ԿԵԱՆՔԸ ՔԱՐՈՒՔԱՆԴ

Արդէն շուրջ քառասուն օրէ ի վեր Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմը ընթացքի մէջ է։ Քարուքանդ է կեանքը Արցախի մէջ։ Հակամարտութեան գօտիէն ներս մարդկային ողբերգութիւնը ամէն օր կ՚ունենայ անհաւատալիօրէն ցնցիչ դրսեւորումներ։ Ստեղծուած պատկերը, առանց չափազանցութեան, ամօթալի է մարդկային տեսակէտէ։ Յամենայնդէպս, պատերազմը կ՚ընթանայ անգութօրէն՝ պարտադրելով իր կանոնները։ Դաշտի վրայ ռազմական գործողութիւնները կ՚ընթանան ամբողջ թափով։

Ստեփանակերտի աղբիւրները այս առաւօտ հաղորդեցին, որ Ատրպէյճանի զօրքերը կը հրետակոծեն Բերձորը, Շուշին ու յարակից բնակավայրերը։ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքն ալ օրուայ սկիզբին վերստին թիրախաւորուեցաւ. Սիւնիքի մարզի Դաւիթ Բէկ գիւղը ենթարկուեցաւ հրետակոծութեան։ Ըստ հայկական աղբիւրներու, այս օրը ընդհանրապէս սկսաւ սաստիկ մարտերով։ Գիշերուայ ժամերու ռազմաճակատի բոլոր ուղղութիւններուն վրայ պահպանուած յարաբերական կայուն լարուածութենէն վերջ, լուսադէմին Ատրպէյճանի զօրքերը վերսկսան կրակ տեղացնել խաղաղ բնակավայրերու վրայ։ Մարտունիի ուղղութեամբ ծանր հրետանի կիրառեց Ատրպէյճանի բանակը, որ Շուշիի եւ շրջակայքի պարագային զանազան զինատեսակներ օգտագործեց հրետակոծութեան համար։ Ռազմաճակատի հիւսիսային հատուածին վրայ ալ Ատրպէյճանի ստորաբաժանումները երկու յարձակման փորձ իրականացուցին, սակայն կասեցուեցան։ Բաց աստի, Ատրպէյճանի զօրքերը այս առաւօտ ռազմաճակատի արեւելեան հատուածէն ներս ալ ձեռնարկեցին լայնածաւալ յարձակումի մը։ Արցախի Պաշտպանութեան բանակը յաջողած է դիմադրութիւն ցուցաբերել՝ պատճառելով կորուստներ։

Այս առաւօտեան թէժ իրադարձութիւններէն առաջ, հայկական աղբիւրները երէկ օրուան տեւողութեան պարբերաբար հաղորդումներ կատարեցին ռազմաճակատի իրադարձութիւններուն շուրջ։ Այս ամբողջին մէջ մասնաւորապէս ուշագրաւ էր Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի հերթական անգամ հրետակոծուիլը։ Ռումբերէն մին զուգադիպեցաւ Ստեփանակերտի դպրոցներէն մէկուն մօտակայքը, ուր մեծ փոս մը բացուեցաւ։ Բնակելի թաղամասերն ալ նոյնպէս կրակի տակ ինկան։ Մինչ այս բոլորը կը պատահէին, Ստեփանակերտի մէջ խումբ մը լրագրողներ ալ հրետակոծութեան տակ մնացին՝ իրենց մասնագիտական աշխատանքը կատարելու ժամանակ։ Ուրիշ ցաւալի պատահար մըն ալ բժիշկ Սաշա Ռուստամեանի նահատակուիլն էր։ Ան վիրաւորեալ զինուորի մը օգնութիւն փութացնելու համար առաջնագիծ աճապարելու ժամանակ ինկաւ Ատրպէյճանի բանակի ներթափանցման խումբի ծուղակին մէջ եւ զոհուեցաւ։ Երեւանի Պետական բժշկական համալսարանը այս կապակցութեամբ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը՝ սգալով Սաշա Ռուստամեանի կորուստը։

Երէկ առաւօտեան բոլոր իրադարձութիւնները արդէն կը յուշէին, թէ օրը պիտի ըլլար ծանր։ Մարտունին միշտ պահուեցաւ կրակի տակ, իսկ Շուշիի պարագային ալ նուազ թէժ չէին գործողութիւններն ու յարձակումները։ Արցախի Պաշտպանութեան բանակը զանազան տեսանիւթեր հրապարակեց Շուշիի վրայ գործուած յարձակումներու կասեցման մասին։ Յամենայնդէպս, բերդաքաղաքը վերջնականօրէն վտանգէ զերծ չեն կրցած պահել հայկական բանակի ստորաբաժանումները։ Արցախի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Շուշի-Բերձոր ճանապարհի որոշ հատուածներ ժամանակաւորապէս փակուած են քաղաքացիական բնակչութեան երթեւեկութեան, որովհետեւ Պաշտպանութեան բանակը կ՚իրականացնէ Ատրպէյճանի զօրքերու ներթափանցման խումբերու որոնողական գործողութիւններ։ Սա արդէն կ՚ապացուցանէ, որ Ատրպէյճան այս ուղղութեան վրայ կը յառաջանայ ազդու ձեւով։ Վերջին հաշուով, ռազմաճակատի հարաւային ուղղութիւնը ճակատագրական պատկեր մը կը պարզէ։ Այդ հատուածին վրայ կը խտանան բախումները։ Արցախի Պաշտպանութեան բանակը երէկուայ լրահոսին մէջ տեղեկացուցած էր նաեւ, որ Բերձորէն դէպի հարաւ-արեւելք զուգադիպած շրջաններէն ներս Ատրպէյճանի կողմէ ձեռնարկուած յարձակումները կասեցուած են։

Երէկ գիշերուայ ժամերուն Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Շուշան Ստեփանեան ընկերային ցանցերու միջոցաւ տեղեկացուց, որ Գեղարքունիքի մարզի ուղղութեամբ ալ շարժման անցած են Ատրպէյճանի զօրքերը։ Հայաստանի բանակի հակաօդային պաշտպանութեան ստորաբաժանումները Գեղարքունիքի մարզէն ներս խոցած են Ատպէյճանի չորս անօդաչու թռչող սարքերը։

Հայկական միասնական տեղեկատուութեան կեդրոնէն ներս, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան երէկ երեկոյեան սարքեց հերթական մամլոյ ասուլիսը, որու ընթացքին մասնաւորապէս ուշադրութիւն հրաւիրեց նաեւ ռազմաճակատի հիւսիսային եւ հիւսիս-արեւելեան ուղղութիւններով Ատրպէյճանի կողմէ իրականացուած յարձակումներուն վրայ։ Ընդհանուր առմամբ, ան նշեց, որ հայկական կողմի տեսակէտէ կացութիւնը այսօրուան բաղդատմամբ շատ աւելի ծանր էր 10-15 օր առաջ։ «Ես չեմ ըսեր, թէ ամենածանր օրերը անցած են։ Մի գուցէ դարձեալ մեզի համար կ՚ըլլան ծանր օրեր, բայց ես կը կարծեմ, թէ 10-15 օր առաջ վիճակը աւելի ծանր եղած էր։ Հիմա մեր թէ՛ ներուժը, թէ՛ ինքնակազմակերպուածութիւնը, թէ՛ կառավարումը եւ թէ շատ այլ գործօններ աւելի լաւ վիճակի մէջ են», յայտնեց Արծրուն Յովհաննիսեան։

Միւս կողմէ, Յովհաննիսեան տեղեկացուց, որ Արցախի նախկին պաշտպանութեան նախարար Ճալալ Յարութիւնեանի առողջական վիճակը զարգացում կ՚արձանագրէ։ Ան վիրաւորուած էր ռազմաճակատի վրայ եւ պարտաւորուած փոխանցել իր պաշտօնը։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 5, 2020