«ԱՐՑԱԽ ՈՐԵՒԷ ԱՊԱԳԱՅ ՉՈՒՆԻ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԿԱԶՄԻՆ ՄԷՋ»

Հայկական դիւանագիտութիւնը կը շարունակէ բազմակողմանի նախաձեռնութիւններով հանդէս գալ Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմի մթնոլորտին մէջ։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ մասնակցեցաւ Եւրոխորհուրդի նախարարներու կոմիտէի 130-րդ նստաշրջանին։ Առցանց ժողովի ընթացքին ան ունեցաւ ելոյթ մը, որու ժամանակ անդրադարձաւ Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած լայնածաւալ բռնութիւններու հետեւանքներուն՝ պատերազմի յանցագործութիւններով եւ մարդու իրաւանց խախտումներով հանդերձ։ Նախարար Մնացականեան պատերազմի ընթացքին շուրջ այս առաւօտ ալ ելոյթ մը ունեցաւ Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս։ Խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու, ելմտավարկային եւ պիւտճէի հարցերու մշտական յանձնաժողովներու նիստին ժամանակ ան ամփոփեց պատերազմի ընթացքը։

«Մենք աշխարհի վրայ բարեկամներու պակաս չունինք», ըսաւ Մնացականեան եւ աւելցուց, որ Արցախի առկայ գոյութենական պայքարը հայ ժողովուրդը կը տանի իր ուժերով։ Բայց Հայաստան ունի նաեւ անհրաժեշտ համագործակցութեան բոլոր եղանակներն ու հնարաւորութիւնները, որոնք այսօրուայ պայմաններուն ներքեւ կ՚օգտագործուին ու պէտք է օգտագործուին հնարաւորինս աշխոյժ ձեւով։ «Մենք եղած ենք ու կը մնանք միջազգային յարաբերութիւններու ինքնիշխան անդամ, կը հետապնդենք մեր շահերը», ըսաւ Մնացականեան եւ աւելցուց, որ հայ ժողովուրդը ներկայիս կը պայքարի փաստացիօրէն երեք թշնամիի դէմ։ Անոնք են՝ Ատրպէյճանը, միջազգային ահաբեկիչ զինեալները եւ Թուրքիան։ «Ես չեմ գիտեր՝ Պաքուի մէջ ի՞նչ կը մտածէին, երբ կը ներքաշէին ահաբեկիչ զինեալները պատերազմին», ըսաւ Մնացականեան ու շեշտեց, որ տարածքաշրջանէ ներս ահաբեկիչ զինեալներու յայտնուիլը առաւել քան մարտահրաւէր մըն է շատ աւելի լայն ամբողջի մը մէջ։ Սա միայն հայկական կողմին չի վերաբերիր եւ լուրջ հետեւանքներ կրնայ ունենալ։ Սա վտանգ է ամբողջ տարածքաշրջանին համար եւ տարածքաշրջանէն դուրս։ «Սա նոր իրողութիւն մըն է մեր տարածքաշրջանէն ներս, ինչ որ յառաջ կը բերէ գերակայութիւններու նոր շրջանակ», ըսաւ նախարարը։

Խորհրդարանական յանձնաժողովներու համատեղ նիստէն վերջ Մնացականեան զրուցեց նաեւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ։ «Արցախ Ատրպէյճանի կազմին մէջ չէ ունեցած ու չունի որեւէ ապագայ։ Նման իրավիճակը կը նշանակէ առանց հայերու Արցախ մը. սա պիտի չըլլայ», ըսաւ Մնացականեան ու շեշտեց, որ Արցախի ինքնուրոյն ըլլալու հարցը հայկական կողմին տեսակէտէ նոր չէ։ Այսօրուայ իրողութիւններն ու իրավիճակը առաւել կ՚ընդգծեն այն պարզ ճշմարտութիւնը, թէ սա գերակայութիւն է։

Մնացականեան դիտել տուաւ նաեւ, որ հայկական կողմը սկզբունքօրէն հիմնական իր բոլոր գործընկերներուն հետ կ՚աշխատի անմիջականօրէն՝ բոլոր մակարդակներով ու առանց երբեք նպատակէն շեղելու։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 5, 2020