ԱՄՆ-Ի ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ՕՐԸ

Այսօր, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի կ՚ունենայ նախագահական ընտրութիւն։ Դեմոկրատ կուսակցութեան կողմէ առաջադրուած՝ այժմու փոխ-նախագահ Քամալա Հարիսի եւ Հանրապետական կուսակցութեան կողմէ առաջադրուած՝ նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփի ընտրապայքարը ի վերջոյ կ՚եզրափակուի՝ ամբողջ միջազգային հանրութեան անմիջական ուշադրութեան պայմաններուն ներքեւ։

ԱՄՆ-ի ներքին օրակարգին տեսակէտէ, բնականաբար, նախընտրական շրջանին բուռն բանավէճի մթնոլորտին մէջ արծարծուեցան բազում խնդիրներ՝ մինչ հարցախոյզներու արդիւնքները ցոյց կու տան, թէ երկու թեկնածուներն ալ գրեթէ համահաւասար ժողովրդականութիւն կը վայելեն այս պահու դրութեամբ։

Միւս կողմէ, Հարիս եւ Թրամփ տարբեր առաջնահերթութիւններով կ՚ընկալեն միջազգային օրակարգի թէժ իրադարձութիւնները, ուստի, անոնց արտաքին քաղաքական առաջնահերթութիւնները յառաջիկային կրնան պայմանաւորել համաշխարհային հրատապ օրակարգին ընթացքը։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 5, 2024