ՆԱԽՆԱԿԱՆ ՀԱՇՈՒԱՐԿՆԵՐ

Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Գնել Սանոսեան յայտարարեց, որ արդէն պատկերացումներ կան, թէ Կարս-Կիւմրի երկաթուղիի վերագործարկումը որքան ժամանակ ու միջոցներ կը պահանջէ։ Ան յիշեցուց, որ այս հարցը միջոց մը առաջ քննարկած էր հաղորդակցութեան նախարար Ապտիւլքատիր Ուրալօղլուի հետ Իսթանպուլի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին։ Այդ զրոյցի ընթացքին նախարարները խօսած են այն հնարաւորութիւններուն եւ ենթակառուցուածքներուն մասին, որոնք չեն օգտագործուիր։ Նախարարները շօշափած են, թէ անոնց օգտուելու պարագային ինչ հնարաւորութիւններ կրնան յառաջանալ թէ՛ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի եւ թէ տարածաշրջանի համար։ Ուրալօղլու եւ Սանոսեան քննարկած են նաեւ Հայաստանի կառավարութեան «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը։ «Նախնական պատկերացումներ կան, թէ ինչքան կրնան տեւել վերականգնման աշխատանքները եւ որքան ելմտական միջոց կը պահանջեն անոնք», ըսաւ Սանոսեան եւ աւելցուց, թէ Ուրալօղլուի հետ ծաւալած են լաւ ու արդիւնաւէտ քննարկում մը։ «Եթէ ընդհանուր քննարկումները յառաջ երթան, ապա այդ նախնական միտքերը, հաշուարկները կը կեդրոնացուին, զանոնք նախագիծի տեսք կը ստանան ու կեանքի կը կոչուին», ըսաւ ան։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս, 2025 թուականի պետական պիւտճէի քննարկումներու ծիրին մէջ, մշտական յանձնաժողովներու համատեղ նիստի ընթացքին Գնել Սանոսեան յայտնեց, որ հիւսիս-հարաւ ծրագրի բաղադրիչներէն Երեւան-Կիւմրի ճանապարհը պատրաստ պիտի ըլլայ յաջորդ տարի։ Նախարար Սանոսեան այս փուլին երեսփոխաններուն տեղեկացուց, որ այս տարի Հայաստան առաջին անգամ Իրանէն աւելի շատ կազ պիտի ներածէ։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 5, 2024