ՓՈՒԹԻՆ ՀԵՏԵՒՈՂԱԿԱՆ

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին հերթական անգամ անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան։ Ըստ իրեն, Ռուսաստան հնարաւոր ամէն ինչ կ՚ընէ, որպէսզի Հարաւային Կովկասէ ներս հակամարտութիւնը կարելի չափով արագ աւարտի։ «ՌԻԱ Նովոստի» գործակալութեան հաղորդումներով, Փութին վստահութիւն յայտնեց, թէ հակամարտ կողմերը կրնան իրենց նպատակներուն հասնիլ խաղաղ բանակցային գործընթացի միջոցաւ։ Իր խօսքով՝ Մոսկուա կ՚ընէ իրմէ կախեալ ամէն ինչ, որպէսզի Հարաւային Կովկասի մէջ հակամարտութիւնը հնարաւորինս արագ աւարտի ու պահպանուին մարդկային կեանքերը, որոնք կանգնած են իրարու դիմաց եւ ցաւալիօրէն զիրար կը տեսնեն հրացաններու եւ ինքնաձիգներու նշանառութեան միջոցաւ եւ զէնք կ՚օգտագործեն իրարու դիմաց։ Փութին ըսաւ. «Ամէն պարագային մենք կապի մէջ ենք թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Ատրպէյճանի հետ։ Կը յուսամ, թէ մենք կը յաջողինք արդիւնքի հասնիլ. այն ալ այնպիսի հիմքով մը, որ շահեկան ըլլայ տարածքաշրջանէ ներս բնակող բոլոր մարդոց համար»։ Ռուս ղեկավարը շեշտեց, որ այդ նպատակին կարելի է հասնիլ խաղաղ ճանապարհով։

Հարկ է նշել, որ Փութին այս յայտարարութիւնները ըրաւ խումբ մը կրօնական առաջնորդներու հետ ունեցած հանդիպման ժամանակ։ Քրեմլինի աղբիւրներու հաղորդումներով, Փութին երէկ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին անդրադարձաւ նաեւ Սպիտակ Ռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի հետ ունեցած հեռախօսազրոյցի ընթացքին։ Հարկ է նշել, որ Սպիտակ Ռուսիա ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի անդամ պետութիւններէն մին է։

Փութինի առընթեր Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանին ալ երէկ հերթական անգամ անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։ Ատրպէյճանի զօրքերուն ներառնուած վարձկաններու խնդրին կտրուածքով ան կանգ առաւ հարցին վրայ եւ ընդգծեց, որ իր երկրին համար շատ կարեւոր է Իրանի սահմաններուն մօտ ահաբեկիչներու չըլլալը։ Հասան Ռուհանի Արցախի ռազմական գործողութիւններուն մասին խօսեցաւ Իրանի կառավարութեան երէկուան ժողովին ընթացքին։ «Մեր երկու հարեւանները սեպտեմբեր ամիսէն ի վեր ռազմական բախումներու մէջ են։ Մեր Արտաքին գործոց նախարարութիւնը այս հարցին մէջ աշխոյժ եղած է ու զինեալ ուժերն ալ զգօնութեամբ կը վերահսկեն մեր սահմաններու անվտանգութիւնը։ Մեզի համար շատ մեծ նշանակութիւն ունի մեր սահմաններու անվտանգութիւնը եւ շատ կարեւոր է մեր սահմաններու մօտ ահաբեկիչներու չըլլալը», ըսաւ Ռուհանի եւ յոյս յայտնեց, թէ պատերազմի հետեւանքով երկիրներու աշխարհագրական սահմանները չեն փոխուիր։ Ռուհանի աւելցուց, որ Իրանի տեսակէտները կողմերուն ներկայացուած են եւ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը շատ յարմար նախագիծ մը մշակած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ բախումներու վերջ տալու եւ խաղաղութիւն հաստատելու համար։ Ռուհանի յոյս յայտնեց, թէ այդ մէկը յաջողութեամբ կը պսակուի։

Մոսկուայէն եւ Թեհրանէն բարձրացած այս ձայներուն զուգահեռ «Forbes»ի մէջ պաշտպանութեան ոլորտի մասնագէտ Փոլ Իտոն հրապարակեց խորհրդածութիւն մը, ըստ որու Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ աւելի կը սաստկանայ այն մտահոգութիւնը, թէ մարտերը կրնան տարածքաշրջանային միւս տէրութիւնները աւելի մեծ հակամարտութեան մը ներքաշել։ Ըստ իրեն, արդէն կան որոշ նախանշաններ, ըստ որոնց տարածքաշրջանային երեք մեծ տէրութիւնները՝ Ռուսաստան, Թուրքիա եւ Իրան կողմնակի դիտորդի դերին մէջ պիտի չմնան։ Ըստ նոյն խորհրդածութեան, Թուրքիա սահմանափակած էր իր միջամտութիւնը Հարաւային Կովկասի տարածքաշրջանէն ներս՝ զգուշօրէն խուսափելով Ռուսաստանի ազդեցութեան գօտիի իրադարձութիւններուն միջամտելէ։ Բայց այս տարի Թուրքիա ուժեղացուց աջակցութիւնը Ատրպէյճանի կառավարութեան՝ ներառեալ անցեալ օգոստոսի համատեղ զօրավարժութիւնները։ Բաց աստի, սեպտեմբերին 77.1 միլիոն տոլար արժողութեամբ թրքական ռազմական միջոցներ վաճառուած են Ատրպէյճանին։ Ատրպէյճանի ի նպաստ Թուրքիոյ աջակցութեան աճը եւ Ռուսաստան-Հայաստան համատեղ պաշտպանութեան պայմանագիրը մտահոգութիւն կը յառաջացնեն, որովհետեւ Լեռնային Ղարաբաղը կրնայ դառնալ Ռուսաստան-Թուրքիա պաղ պատերազմի մը նոր թատերաբեմը՝ Սուրիայէն ու Լիպիայէն վերջ։

Իրան եւս հետզհետէ աւելի կը դժգոհի տարածքաշրջանէ ներս առկայ բռնութիւններէն։ Մեկնաբանը յիշեցուցած է, որ Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆ վերջերս լուրջ մտահոգութիւն յայտնած էր Սուրիայէն եւ Լիպիայէն ապօրինի զինեալ խմբաւորումներու գրոհայիններու հակամարտութեան ներգրաւման կապակցութեամբ։ Յօդուածին մէջ նշուած էր, որ անոնք ի աջակցութիւն Ատրպէյճանի, տեղակայուած են Թուրքիոյ կողմէ։ Թէեւ Իրան դժուար թէ որեւէ սահմանային միջամտութեամբ ներգրաւուի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան, սակայն ան կրնայ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ վրայ ճնշում բանեցնել՝ ռազմական գործողութիւններու շուտափոյթ դադրեցման սպասումով։

Այս տուեալներու լոյսին տակ Հայաստանի «Ժողովուրդ» թերթին մէջ արձագանգ գտան լուրեր, ըստ որոնց վարձկան-ահաբեկիչները Ատրպէյճանէն ստացուած անցագրերով կը ներթափանցեն Ռուսաստան։

ՊԱՔՈՒ ՄԻՇՏ ԿԸ ՀԵՐՔԷ

Մինչ վարձկան գրոհայիններու Ատրպէյճանի զօրքերուն ներառուած ըլլալու վերաբերեալ լուրերը կը վերահաստատուին ու կը վերահիմնաւորուին գրեթէ ամէն օր, Պաքուի ղեկավարութիւնն ալ հանդէս կու գայ իրերայաջորդ հերքումներով։ Իտալական թերթի մը տուած հարցազրոյցին մէջ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ հերքեց այդ տեղեկութիւնները եւ ըսաւ. «Մեզի վարձկաններ պէտք չեն, մենք լաւ սպառազինուած հարիւր հազարանոց բանակ մը ունինք»։ Բաց աստի, Ալիեւ խօսեցաւ Թուրքիոյ կողմէ Ատրպէյճանին ցուցաբերուած աջակցութեան մասին՝ ընդգծելով, որ սա բացառապէս քաղաքական ու բարոյական է։ Ատրպէյճանի ղեկավարը հերթական անգամ յայտնեց նաեւ, որ իր երկիրը Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրը կրնայ լուծել ուժային ճանապարհով։ «Մենք մշտապէս բանակցութիւններու պատրաստակամութիւն արտայայտած ենք, սակայն պատրաստ ենք այս հարցը լուծելու նաեւ զէնքը ձեռքին, ինչ որ այժմ կ՚իրականացուի։ Որեւէ թոյլտուութիւն պէտք չէ մեր գրաւեալ տարածքները ազատագրելու համար», ըսաւ Ալիեւ։

Նոյն հարցազրոյցին մէջ Ալիեւ պնդեց, որ հայկական կողմը ունի վարձկաններ, ՓՔՔ-ականներ կը կռուին անոր համար եւ աշխարհ պէտք է իմանայ այս մասին։ «Մենք գիտենք այս բանը, յայտնի է, ինչպէս արդէն ապացուցուած է», աւելցուց ան։

Միջնորդ երկիրներու պարագային շուրջ ալ խօսեցաւ Իլհամ Ալիեւ եւ յայտնեց, որ անոնք պարտաւոր են չէզոք ըլլալ՝ անկախ Հայաստանի հետ իրենց ունեցած կապերէն։ «Սա միակ ուղին է, այլապէս երկիրը կը կորսնցնէ միջնորդելու իրաւունքը», դիտել տուաւ Ալիեւ։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 5, 2020