ԱՐԱՐԱՏ ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ. «ՊԱՔՈՒԻ ՍԱԴՐԻՉ ԸՆԹԱՑՔԸ Կ՚ԱԶԴԷ ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԻ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ»

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարեց, որ Հարաւային Կովկասի մէջ իրավիճակը անկայուն է Ատրպէյճանի ապակառուցողական գործողութիւններու հետեւանքով։ «Հակառակ, որ Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի եռակողմանի յայտարարութիւնով վերջ տրուած է ռազմավարական գործողութիւններուն, իրավիճակը կը մնայ անկայուն։ Սա կապուած է համապատասխան եռակողմանի յայտարարութիւնով Ատրպէյճանի կողմէ ստանձնուած պարտաւորութիւններէն մի քանի հատի չկատարումով, մասնաւորապէս՝ որոշ դրոյթներու խեղաթիւրումով, ռազմագերիներու եւ պատանդներու չվերադարձուելով, ինչպէս նաեւ ակրեսիւ հռետորաբանութեամբ», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ Հայաստան պիտի շարունակէ ջանքեր գործադրել տարածաշրջանէ ներս կայունութեան վերականգնման համար։

Նախարար Արարատ Միրզոյեան Փարիզի «Les Nouvelless d'Arménie» ամսագրին տուած ծաւալուն հարցազրոյցին մէջ շեշտեց, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը կը շարունակէ մնալ չլուծուած եւ պէտք է համապարփակ լուծում ունենայ՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան լիազօրութեան շրջանակներէն ներս, խաղաղ բանակցութիւններու միջոցաւ։ Ըստ իրեն, Ատրպէյճան թէեւ կը շարունակէ յայտարարել, որ Լեռնային Ղարաբաղ եւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւն գոյութիւն չունին, սակայն, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրները, նաեւ բազմաթիւ այլ պետութիւններ կը բաժնեն հայկական կողմի վերոյիշեալ դիրքորոշումը։ «Հայաստանի Հանրապետութիւնը հանդէս կու գայ հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացի լիարժէք վերսկսման դիրքերէն», ընդգծեց նախարարը՝ այս առումով կարեւորելով Նիւ Եորքի մէջ համանախագահներու եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարին հետ իր ունեցած հանդիպումը։

Առկայ փխրուն իրավիճակի լոյսին տակ Արարատ Միրզոյեան վստահութիւն յայտնեց, թէ այլ երկիրներու կողմէ համապատասխան քաղաքական կամքի դրսեւորման եւ շինիչ քայլերու իրականացման պարագային պիտի ստեղծուին բոլոր անհրաժեշտ նախադրեալները՝ վերոնշեալ օրակարգի շուրջ աշխոյժ քննարկումներու ձեռնարկելու համար։

Թէ ի՞նչ փուլի մէջ են այն բանակցութիւնները, որոնք կ՚ընթանան հայ ռազմագերիներու ազատ արձակման ուղղութեամբ։ Նախարարը այս հարցման ի պատասխան ըսաւ. «Հայաստան հետեւողական աշխատանք կը տանի գերիներու շուտափոյթ հայրենադարձման ուղղութեամբ։ Մեզի համար կը շարունակէ առաջնային խնդիր մնալ հայ ռազմագերիներու եւ քաղաքացիական պատանդներու շուտափոյթ վերադարձի հարցը։ Պատերազմի աւարտէն յետոյ 100-է աւելի գերի վերադարձած է Հայաստան։ Այդուհանդերձ, կոպտօրէն խախտելով միջազգային մարդասիրական իրաւունքի, Ժընեւի պայմանագրերու եւ 9 նոյեմբեր 2020 թուականի հրադադարի եռակողմանի յայտարարութեան 8-րդ կէտի պահանջները՝ Ատրպէյճան դեռեւս չէ վերադարձուցած բոլոր գերիները, որոնք պատանդ վերցուած են իր կողմէ։ Հայաստան հետեւողական աշխատանք կը տանի մեր հայրենակիցներու շուտափոյթ հայրենադարձման ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ բոլոր առիթներն ու ձեւաչափերը կ՚օգտագործէ միջազգային ամպիոններէն հարցը բարձրաձայնելու եւ յառաջ տանելու նպատակով»։

Այս բոլորէն վերջ Արարատ Միրզոյեան ընդգծած է, որ Երեւան կը շարունակէ ջանքեր գործադրել՝ տարածաշրջանէ ներս տեւական կայունութիւն հաստատելու համար։ Իր խօսքով՝ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու բացակայութիւնը, փակ սահմանները, 44-օրեայ պատերազմին Թուրքիոյ բացայայտ ներգրաւումը այս օրերուն Թուրքիայէն հնչած՝ այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»ի վերաբերեալ յայտարարութիւնները ժըխ-տական ազդեցութիւն կը գործեն տարածաշրջանի կայունութեան վրայ։

Յետպատերազմեան իրավիճակի մէջ օրակարգի վրայ եկած բոլոր վարկածներով եւ սպասումներով հանդերձ, Արարատ Միրզոյեան շեշտեց, որ ներկայ պահու դրութեամբ Թուրքիոյ հետ որեւէ բանակցային գործընթաց չ՚ընթանար։

Միւս կողմէ, երէկ Միրզոյեան ընդունեց Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) դիտարկման յանձնաժողովէն ներս Հայաստանի պարտաւորութիւններու գծով համազեկուցողները՝ Քիմօ Քիլիւնէն (Ֆինլանտիա) եւ Պորիանա Ապէրկը (Շուէտ), որոնք շփումներ ունեցան Երեւանի մէջ։ Նախարարը այս առթիւ նշեց, որ Արցախի երկրորդ պատերազմի սանձազերծումով Ատրպէյճան խախտած է Եւրոխորհուրդի առջեւ ստանձնած պարտաւորութիւնը, որով յանձնառու էր Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը խաղաղ ճանապարհով կարգաւորելու։

Եւրոպացի համազեկուցողներու հետ տեսակցութեան ընթացքին Հայաստանի Մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեանն ալ հերթական անգամ կանգ առած է սահմանամերձ շրջաններու մօտակայքին անվտանգութեան ապառազմականացեալ գօտի մը ստեղծելու անհրաժեշտութիւնը՝ բնակչութեան իրաւունքները երաշխաւորելու համար։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 5, 2021