ԳԵՐԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ՋԱՆՔԵՐ

Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի մէջ ի պահ դրուած հայ գերիներու եւ պատանդներու չվերադարձուելու պարագային ճիշդ չի համարեր՝ Պաքուի մէջ նախատեսուած COP29 կլիմայի փոփոխութեան գագաթաժողովին մասնակցութիւնը։ Ան աւելցուց, որ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ՝ Քազանի իրենց վերջին հանդիպման ընթացքին քննարկած են հայ գերիներու հարցը։ «Խօսակցութիւնը նոյնն է՝ խաղաղութեան հաստատում, հաղորդակցութիւններու բացում եւ գերիներու մասով քննարկում», աւելցուց ան։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Ալէն Սիմոնեան լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին տեղեկացուց նաեւ, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան կը քննարկեն, թէ ո՛ր հատուածէն պիտի շարունակեն սահմանազատման աշխատանքները։ Սիմոնեան յոյս յայտնեց, թէ գործընթացը կ՚ունենայ դրական ընթացք։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 5, 2024