ԿԱՐԳԱՒՈՐՄԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահէ Գէորեան յայտարարեց, որ մօտաւոր ապագային պայմաններ պիտի ստեղծուին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման ուղղեալ գործընթացի լիարժէք վերահսկման համար։ Ըստ իրեն, մօտակայ ժամանակներուն ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեամբ նոր հանդիպումներ պիտի ըլլան Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի միջեւ։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, փոխ-նախարար Գէորգեան երէկ Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս մասնակցութիւն բերաւ մշտական յանձնաժողովներու համատեղ նիստին՝ 2022 թուականի պետական պիւտճէի նախագծի քննարկումներու ծիրէն ներս։ Այս առթիւ ան պատասխանեց նաեւ երեսփոխաններու հարցումներուն։ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խըմ-բակի համանախագահներու աշխատանքի աշխուժացման արդիւնքներուն վերաբերեալ հարցումի մը պատասխանելով Վահէ Գէորգեան ըսաւ. «Կը կարծեմ՝ ամենամեծ արդիւնքն էր սեպտեմբերի 23-ին եւ 24-ին Նիւ Եորքի մէջ, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեամբ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարի եւ եռանախագահներու առանձին հանդիպումը, որուն հետեւեցաւ նաեւ համանախագահութեան մասնակցութեամբ ու միջնորդութեամբ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը։ Համանախագհները հանդիպումէն յետոյ հանդէս եկան յայտարարութեամբ, որով վերահաստատեցին, թէ իրենք կը գործեն իրենց լիազօրութեան շրջանակներէն ներս, ինչ որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորումն է։ Կը կարծեմ՝ այս փուլին սա շատ կարեւոր արձանագրում մըն է։ Մենք պիտի շարունակենք մեր ջանքերը այս ուղղութեամբ եւ կը կարծեմ, մօտ ժամանակներուն կ՚ըլլան նոր հանդիպումներ եւ նոր պայմաններ կը ստեղծուին հաշտութեան գործընթացի լիարժէք վերականգնման համար»։

Խորհրդարանէ ներս տեղի ունեցած նիստի ժամանակ ուրիշ հարցումի մը պատասխանելով՝ փոխ-նախարարը յայտնեց, որ Արցախի հայութիւնը չի կրնար ապրիլ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան ներքեւ։ Այս մասին յստակ ցոյց կու տայ այն ինչ, որ տեղի ունեցած է Արցախի թէ՛ առաջին եւ թէ երկրորդ պատերազմի ընթացքին։ Այսինքն, Պաքու փաստացիօրէն յառաջ կը տանի բնաջնջման քաղաքականութիւնը։ «Լաւագոյն ապացոյցը այսօր Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներէ ներս հայերու ի սպառ բացակայութիւնն է։ Կը կարծեմ՝ այն մօտեցումը, թէ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան ներքեւ Արցախի հայութեան կը սպառնայ ոչնչացում, ճշմարտացի է։ Այս վստահելի թեզը մենք յառաջ կը մղենք թէ՛ մեր խօսոյթին մէջ եւ թէ բանակցութիւններու ընթացքին», շարունակեց ան։

Խորհրդարանէ ներս Վահէ Գէորգեան խօսեցաւ նաեւ տարածաշրջանի հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման նիւթին շուրջ։ «Տարածաշրջանի ապաշրջափակման գործընթացը չի կրնար տեղի ունենալ Հայաստանի անվտանգութեան, ինքնիշխանութեան եւ կենսական շահերու հաշուոյն», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ Երեւանի արտաքին քաղաքականութեան կարեւոր ուղղութիւններէն մին է՝ տարածաշրջանէ ներս խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատումը։ Ան յիշեցուց, որ ապաշրջափակման համար ստեղծուած է Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի փոխ-վարչապետներու գլխաւորութեամբ եռակողմանի աշխատանքային խումբ մը։

«Տարածաշրջանէ ներս խաղաղ ու փոխադարձ շահաւէտ գոյակցութեան մթնոլորտի ձեւաւորման հիմքին է նաեւ տարածաշրջանի ապաշրջափակումը։ Այս տեսանկիւնէն կարեւոր նշանակութիւն ունի 11 յունուար 2021 թուականի եռակողմանի յայտարարութեան դրոյթներու իրագործումը։ Տարածաշրջանի ապաշրջափակման գործընթացի արդիւնաւէտ իրագործումը հնարաւոր է բոլոր դերակատարներու կողմէ շինիչ դիրքորոշման ցուցաբերման եւ գործնական քայլերու իրականացման պարագային», ըսաւ ան։

Բաց աստի, Հայաստանի բարեփոխումներու, տնտեսական եւ ենթակառուցուածքային զարգացման աջակցութիւնը կը մնայ հայկական դիւանագիտութեան առաջնահերթ խնդիրներէն մին ու սերտօրէն կապուած է համապարփակ անվտանգութեան հետ։ Իր խօսքով՝ այս առընչութեամբ աշխատանքները հիմնականին մէջ ուղղուած են երկկողմանի տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման, փոխկապակցուածութեան ենթակառուցուածքային ծրագրերու կեանքի կոչման, արտածման խթանման, առեւտրատնտեսական համագործակցութեան համար համապատասխան հարթակներու ձեւաւորման։ Փոխ-նախարարը դիտել տուաւ, որ Հայաստան պիտի շարունակէ իր միջազգային գործընկերներուն հետ փոխշահաւէտ համագործակցութեան հետեւողական խորացումն ու ընդլայնումը՝ երկկողմանի կամ բազմակողմանի ձեւաչափերով անհրաժեշտ նախադրեալներ եւ պայմաններ ստեղծելու բոլոր ուղղութիւններով։

Այլ հարցումի մը պատասխանելով՝ Վահէ Գէորգեան նշեց, որ Հայաստան հետեւողական պիտի ըլլայ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու վերականգնման եւ պաշտպանութեան հարցին մէջ ու ջանքեր պիտի գործադրէ՝ երաշխաւորելու համար իր հայրենիքին մէջ անվտանգ ու արժանապատիւ ապրելու անոր իրաւունքը։ Ուստի, ան ներկայ փուլին առաջնային նշանակութիւնով հարց նկատեց հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացի վերսկսումը՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան լիազօրութեան ներքեւ, ինչպէս նաեւ հրատապ մարդասիրական հարցերու լուծումը՝ ներառեալ գերիներու, պատանդներու վերադարձը, կորսուածներու եւ բռնի անհետացածներու ճակատագրի պարզումը, հայկական մշակութային ժառանգութեան պահպանումը։ «Նախորդ տարի աշնան Արցախի եւ անոր բնակչութեան դէմ Ատրպէյճանի սանձազերծած բռնութեան հետեւանքով, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքի դէմ նկրտումներով պայմանաւորուած՝ Երեւանի արտաքին քաղաքականութեան կարեւորագոյն ուղղութիւններէն մին կը մնայ Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան ապահովումը, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորումը, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային խաղաղութեան, կայունութեան հաստատումը եւ ապաշրջափակումը։ Արցախի հիմնախնդրին վերաբերեալ Հայաստանի սկզբունքային դիրքորոշումը բազմիցս արտայայտուած է։ Ան կը նախատեսէ միջազգային լիազօրութեամբ միակ ձեւաչափի՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան հովանաւորութեան ներքեւ հասնիլ համապարփակ եւ տեւական կարգաւորման՝ հիմնուած յայտնի սկզբունքներու եւ տարրերու վրայ, ինչ որ կ՚ենթադրէ Արցախի վերջնական կարգավիճակի յստակեցումը՝ հաշուի առնելով տեղւոյն հայութեան ինքնորոշման անքակտելի իրաւունքի իրացումը», շարունակեց ան։

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման ու սահմանագծման անդրադառնալով՝ Վահէ Գէորգեան նշեց, որ այս կապակցութեամբ ներկայիս բանակցութիւններ չեն ընթանար։ Ուստի, վաղաժամ կը համարուի այս գործընթացի իրականացման վերաբերեալ յըս-տակ քարտէսներու եւ փաստաթուղթերու մասին խօսիլը։ «Քանի տակաւին նման բանակցութիւններ չկան, վաղաժամ է ըսել, թէ ինչ քարտէսներով ու փաստաթուղթերով կ՚առաջնորդուինք», դիտել տուաւ ան։

Բացի երեսփոխաններու հարցումներուն պատասխանելէ, փոխ-նախարարը խորհրդարանէ ներս զրուցեց նաեւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ։ Այս փուլին լրագրողներ իր նկատառման յանձնեցին այն լուրերը, ըստ որոնց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատըր-պէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ քննարկուած է՝ Հարաւային Կովկասի համար նախատեսուած «3+3» ձեւաչափը։ Փոխ-նախարարը դիտել տուաւ, որ այդ լուրերը իրականութեան չեն համապատասխաներ։ Մամլոյ սպասաւոր մը հարց տուաւ նաեւ, որ կրնա՞յ վստահեցնել, թէ յառաջիկային պիտի չստորագրուի Հայաստանի պետական շահերու ներհակ որեւէ փաստաթուղթ։ Զանազան լրատուամիջոցներ կը տեղեկացնեն, որ այս հարցումը մնացած է անպատասխան։

ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ

Միւս կողմէ, Փարիզի պաշտօնական աղբիւրները հաղորդեցին, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակէն ներս Ֆրանսայի ներկայացուցիչը փոխուած է։ Այսպէս, Սթեֆան Վիսքոնթիի փոխարէն համանախագահ նշանակուած է Պորիս Ռոքֆէյլ։ Այս վերջինը Ֆրանսայի դեսպանը եղած է կարգ մը մայրաքաղաքներու մէջ, իսկ 2000-ականներուն քաղաքական խորհրդականի պաշտօն վարած է՝ Մոսկուայի եւ Անգարայի ֆրանսական դեսպանատուներէն ներս։

Հարկ է յիշեցնել, որ անցեալ յուլիսին ալ Մոսկուայի կողմէ առնուած էր նման քայլ մը։ Ռուսաստան ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ կարգած էր Իկոր Խովաեւը, որ յաջորդեց Իկոր Փոփովին։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 5, 2021