ՏԻԱՐՊԱՔԸՐԻ ՄԷՋ ԾԱՆՐ ՀԵՏԵՒԱՆՔ
Անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութեան կողմէ երէկ առաւօտ Տիարպաքըրի մէջ կազմակերպուած պայթումին արձագանգները կը շարունակուին։ Հանրային կարծիքին մօտ լուրջ ցասում յառաջացուցած է այս դէպքը՝ թիրախաւորած ըլլալով քաղաքային ժողովուրդը։
Երէկ, օրուան տեւողութեան յայտնի դարձաւ, թէ Տիարպաքըրի պայթումին զոհ գացած է ինն հոգի։ Վիրաւորեալներուն թիւն ալ հասած է հարիւրի սահմանին։
ԻՇԻՊ-Ի ԴԷՄ ՀԱՐՈՒԱԾ
Մինչ այդ, Թուրքիա կը շարունակէ նոյնաժամանակ պայքար մղել մէկէ աւելի ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ։ Երէկ, «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» (ԻՇԻՊ) ահաբեկչական խըմ-բաւորման յարձակման հետեւանքով նահատակուած էր թուրք զինուոր մը։ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութեան աղբիւրները այս առաւօտ հաղորդեցին, որ Սուրիոյ հիւսիսին Թուրք զինեալ ուժերը ոչնչացուցած են ԻՇԻՊ-ի 71 թիրախներ։