ՓԵՆԹԱԿՈՆԷՆ ՊԱՏԳԱՄ
Միացեալ Նահանգներու Պաշպանութեան փոխ-նախարարի տեղակալ Մայքըլ Քարփենթըր, որ վերջին օրերուն շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ, իր այցելութեան կապակցութեամբ հարցազրոյց մը տուաւ «Ազատութիւն» ռատիօկայանին։ Այս առթիւ ան յայտարարեց, որ ԱՄՆ եւ Հայաստան կը քննարկեն ռազմական համագործակցութիւնը ընդլայնելու հնարաւորութիւնը։
Ուաշինկթընի մէջ բաւարարուա՞ծ են հայ-ամերիկեան ռազմական համագործակցութեան ներկայ մակարդակով։ Կա՞ն արդեօք խոչընդոտներ այս ուղղութեամբ՝ նկատի ունենալով, որ Հայաստան կ՚անդամակցի ՀԱՊԿ-ին եւ Ռուսաստանի հետ ունի ռազմական սերտ յարաբերութիւններ։ Ի պատասխան՝ Փենթակոնի բարձրաստիճան պաշտօնատարը ըսած է հետեւեալը.
«Հայաստանի հետ հիանալի համագործակցութիւն ունինք շարք մը ոլորտներու մէջ։ Հայաստան կը մասնակցի Աֆղանիստանի «Վճռական աջակցութիւն» (Resolute Support) առաքելութեան, իր զօրքով կը նպաստէ Քոսովայի մէջ «Քէյֆոր» (Kfor) առաքելութեան։ Սա կ՚ապացուցանէ, որ պատրաստ է եւ ի վիճակի է իր նպաստը բերելու միջազգային զանազան խաղաղապահ ջանքերուն։ Ունինք շատ լաւ գործընկերութիւն Հայաստանի հետ։ Այստեղ վերապատրաստումներ եւ համատեղ զօրավարժութիւններ կ՚իրականացնենք, կ՚ունենանք առողջ քննարկումներ, խորհրդակցութիւններ։ Այնպէս, որ ընդհանուր առմամբ, մենք շատ գոհ ենք համագործակցութեան մակարդակէն։ Ի հարկէ, կը փափաքինք այդ մէկը խորացնել եւ ընել աւելին։ Սա այստեղ իմ քննարկումներու հարցերէն մին է, թէ ո՞ր ուղղութեամբ կրնանք ընդլայնել մեր վերապատրաստումները։ Մինչ այստեղ գալս, ականատես եղայ, թէ ինչպէս ամերիկացի զինուորականները կը վերապատրաստեն հայ ռազմական բժիշկները՝ մարդկային կեանքեր փրկելու համար։ Ուրախալի է, տեսնել, որ այս ջանքերը կու տան պտուղներ։ Եւ այժմ մենք կը դիտարկենք համագործակցութիւնը ընդլայնելու հնարաւորութիւնները»։
Անդրադառնալով ռուս-ամերիկեան առկայ հակասութիւններուն եւ անոնց հայ-ամերիկեան ռազմական ու քաղաքական յարաբերութիւններուն վրայ հաւանական ազդեցութեան՝ Քարփենթըր մատնանշած է հետեւեալը. «Չեմ թաքցներ այն փաստը, որ ԱՄՆ եւ Ռուսաստան ներկայիս ունին շատ բարդ յարաբերութիւններ։ Մենք տարակարծութիւններ ունինք բազմաթիւ հարցերու մէջ։ Մեզի համար անընդունելի է Ռուսաստանի կողմէ Ուքրայնոյ ինքնիշխանութեան ոտնահարումը։ Մենք համաձայն չենք Սուրիոյ մէջ Ռուսաստանի ռազմական միջամտութեան եւ կը կարծենք, որ այդ մէկը իւղ կը լեցնէ Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմի կրակին վրայ։ Չեմ թաքցներ, որ բազմաթիւ ուղղութիւններով ունինք հակադիր տեսակէտներ, թէ ինչպէս պէտք է լուծել զանազան հակամարտութիւնները։ Սակայն, այստեղ՝ Հայաստանի մէջ եւ տարածքաշրջանէ ներս մենք գործընկերներ ենք, իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներ ու մենք ձգտած ենք համագործակցաբար աշխատիլ այս տարածքաշրջանէն ներս։ Մեր շահերուն կը համապատասխանէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան դիւանագիտական լուծման հասնիլը։ Այնպէս որ, մենք պատրաստ ենք աշխատիլ մեր ռուս գործընկերներուն հետ ու փորձել այդ լուծումը գտնել, եթէ սա հնարաւոր է»։
Ռուսաստան ռազմակայան ունի Հայաստանի մէջ։ Սա մտահոգութեան պատճառ մը չէ՞ ԱՄՆ-ի համար։ Հայաստան ռուսերուն կողմէ կրնայ օգտագործուիլ՝ ռազմական նպատակներու համար։ Այս առընչութեամբ Մայքըլ Քարփենթըր յայտնած է հետեւեալը. «Մենք հակասութիւններ ունինք Ռուսաստանի հետ 2008 թուականին Վրաստանի եւ 2014 թուականին Ուքրայնոյ մէջ կատարուած իր գործողութիւններուն վերաբերեալ։ Չենք կարծեր, որ 21-րդ դարուն պետութիւններուն յարիր է խախտել միջազգային իրաւունքի հիմնական սկզբունքները, որոնց շարքին են երկիրներու ինքնիշխանութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը եւ սահմաններու անխախտելիութիւնը։ Եւ երբ Ռուսաստանի նման երկիր մը ռազմական միջամտութիւն կ՚իրականացնէ Վրաստանի կամ Ուքրայնոյ մէջ՝ փորձելով թելադրել այդ երկիրներուն, թէ անոնք ինչպիսի ապագայ պէտք է ունենան. մենք կը համարենք, որ սա տեղին չէ։ Բայց նոյն սկզբունքով Հայաստանն ալ իրաւունք ունի որոշելու իր արտաքին քաղաքականութեան ուղղութիւնը։ Եւ եթէ Հայաստան գոհ է Ռուսաստանի հետ իր ունեցած յարաբերութիւններով, ապա մենք եւս գոհ ենք։ Մենք որեւէ ձեւով չենք փափաքիր զսպել Հայաստանի յարաբերութիւնները Ռուսաստանի հետ։ Սա Հայաստանի ինքնիշխան ընտրութիւնն է»։
Հարցազրոյցի տեւողութեան Փենթակոնի բարձրաստիճան պաշտօնատարը ընդգծած է, որ Ռուսաստանի կողմէ սպառազինութեան մատակարարումը լրջօրէն կ՚ապակայունացնէ իրավիճակը։ ԱՄՆ-ի Պաշտպանութեան նախարարութենէն ներս Քարփենթըր պատասխանատու է սովորական սպառազինութիւններու վերահսկման ուղղութեամբ։ Ռուսաստան, ԱՄՆ եւ Ֆրանսա ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներն են։ Ռուսաստան մեծածաւալ սպառազինութիւն կը վաճառէ Ատրպէյճանին։ Ամերիկեան կողմը ի՞նչ կը մտածէ այս իրավիճակին շուրջ։ Սա ի՞նչ կը նշանակէ տարածքաշրջանին ու ղարաբաղեան հակամարտութեան տեսակէտէ։ Ի պատախան Մայքըլ Քարփենթըր նշած է, որ սա ցաւալի է եւ իրավիճակը լրջօրէն կ՚ապակայունացնէ, երբ որեւէ երկիր սպառազինութեան մատակարարումներ կ՚իրականացնէ տարածքաշրջանի մը մէջ, ու ամէն ամիս շփման գծի երկայնքով երկու կողմերէն զոհեր կ՚ըլլան։ «Կը կարծեմ, թէ երկրի մը համար, որ միջնորդ կը հանդիսանայ, զէնք վաճառելը կամ տրամադրելը յարիր չէ։ Մեր քաղաքականութիւնը, գիտէք այն կէտին վրայ կը բիւրեղանայ, որ չտրամադրենք յաւելեալ ռազմական հնարաւորութիւններ։ Սա չի նշանակեր, որ մենք չունինք պաշտպանութեան ոլորտէն ներս յարաբերութիւններ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի հետ։ Բայց կը կարծեմ, որ այսպիսի տարածքաշրջան մը զէնք ու ռազմական միջոցներ մատակարարելը հակամարտութեան խաղաղ լուծման ճանապարհը չէ», ըսաւ ան։
Միթէ ամերիկեան կողմը այս հարցը քննարկա՞ծ է ռուսերուն հետ։ Քարփենթըրի պատասխանը. «Մենք քննարկած ենք այդ հարցը։ Ըստ էութեան, Ռուսաստանի հետ բաց երկխօսութեան մէջ ենք շարք մը հարցերու շուրջ, ներառեալ այստեղի վիճակը, Ուքրայնոյ եւ Սուրիոյ վերաբերեալ հարցերը։ Ի դէպ, թոյլ տուէք հետեւեալը ըսել Ռուսաստանի հետ մեր յարաբերութիւններուն մասին։ Թէեւ իմ նշած բազմաթիւ հարցերու շուրջ մենք ունինք տարաձայնութիւններ, այնուամենայնիւ, մենք կը փորձենք պահպանել երկխօսութիւնը եւ համագործակցիլ այնտեղ, ուր հնարաւոր է։ Հետեւաբար, եթէ սա հնարաւոր է ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի շրջանակներէն ներս, ապա մենք, ի հարկէ, սա կ՚ընենք։ Ցայսօր, ըստ էութեան, ունեցած ենք ողջամիտ համագործակցութիւն այդ ձեւաչափին մէջ եւ այլ ոլորտներու մէջ։ Նկատի ունիմ, որ դուռը բաց կը պահենք՝ ռուսերուն հետ Սուրիոյ հարցին շուրջ խօսելու եւ ընդհանուր եզրեր գտնելու համար։ Թէեւ՝ պէտք է ըսեմ, որ ներկայիս չենք գտներ այդ բանը։ Հետագային եւս պիտի շարունակենք փնտռել ընդհանուր եզրեր»։
Լեռնային Ղարաբաղի մէջ նոր պատերազմի մը ծագման մտահոգութիւններուն առընչութեամբ ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատարը ընդգծած է հետեւալը. «Տեսէ՛ք, այնտեղ իրավիճակը շատ լարուած է։ Այն իրադարձութիւնները, որոնց ականատես եղանք Ապրիլին, վառ ապացոյցներն են այս բանին։ Այն փաստը, որ, ինչպէս արդէն նշեցի, շփման գծի երկայնքով զոհեր եղած են՝ ցոյց կու տայ, որ այս հակամարտութիւնը ամենեւին սառեցուած չէ։ Մենք մտահոգուած ենք, որ հաւանական է լարուածութեան աճիլը։ Վտանգաւոր իրավիճակ մըն է եւ այս իրավիճակը ցոյց կու տայ, որ անհրաժեշտ է հնարաւորինս շուտ գտնել դիւանագիտական լուծումը»։
Մայքըլ Քարփենթըր պատասխանած է նաեւ հարցումի մը՝ Թուրքիոյ վերաբերեալ։ Հաշուի առնելով Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւնները՝ սպառնալիք մը գոյացա՞ծ է տարածքաշրջանին համար։ Թուքիոյ եւ անոր շուրջ ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ գնահատականը բացատրելով՝ Քարփենթըր ըսած է հետեւեալը.
«Թուրքիա ՆԱԹՕ-ի դաշնակիցն է ու կարեւոր գործընկեր մը տարածքաշրջանէն ներս։ Ան դերակատարութիւն ունի զանազան տարածքաշրջաններէ ներս՝ Միջերկրական ծովի արեւելեան հատուածէն ներս, Պալքաններու մէջ, դէպի հիւսիս եւ Հարաւային Կովկաս։ Մենք լաւ յարաբերութիւններ ունինք Հայաստանի հետ։ Այնպէս որ, մենք կը տեսնենք մեր դերը՝ (ու այստեղ ես կը խօսիմ Միացեալ Նահանգներու, Փենթակոնի մասին) կամուրջ ծառայել Հայաստանի եւ Թուրքիոյ, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ եւ տարածքաշրջանէ ներս իր զանազան գործընկերներուն միջեւ։ Մենք, անշուշտ, սերտ յարաբերութիւններ ունինք մեր թուրք գործընկերներուն հետ՝ որեւէ սպառնալիքի դիմակայելու հարցին մէջ, ներառեալ Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ ԻՇԻՊ-ը («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում) պարտութեան մատնելը եւ աշխարհի վրայ անոր տարածումը կանխելը, ինչ որ մեր ազգային անվտանգութեան առաջնահերթութիւններէն է»։