ՄԵՒԼԻՒՏ ՉԱՎՈՒՇՕՂԼՈՒ ԿՐԿՆԵՑ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՊԱՏՐԱՍՏԱԿԱՄՈՒԹԻՒՆԸ ԵՐԵՒԱՆԻ ՆԿԱՏՄԱՄԲ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու հերթական անգամ նշեց, որ Անգարա պատրաստակամ է Երեւանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ։

Ազգային մեծ ժողովէն ներս, Մեւլիւտ Չավուշօղլու ելոյթ մը ունեցաւ ծրագրաւորման ու պիւտճէի յանձնաժողովի նիստին ժամանակ, մինչ կը քննարկուէր 2022 թուականի պիւտճէի նախագիծը։

«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Չավուշօղլու այս փուլին դիտել տուաւ, որ Թուրքիա աշխուժօրէն Ռուսաստանի հետ կը շփուի բազմաթիւ արդիական հարցերու շուրջ՝ ներառեալ Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակը, Սուրիան եւ Լիպիան։ «Կան դիրքորոշումներու տարբերութիւններ, սակայն, կողմերը հաւատարիմ կը մնան շինիչ երկխօսութեան՝ ազգային շահերէ բխած զգայուն հարցերու փոխադարձ նկատառմամբ։ Սա մասնաւորապէս կը վերաբերի Ուքրայնային», ըսաւ նախարարը։

Անդրադառնալով Հարաւային Կովկասի իրավիճակին՝ Չավուշօղլու նշեց, որ տարածաշրջանէ ներս յոյս կայ փոփոխութիւններու ու վերափոխումներու համար։ Ըստ իրեն, պատերազմի աւարտելէն վերջ տարածաշրջանը երկարաժամկէտ խաղաղութեան պատմական հնարաւորութիւն մը ստացած է։ Ան կրկնեց, որ Անգարա պատրաստ է Երեւանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին։ «Մենք կը յուսանք, թէ Հայաստան կ՚օգտագործէ այս հնարաւորութիւնը տարածաշրջանէ ներս խաղաղութեան ու զարգացման համար», նշեց Չավուշօղլու։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 5, 2021