ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ՎՐԱՍՏԱՆ ՍԱՀՄԱՆԻ ԲԱԳՐԱՏԱՇԷՆ ՄԱՔՍԱՏՈՒՆԸ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԱԾ
Հայաստան-Վրաստան սահմանի պայմանները բարելաւելու ուղղութեամբ երկու երկիրներուն կողմէ կը ծաւալուին հետեւողական աշխատանքներ։ Նոյնիսկ միջազգային կառոյցներու կողմէ կը խրախուսուի հայ-վրացական սահմանի մաքսակէտերուն արդիականացումն ու անցքերու պայմաններուն բարելաւումը։
Հայաստան-Վրաստան սահմանի ընդհանուր արդիւնաւէտութեան ուղղեալ այս աշխատանքները կը խրախուսուին մասնաւորապէս Եւրոպական Միութեան, ներդրումներու Եւրոպական դրամատան եւ ՄԱԿ-ի զարգացման ծրագրին կողմէ։
Երէկ, Հայաստան-Վրաստան սահմանի հայկական կողմին վրայ հանդիսաւոր արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ Բագրատաշէն, Բաւրա եւ Գոգաւան անցման կէտերու արդիականացման ծրագրին շրջագծով։ Բագրատաշէնի մաքսատունն ու սահմանային անցման կէտը վերջին շրջանին էապէս վերանորոգուած է հայկական կողմին ջանքերով։ Բոլոր կառոյցները ֆիզիքական վերանորոգութեան ենթարկուելու առընթեր, օժտուած են արդիական անհրաժեշտ սարքաւորումներով։
Երէկուան պաշտօնական բացման արարողութեան ներկայ գտնուեցան ոլորտի բարձրաստիճան պաշտօնատարները, որոնք կատարուած աշխատանքներուն առընչութեամբ լուսաբանութիւններ փոխանցեցին զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն։
Պաշտօնական բացման այս հանդիսաւոր արարողութեան պատուոյ հիւրերն էին Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Վրաստանի Վարչապետ Կիորկի Քվիրիքաշվիլի։ Այս առթիւ երկու ղեկավարները շրջայց մը կատարեցին վերանորոգեալ համալիրէն ներս։ Բագրատաշէնի սահմանային անցման կէտի նորակառոյց համալիրի բացման առթիւ Հայաստան անցած Քվիրիքաշվիլի ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցաւ Սարգսեանի կողմէ։ Երկու ղեկավարները ունեցան նաեւ առանձնազրոյց մը։ Միեւնոյն ժամանակ անոնք ծանօթացան հայ-վրացական «Բարեկամութեան կամուրջ»ի կառուցման նախապատրաստական աշխատանքներուն։ Կը նախատեսուի, որ այդ կամուրջի շինարարութիւնը սկսի յառաջիկայ տարի։