկնելէ առաջ Նալպանտեան երէկ Երեւանի մէջ տեսակցեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեանի հետ։ Երկու նախարարները կարծիքներ փոխանցեցին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման բանակցային գործընթացին շուրջ։ Անդրադարձ կատարուեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու օրեր առաջ տեղի ունեցած տարածքաշրջանային վերջին այցելութեան։ Նախարարները համակարծիք են, որ միջնորդներու կողմէ ղարաբաղա-ատրպէյճանական սահմանի հատման ժամանակ Ատրպէյճանի կողմէ արձակուած կրակոցները եւ վերջին շրջանի սադրանքները կը հետապնդեն բանակցային գործընթացը տապալելու նպատակը։ Նալպանտեան եւ Միրզոյեան անդրադարձ կատարեցին նաեւ իրենց գլխաւորած նախարարութիւններու համագործակցութեան վերաբերեալ հարցերու շուրջ։ Հարկ է աւելցնել, որ Կարէն Միրզոյեան երէկ Երեւանի մէջ տեսակցեցաւ նաեւ Եւրոմիութեան Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ Հերպերթ Զալպէրի հետ։
Բաց աստի, Եդուարդ Նալպանտեան երէկ ընդունեց Եւրոմիութեան Արտաքին յարաբերութիւններու ծառայութեան Ռուսաստանի, Արեւելեան գործընկերութեան, Կեդրոնական Ասիոյ, տարածքաշրջանային համագործակցութեան եւ ԵԱՀԿ-ի հարցերով տնօրէն Կունար Վիքանտը, որ Երեւան այցելեց Հայաստան-Եւրոմիութիւն համագործակցութեան կոմիտէի ժողովին առթիւ։